«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»Ի ՄԷՋ ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
«Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանէն ներս բացուած է «Ծնաւ մահկանացու, իր մասին թողեց անմահ յիշատակ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է աշխարհահռչակ հայ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին։ Ներկայացուած են ծովանկարիչի յայտնի կտաւներու, լուսանկարներու արտատպումները՝ «Իններորդ ալիք», «Սեւ ծովը», «Նաւաբեկութիւն», «Ծովափ» եւ այլն։
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութենէն (ՊՈԱԿ), արգելոց-թանգարանի ուղեցոյցները հայ եւ օտարազգի այցելուներու հայերէն, ռուսերէն ու անգլերէն լեզուներով պատմած են Յովհաննէս Այվազովսքիի կենսագրութիւնը, անդրադարձած են անոր գործունէութեան եւ մանրամասն ներկայացուցած՝ գեղանկարիչի յայտնի աշխատանքները։ Ինչպէս միշտ, այցելուները անտարբեր չէ թողած «Իններորդ ալիք» ստեղծագործութիւնը, որ, ի դէպ, ընդգրկուած է աշխարհի տասն լաւագոյն ծովանկարներու շարքին մէջ։ ««Իններորդ ալիք»ը ցոյց կու տայ մարդոց անհաւասար պայքարը բնութեան ահեղ տարերքի դէմ, բայց, այնուամենայնիւ, հեղինակը չէ մոռցած լաւատեսութեան մասին՝ հորիզոնին պատկերելով ծագող արեւը», այսպէս ներկայացուցած է կտաւը արգելոց-թանգարանի հանրահռչակման, գիտահետազօտական եւ ֆոնտային աշխատանքներու բաժնի վարիչ Լարիսա Յարութիւնեան։
Անդրադառնալով Այվազովսքիի «Սեւ ծովը» կտաւին՝ բանախօսը մէջբերած է ռուս գեղանկարիչ Իվան Քրամսքոյի խօսքերը. «Մենք ապշած էինք այդ պատկերի իմաստով եւ բարձր բանաստեղծութիւնով»։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Կեդրոնական դրամատունը թողարկած է յուշադրամ մը, յայտնի նկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին կապակցութեամբ:
Յուշադրամի վրայ պատկերուած է հայազգի ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի «Իններորդ ալիք» կտաւէն դրուագ մը ֆոնին վրայ: Յուշադրամը թողարկուած է 3 հազար օրինակով: