ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ այ­ցե­լեց Ուր­ֆա։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Սու­րիոյ վեր­ջին դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով խոյս տա­լով Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տան գտած հայ ըն­տա­նիք­նե­րու կա­ցու­թեան հետ հե­տաքրք­րուե­լու հա­մար այս այ­ցե­լու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցուց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն օ­դա­նա­ւով մեկ­նե­ցաւ Ուր­ֆա, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեա­նի։ Պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու կող­մէ դի­մա­ւո­րուե­լէ վերջ ան ցա­մա­քի ճամ­բով ճա­նա­պարհ կտրեց շուրջ 50 վայր­կեան եւ հա­սաւ Սու­րուչ, ուր կը գտնուի ա­պաս­տա­նեալ­նե­րուն վրան-ա­ւա­նը։ Տեղ­ւոյն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Իս­քէն­տէր Եիւք­սէ­լի կող­մէ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը, ո­րուն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցուե­ցան այդ ա­ւա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ։

Պատ­րիար­քա­րա­նին կող­մէ թո­ղար­կուած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թեան բո­վան­դա­կած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով, ներ­կա­յիս 26 հա­զար հո­գի կը գտնուի այս վրան-ա­ւա­նին մէջ։  Ստորեւ կը ներկայացնենք այս պաշտօնական հաղորդագրութիւնը.

Ըստ տուեալ­նե­րու, 19 Սեպ­տեմ­բեր 2014-էն սկսեալ, մօ­տա­ւո­րա­պէս 200 հազար սու­րիա­ցի սահ­մա­նը ան­ցած եւ ա­պաս­տա­նած է Թուր­քիա։ Սոյն ա­պաս­տա­նեալ­նե­րը, Ուր­ֆա­յի եւ շրջա­կայ քա­ղաք­նե­րու մէջ հիւ­րա­սի­րուած են տեղ­ւոյն ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ, նոյ­նիսկ ի­րենց տու­նե­րուն մէջ։ Ի­րենց հա­մար ե­ղած է ջու­րի օգ­նու­թիւն, բան մը, որ ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րիքն էր բո­լո­րին հա­մար։ Իսկ, քառասունհինգ օ­րուան մէջ կա­ռու­ցուած է Ա­ՖԱՏ բնա­կա­վայ­րը, որ կը բաղ­կա­նայ տասնհինգ թա­ղա­մա­սե­րէ եւ բո­լորն ալ ու­նին ի­րենց մէջ ընտ­րուած  գիւ­ղա­պետ­ներ։ Այս­տեղ կը գտնուին դպրոց, հի­ւան­դա­նոց, աշ­խա­տա­նոց եւ այլ հաս­տա­տու­թիւն­ներ։ Դպրո­ցին մէջ ներ­կա­յիս կ­՚ու­սա­նին 6 հազար ա­շա­կերտներ, ո­րոնց կը դա­սա­ւան­դեն սու­րիա­ցի ու­սու­ցիչ­ներ։ Բնա­կա­րան­նե­րուն մէջ կը գտնուին մաք­րու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ կազ­մած­ներ։ Բնա­կա­վայ­րի մէջ կը գտնուի  շու­կայ, ուր կա­րե­լի է սննդե­ղէ­նի ա­ռեւ­տուր կա­տա­րել։ Իւ­րա­քան­չիւ­րի խո­հա­նո­ցի կա­րի­քին հա­մար յատ­կա­ցուած է ամ­սա­կան 85 լի­րա։ Բաց աս­տի, ջու­րի, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան ծախ­սե­րը կը դի­մագ­րա­ւէ պե­տու­թիւ­նը։

Սրբա­զան Հայ­րը նախ այ­ցե­լեց վրան մը, ուր կը ցու­ցադ­րուէին նկար­ներ։ Ա­պա, պա­տա­սա­խա­նա­տու տնօ­րէ­նի սե­նեա­կին մէջ ծա­նօ­թա­ցաւ Քոպա­նիի մէջ սպան­նուած Յով­սէփ Թով­մա­սեա­նի (45 տա­րե­կան) եղ­բայր­նե­րուն՝ Յա­կոբ (60 տա­րե­կան), Սե­րովբ (51 տա­րե­կան) եւ եղ­բօ­րոր­դի՝ Րաֆ­ֆի (17 տա­րե­կան) Թով­մա­սեան­նե­րու հետ։ Ա­ւե­լի վերջ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը, Սու­րու­չի գա­ւա­ռա­պետ Ապ­տուլ­լահ Չիֆթ­ճի եւ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ հրա­ւի­րուե­ցան Թով­մա­սան­նե­րու բնա­կա­րա­նը։ Այս­տեղ Յա­կոբ Թով­մա­սեան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ ի­րենց չա­րա­բախտ ճամ­բոր­դու­թեան մա­սին, յայտ­նեց, թէ լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նէին տեղ­ւոյն ժո­ղո­վուր­դին հետ եւ ը­սաւ. «Սահ­մա­նի վրայ էինք։ Լաւ գի­տէինք, որ ե­թէ մնա­յինք, ար­դէն իսկ պի­տի սպան­նուէինք։ Իսկ հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին կը մտա­ծէինք, թէ սահ­մա­նը անց­նե­լէ յե­տոյ տեղ­ւոյն ժո­ղո­վուր­դը պի­տի սպան­նէր մեզ։ Սա­կայն յոյս մը ու­նէինք, որ ե­թէ սահ­մա­նէն անց­նէինք, մեզ կրնա­յին խնա­յել որ­պէս ա­պաս­տա­նեալ­ներ, ո­րով­հե­տեւ ու­րիշ լաւ օ­րի­նակ­ներ ալ ու­նէինք մեր առ­ջեւ։ Այս­պէս քա­ջա­լե­րուած, երբ սահ­մա­նը ան­ցանք, տե­սանք, թէ ի զուր էին մեր նա­խա­պա­շա­րում­նե­րը։ Այս­տեղ բա­րե­կա­մու­թեամբ դի­մա­ւո­րուե­ցանք եւ ի տես այս ե­րե­ւոյ­թին, մխի­թա­րուե­ցանք։ Այժմ թէեւ մեր ծննդա­վայ­րէն հե­ռու ենք, բայց եր­ջա­նիկ ենք բա­րե­կամ­ներ ու­նե­նա­լով։ Այս­տեղ շատ լաւ վե­րա­բեր­մունք ցոյց կը տրուի մե­զի։ Ե­րախ­տա­պարտ ենք բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կը հե­տաքրք­րուին մեզ­մով»։

Զրոյ­ցէն յե­տոյ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ բաժ­նուե­ցան եւ հո­գե­ւոր հայ­րե­րու ա­ռիթ ստեղ­ծե­ցին, որպէսզի զրու­ցեն ա­պաս­տեա­նեալ­նե­րուն հետ։ Մօ­տա­ւո­րա­պէս 45 վայր­կեան ըն­տա­նիք­նե­րու հետ անձ­նա­կան զրոյց տեղի ունե­ցաւ։ Սրբա­զան Հայ­րը ըն­տա­նիք­նե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցաւ եւ մխի­թա­րա­կան խօս­քե­րով՝ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ու հայ հա­մայն­քին զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց։ Մաս­նա­ւո­րա­բար ե­րա­խա­նե­րու պա­րա­գա­յին հարց տուաւ, թէ ինչ­պէ՛ս կրնա­յին օգ­նել ի­րենց։ Սրբա­զան Հայ­րը հա­մայն­քէն եր­կու բա­րե­րար­նե­րու ու­ղար­կած նուի­րա­տուու­թիւ­նը յանձ­նեց ըն­տա­նիք­նե­րուն։ Այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին «Պահ­պա­նիչ» ա­ղօթ­քը ար­տա­սա­նեց։ Թով­մա­սեան ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը ի­րենց ե­րախ­տա­գի­տու­թիւնն ու գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին, սոյն այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ։ Անոնք ըսին, թէ տխուր ճամ­բոր­դու­թե­նէ մը յե­տոյ ներ­կա­յիս իս­կա­պէս լաւ պայ­ման­նե­րու մէջ էին։ Մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին ի­րենց հետ հե­տաքրք­րուող բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն։ Ի մաս­նա­ւո­րի հո­գե­ւո­րա­կա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը հո­գե­կան մխի­թա­րու­թիւն էր ի­րենց հա­մար։

Թով­մա­սեան ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներն են. Յա­կոբ, Ֆե­րուզ, Զար­միկ, Սօ­սի, Րաֆ­ֆի, Լիա­նա, Ա­բիկ, Սե­րովբ, Րաֆ­ֆի, Շանթ, Մա­րալ, Մայք, Յա­կոբ, Ա­բիկ, Յով­սէփ, Է­լօ, Վար­դու­հի, Ա­րամ, Կա­րօ։

Թով­մա­սեան ըն­տա­նի­քի բնա­կա­րա­նէն հրա­ժեշտ առ­նե­լէ յե­տոյ Սրբա­զան Հայ­րը այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Սու­րու­չի գա­ւա­ռա­պետ Ապ­տուլ­լահ Չիֆթ­չիին, Ա­ՖԱՏ-ի պաշ­տօ­նա­տե­ղիին մէջ։ Այս­տեղ ներ­կայ ե­ղան նաեւ տնօ­րէն Մեհ­մէտ Հան Էօզ­տէ­միր եւ այլ պաշ­տօ­նա­կան ան­ձեր։ Սրբա­զան Հայ­րը ան­գամ մը եւս գո­հու­նա­կու­թիւն ու շնոր­հա­ւո­րու­թիւ­ն յայտ­նեց Թուր­քիոյ պե­տու­թեան, որ ա­ռանց կրօն­ի եւ ցե­ղի խտրութեան կը հո­գար ա­պաս­տա­նեալ ըն­տա­նիք­նե­րու ծով կա­րիք­նե­րը։ Ա­ՖԱՏ-ի վրա­նա­կերտ բնա­կա­վայ­րը իս­կա­պէս հսկա­յա­կան աշ­խա­տու­թիւն մըն էր։ Աշ­խա­տու­թիւ­նը որ­քան գնա­հա­տե­լի, այն­քան ալ զար­մա­նա­լի էր, քա­նի որ կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը քառա-սունհինգ օ­րուան կար­ճա­տեւ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ ա­ւար­տած էին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ըն­ծա­յուած հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար ու կա­րո­ղու­թիւն մաղ­թեց բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն։ Մօ­տա­ւո­րա­պէս երեք ժա­մուան կե­ցու­թե­նէ յե­տոյ Սրբա­զան Հայրն ու Տրդատ Քա­հա­նան ժա­մը 13.00-ին հրա­ժեշտ ա­ռին Սու­րու­չէն։ 

Յետմի­ջօ­րէին քա­ղա­քի զա­նա­զան տե­սար­ժան վայ­րե­րը այ­ցե­լու­թիւն տրուե­ցաւ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս հե­տաքրք­րա­կան էին Յոբ Ե­րա­նե­լիի եւ Աբ­րա­համ Նա­հա­պե­տի հետ առընչուած վայ­րե­րը։ Ա­ռա­ջի­նը քա­րայր մըն է, ուր ըստ տե­ղա­կան ա­ւան­դու­թեան Յոբ Ե­րա­նե­լին իր հի­ւան­դու­թեան օ­րե­րուն այս­տեղ ճգնած եւ ա­պա գե­տէն բխած ջու­րով ա­պա­քի­նած էր։ Երկ­րոր­դը՝ շա­տե­րուն ծա­նօթ «Պա­լըք­լը կէօլ»ը եւ կամ այլ ա­նու­նով՝ «Հա­լիլ իւլ ռահ­ման»ն է։ Ըստ տե­ղա­կան ա­ւան­դու­թեան՝ Հայր Աբ­րա­համ այս­տեղ ծնած եւ եր­կար տա­րի­ներ ապ­րած է։ Թա­գա­ւո­րը երբ զին­քը սպան­նել կ­՚ու­զէ, սա­կայն կա­տա­րուած փոր­ձը Աս­տու­ծոյ մի­ջամ­տու­թեամբ կը ձա­խո­ղի։ Այս տե­սար­ժան վայ­րե­րու շար­քին այ­ցե­լու­թիւն տրուե­ցաւ Կերմիւշ (եր­բեմ­նի Կար­մունջ) գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցին, որ 19-րդ դա­րուն կա­ռու­ցուած է եւ ու­նի չորս գմբէթ­ներ։

Ժա­մը 15.15-ին, Սրբա­զան Հայ­րը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Տրդատ Քա­հա­նա­յի, քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն տուաւ կու­սա­կալ Իզ­զեթ­թին Քիւ­չիւ­քի։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ըն­ծա­յուած ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար։ Իր շնոր­հա­ւո­րանքն ու գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց ի տես ա­պաս­տա­նեալ­նե­րու հա­մար կա­տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Այս աշ­խա­տանք­նե­րով Թուր­քիա մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեանց տե­սա­կէ­տէ օ­րի­նակ հան­դի­սա­ցած էր։ Ընդգ­ծեց, թէ ա­պաս­տա­նեալ­նե­րու կար­գին հայ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներ եւս կը վա­յե­լէին ըն­ծա­յուած օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը։ Կու­սա­կալ Քիւ­չիւք իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Սրբա­զան Հօր այ­ցե­լու­թեան հա­մար։ Ան յայտ­նեց, թէ հա­մայն Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին կը գտնուէին 140 հազար ա­պաս­տա­նեալ­ներ, իսկ միայն Ուր­ֆա­յի մէջ կար 520 հազար, ո­րոնց հա­մար հաս­տա­տուած էին  վեց տար­բեր բնա­կա­վայ­րեր։ Թուր­քիան 5 միլիառ տո­լար կը յատ­կաց­նէր ա­պաս­տա­նեալ­նե­րուն, ա­ռանց կրօն­ի, ցե­ղի խտրու­թեան ու կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քը կը հա­մա­րուէր որ­պէս մարդ­կա­յին օ­ժան­դա­կու­թիւն։

Սրբա­զան Հայ­րը ի յի­շա­տակ այս այ­ցե­լու­թեան կու­սա­կա­լին նուի­րեց Հա­յաս­տան­ցի վար­պետ­նե­րու ձե­ռա­գործ՝ փայ­տեայ պտղա­ման մը։ Իսկ կու­սա­կա­լը նուի­րեց Ուր­ֆա­յի շրջա­նի յա­տուկ սուր­ճի կազ­մած մը։ Մօ­տա­ւո­րա­պէս կէս ժա­մուան հան­դի­պու­մէն յե­տոյ այ­ցե­լու­ներ հրա­ժեշտ տուին կու­սա­կալ Քիւ­չիւ­քէն։

Սրբա­զան Հայրն ու Տէր Հայ­րը քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն մըն ալ տուին Ուր­ֆա­յի գլխաւոր քա­ղա­քա­պետ Ճե­լա­լետ­տին Կիւ­վեն­ճին։ Այս ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին եւս Սրբա­զան Հայ­րը իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց ա­պաս­տա­նեալ­նե­րու նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած հո­գա­ծու­թեան։ Յար­գե­լի քա­ղա­քա­պե­տը յայտ­նեց, թէ որ­պէս քա­ղա­քա­պե­տա­րան ի­րենց կա­րե­լիու­թեանց սահ­ման­նե­րուն մէջ կը ջա­նա­ն ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­նալ մար­դա­սի­րա­կան այս աշ­խա­տու­թեանց։

Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րէն յե­տոյ Սրբա­զան Հայ­րը հիւ­րա­սի­րուե­ցաւ «Նեւալի» պանդոկին մէջ, ուր հիւրասիրուեցաւ վար­չու­թեան փոխ-ա­տե­նա­պետ Չե­թին Աս­լա­նի կող­մէ, որ նա­խա­գահն է նաեւ Քա­ղա­քակր­թու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան հե­տազօտ­ման կեդ­րո­նի միու­թեան (ՈՒՐՖԱՄ)։ Ներ­կայ էր նաեւ միու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­մէթ Ին­ճէ։ Միու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան գլխա­ւոր նպա­տակն էր վե­րա­կանգ­նել Ուր­ֆա­յի մշա­կու­թա­յին, կրօ­նա­կան յու­շար­ձան­նե­րը։ Այս առ­թիւ  Չեթին Աս­լան հրա­ւէր ուղ­ղեց ա­պա­գա­յին կա­տա­րե­լի բա­նա­խօ­սու­թեանց Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար։

Սրբա­զան Հայրն ու Տէր Հայ­րը ե­րե­կո­յեան վե­րա­դար­ձան Իսթան­պուլ, ուր դի­մա­ւո­րուե­ցան Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեա­նի կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2015