Գոհար Խաչատուրեան Ստացաւ Հռոմի Պապին Օրհնագիրը

Հա­յաս­տան կա­տա­րած իր ե­ռօ­րեայ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Պա­պը ա­ռա­քե­լա­կան օրհ­նա­գիր շնոր­հեց ԳՈ­ՀԱՐ նուա­գա­խում­բի եւ երգ­չա­խում­բի հիմ­նա­դիր Գո­հար Խա­չա­տու­րեա­նին:

Կիւմ­րիի «Վար­դա­նանց» հրա­պա­րա­կին վրայ Հռո­մի Պա­պին մա­տու­ցած պա­տա­րա­գին ըն­թաց­քին, ինչ­պէս նաեւ Կիւմ­րիի կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ԳՈ­ՀԱՐ երգ­չա­խում­բի հո­գե­ւոր եր­գե­րուն կա­տա­րում­նե­րը հիա­ցու­ցած են Ֆրան­սիս­քոս Պա­պը:

Կա­թո­ղի­կէ Քա­հա­նա­յա­պե­տը գնա­հա­տած է 1996-էն ի վեր Կիւմ­րիի մէջ գոր­ծող լի­բա­նա­նա­հայ Գո­հար Խա­չա­տու­րեա­նի եւ ա­նոր ըն­տա­նի­քին աշ­խա­տան­քը: Ա­նոնց հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ աշ­խա­տա­տե­ղեր ստեղ­ծուած են հա­զա­րա­ւոր կիւմ­րե­ցի­նե­րու հա­մար: 1997-1999 թուա­կան­նե­րուն Գո­հար Խա­չա­տու­րեա­նի զա­ւակ­նե­րը՝ Յա­րութ, Շա­հէ եւ Նար Խա­չա­տու­րեան­նե­րը, Կիւմ­րիի կեդ­րո­նին մէջ կա­ռու­ցած են հա­մա­լիր մը, ուր բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են երկ­րա­շար­ժէն ան­պատս­պար մնա­ցած ժո­ղո­վուր­դը:

Ա­նոնք հիմ­նած են նաեւ Կիւմ­րիի ԳՈ­ՀԱՐ ե­րաժշ­տա­նո­ցը, ուր ա­շա­կերտ­նե­րուն տրուած է անվ­ճար սոր­վե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն. ա­նոնց տրա­մադ­րուած են նաեւ անվ­ճար ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք­ներ:

2000 թուա­կա­նին Խա­չա­տու­րեան ըն­տա­նի­քը հիմ­նած է հայ­կա­կան ա­մե­նա­մեծ ե­րաժշ­տա­կան խում­բը` ԳՈ­ՀԱՐ սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խումբն ու երգ­չա­խում­բը, որ աշ­խար­հի շարք մը եր­կիր­նե­րու մէջ հա­մերգ­ներ տուած է` իւ­րա­քան­չիւր հա­մեր­գի հա­սոյթ յատ­կաց­նե­լով բա­րե­գոր­ծա­կան նպա­տա­կի:

Միւս կող­մէ, Գո­հար Խա­չա­տու­րեան այս տա­րի ար­ժա­նա­ցած է նաեւ «Կիւմ­րիի տա­րուան ե­րախ­տա­ւոր» տիտ­ղո­սին, որ ա­մէն տա­րի կը շնոր­հուի «Կիւմ­րիի տա­րուան մարդ» յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ:

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016