ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԱՐԵԼԻ ՈՒ ԿԵՆՍԱԿԱՆ
Փարիզի հայաբնակ արուարձաններէն Ալֆորվիլի մէջ «Գէորգ Արապեան» վարժարանի բացման արձագանգները կը շարունակուին։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը այս կապակցութեամբ մատնանշեց, թէ բացման հանդիսութիւնը կ՚իմաստաւորէ այն հաւատքն ու համոզումը, թէ տակաւին կարելի է, անհրաժեշտ ու կենսանակ՝ հայկական դպրոց մը կառուցելը։ Այս վարժարանի կառուցման ետին կանգնած է ամէնօրեայ պայքարը՝ քարացած մտայնութիւններու, անտարբերութեան, օր ըստ օրէ նահանջի անձնատուր մտայնութեան տէր դասակարգի եւ նոյնիսկ ձեռնարկը ձախողեցնելու համար աշխատող մթին ուժերու դէմ։ Հակադիր այս երկու ուժերու բախումին գիտակցութիւնը դպրոցին կառուցումը կը դարձնէ աւելի հետաքրքրական, աւելի իմաստալից։ Վերոնշեալ առաջին երկու կէտերը հետեւանքն են երրորդին։ Եթէ չըլլար հաւատքն ու համոզումը եւ մղուած ամէնօրեայ պայքարը, ապա բարձրաստիճան պաշտօնատարները առիթ պիտի չունենային ներկայանալու հանդիսութեան։ Թերթի խմբագրականին մէջ նշուած է, որ անոնք որեւէ դեր չեն ունեցած դպրոցի կառուցման մէջ եւ այդ գործը կատարուած է իրենց կամքէն անկախ։
Ալֆորվիլի այս դպրոցին շինութիւնը արժած է 4.5 միլիոն եւրօ, ինչ որ գոյացած է անհատներու եւ հաստատութիւններու նուիրատուութիւններով։ Բարերար Գէորգ Արապեան յատկացուցած է 2.5 միլիոնէ աւելին։ Իսկ քանդակագործ Էմմա Աբրահամեան դպրոցին կտակած է իր բնակարանը, որ վաճառքը ներկայիս ընթացքի մէջ է։
Այսօրուան կացութեամբ ծախսերուն 7.5 տոկոսը դեռ կը մնայ առկախ, այսինքն՝ 350.000 եւրօ։ Այս գումարի գոյացման համար նուիրահաւաքման արշաւ մըն ալ սկսած է ֆրանսահայութեան մօտ։