ԻՆՆԵՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ՄԵՐԺՈՒՄ

Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նը հեր­թա­կան ան­գամ մեր­ժեց ըն­թացք տալ այն բա­նա­ձե­ւին, որ կը նա­խա­տե­սէր «ճանչ­նալ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»: Յու­լի­սի 5-ին Քնե­սե­թի մօտ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ հայ­կա­կան հար­ցը։ Հա­կա­ռակ նա­խա­տե­սուա­ծին, լիա­գու­մար նիստ տե­ղի չու­նե­ցաւ, հար­ցը պար­զա­պէս քննար­կուե­ցաւ՝ 120 ե­րես­փո­խան­նե­րէն 24-ին մաս­նակ­ցու­թեամբ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ո­րո­շուե­ցաւ նա­խա­գի­ծը փո­խան­ցել Քնե­սե­թի Կրթու­թեան, գի­տու­թեան ու մշա­կոյ­թի մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի քննարկ­ման։

Հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ այս բա­նա­ձե­ւը հեր­թա­կան ան­գամ Քնե­սե­թի օ­րա­կար­գին վրայ ե­կաւ «Մե­րեց» կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նորդ Զե­վա­հա Կալ-Օ­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ի­րեն ա­ռըն­թեր, ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ ե­րես­փո­խան Թա­լի Փլոս­քո­վա, որ կը գլխա­ւո­րէ Իս­րա­յէլ-Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան խում­բը։ Նա­խա­րար Ցա­խի Հա­նեք­փի («Լի­քուտ» կու­սակ­ցու­թիւն), որ Քնե­սե­թի մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րէն մին կը ղե­կա­վա­րէ, ար­տա­յայ­տուե­ցաւ երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թեան ա­նու­նով։ Ան ա­ռա­ջար­կեց խնդի­րը ներ­կա­յաց­նել Քնե­սե­թի Կրթու­թեան, գի­տու­թեան ու մշա­կոյ­թի մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի քննարկ­ման։ Այս ա­ռա­ջար­կին հի­ման վրայ՝ Քնե­սե­թի նա­խա­գահ Եու­լի Եոէլ Է­տելշ­թէյն նիւ­թը դրաւ քուէար­կու­թեան, ո­րու ար­դիւն­քին նիս­տի մաս­նա­կից բո­լոր ե­րես­փո­խան­նե­րը հա­ւա­նու­թիւն տուին կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջար­կին։

Մինչ ժո­ղո­վը կ՚ըն­թա­նար, Քնե­սե­թի դի­մա­ցը տե­ղի ու­նե­ցաւ ցոյց մը։ Շուրջ հա­րիւր ցու­ցա­րար­ներ հան­դէս ե­կան ի պաշտ­պա­նու­թիւն քննարկ­ման դրուած բա­նա­ձե­ւին։ Ցոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րուն կէ­սը հա­յեր էին, իսկ միւս կէ­սը՝ հրեայ ե­րի­տա­սարդ­ներ։

Հարկ է նշել, որ Քնե­սե­թի մօտ ար­դէն ին­նե­րորդ ան­գամ քննարկ­ման դրուե­ցաւ հայ­կա­կան հար­ցին մա­սին բա­նա­ձեւ մը։ Ե­րեք բա­նա­ձե­ւի պա­րա­գա­յին ո­րո­շուե­ցաւ յղել՝ Քնե­սե­թի Կրթու­թեան, գի­տու­թեան ու մշա­կոյ­թի մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի քննարկ­ման։ Միւս վեց նա­խա­գի­ծերն ալ ու­ղար­կուե­ցան Քնե­սե­թի Անվ­տան­գու­թեան եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի քննարկ­ման, բայց եր­բեք չքննար­կուե­ցան։

Այս վեր­ջին նա­խա­գի­ծը ժամ­կէ­տին տե­սա­կէ­տէ շատ ու­շագ­րաւ էր։ Ար­դա­րեւ ան զու­գա­դի­պե­ցաւ Թուր­քիա-Իս­րա­յէլ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ուղ­ղեալ հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րուած շրջա­նին։ Տա­րա­կոյս չկար, թէ Իս­րա­յէլ պի­տի խու­սա­փէր Թուր­քիոյ հետ նոր լա­րուա­ծու­թիւն մը ապ­րե­լու վտան­գէն։ Հե­տե­ւա­բար, Քնե­սե­թի ո­րո­շու­մը ո­րե­ւէ ա­նակն­կա­լի տե­ղի չտուաւ։

Մեկ­նա­բա­նե­լով Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նին ո­րո­շու­մը՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Քնե­սեթ այս­պէ­սով կը քնաց­նէ հայ­կա­կան հար­ցը։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016