ՆԱԹՕ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ՝ ՎԱՐՇԱՒԻՈՅ ՄԷՋ
Վարշաւիոյ մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգի վրայ։ Երկօրեայ այս գագաթաժողովին կը վերագրուի արտասովոր նշանակութիւն՝ համաշխարհային հրատապ հիմնախնդիրներու ընթացքին եւ անոնց նկատմամբ դաշինքի դիրքաւորման առումով։
Վարշաւիոյ գագաթը կը համախմբէ ՆԱԹՕ-ի թէ՛ անդամ եւ թէ՛ գործընկեր երկիրներու պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարները։ Բուն գագաթին զուգահեռ՝ միջանկեալ գագաթաժողովի մը ձեւաչափով կը մէկտեղուին նաեւ Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի կողմէ յառաջ տարուող «Հաստատակամ աջակցութիւն» առաքելութեան մասնակից երկիրներու ղեկավարները։
ՆԱԹՕ-ի այս կարեւոր գագաթաժողովին առթիւ Վարշաւիոյ մէջ է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա։ Լեհաստանի մայրաքաղաքին մէջ են նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Ընդհանուր առմամբ, աշխարհի եօթանասուն երկիրներէն պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ ժամանած են Վարշաւիա՝ իրենց արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ։ Անոնց միջեւ տեղի կ՚ունենան նաեւ երկկողմանի շփումներ։ Վարշաւիոյ գագաթաժողովը պատմական է իր մասնակիցներու ծաւալով, որովհետեւ աշխատանքը կը կատարուի շուրջ 7 հազար հոգիի ներգրաւումով։ Գագաթաժողովը կազմակերպուած է Վարշաւիոյ Ազգային մարզադաշտի համալիրէն ներս։