Կարմրաւորի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Որմնանկարները վերականգնուած

Ա­րա­գա­ծոտ­նի մար­զի Աշ­տա­րա­կի Կարմ­րա­ւո­րի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­քին հա­տուա­ծին պահ­պա­նուած որմ­նան­կար­նե­րու մաքր­ման եւ վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւար­տած են:

Ըստ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան՝ Ի­տա­լիա­յէն ժա­մա­նած ճար­տա­րա­պետ Ա­րա Զա­րեա­նի ու որմ­նան­կա­րի վե­րա­կանգ­նող մաս­նա­գէտ Քրիս­տին Լա­մու­ղէի ջան­քե­րով՝ Կարմ­րա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ար­դէն տե­սա­նե­լի են ճար­տա­րա­պե­տա­կան փոքր գլուխ գոր­ծո­ցի ներ­քին նկա­րա­զարդ­ման բարձր ա­րուես­տի մա­սին վկա­յող տա­սը սրբա­պատ­կեր­նե­րը:

Ե­կե­ղեց­ւոյ հիւ­սիս-ա­րեւմ­տեան պա­տին պատ­կե­րուած է ձի հե­ծած ու թու­րը ձեռ­քին Ս. Գէորգ զօ­րա­վա­րը, իսկ հա­րաւ-ա­րեւմ­տեան պա­տին ձի հե­ծած, մա­նու­կը գրկին, նե­տը ձեռ­քին պա­հած Ս. Սար­գիս զօ­րա­վա­րի պատ­կե­րագ­րու­թիւ­նը:

Գմբէ­թի կեդ­րո­նա­կան մա­սը զար­դա­րուած է «Քրիս­տո­սը փառ­քի մէջ» որմ­նան­կա­րով, իսկ կա­մա­րա­կա­պի հիւ­սի­սա­յին եւ հա­րա­ւա­յին հա­տուած­նե­րուն  հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար կան Մա­րիամ Աս­տուա­ծած­նի ու Ս. Յով­հան­նէս Մկրտի­չի որմ­նա­պատ­կեր­նե­րը:

Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին բո­լոր որմ­նան­կար­նե­րը կորսն­ցու­ցած են ի­րենց ե­րանգ­նե­րը եւ այ­սօր կը ներ­կա­յա­նան մեծ մա­սամբ սեւ- սպի­տակ գոյ­նե­րով: Զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը եւ ուխ­տա­ւոր­նե­րը այ­սու­հե­տեւ պի­տի կա­րե­նան տես­նել եւ գնա­հա­տել Կարմ­րա­ւո­րի ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­քին գե­ղա­րուես­տա­կան մեծ ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող որմ­նան­կար­նե­րը:

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016