ՀՈՒՐ ԵՒ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Մեծն քսանեակի (G-20) Համպուրկի գագաթաժողովը այս շաբաթավերջին կը բնորոշէ միջազգային հանրային կարծիքին օրակարգը։ Քննարկումներու օրակարգի նիւթերը իսկապէս հրատապ են համաշխարհային առումով։ Նուազ ուշագրաւ չեն նաեւ այս գագաթաժողովին դէմ բողոքի ցոյցերը։ Ցուցարարները այն աստիճան սաստիկ ու աննախընթաց հակազդեցութիւնով մը հանդէս կու գան, որ երբեմն ծրագրի ընթացքին վրայ ազդեցութիւն գործել կը յաջողին։ Հուրի եւ դիւանագիտութեան զուգորդման ականատես կ՚ըլլայ միջազգային հանրութիւնը։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Համպուրկի գագաթաժողովին ծիրէն ներս կարճատեւ զրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Սա Էրտողանի ծրագրի կարեւորագոյն փուլերէն մին էր։ Արդարեւ, երկու ղեկավարները անդրադարձան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին։ Անոնք վերջին շրջանին արդէն հեռաձայնով մշտապէս կապի մէջ են եւ երէկ ամփոփ ձեւով աչքէ անցուցին կացութիւնը։ Էրտողան-Թրամփ զրոյցը նաեւ նախորդեց ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի այս օրերուն Թուրքիա այցելութեան։

Համպուրկի գագաթաժողովի ուշագրաւ իրադարձութիւններէն մին էր նաեւ Թրամփի հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Սա երկու ղեկավարներու առաջին ուղղակի հանդիպումն էր ու տեւեց նախատեսուածէն շատ աւելի երկար։ Կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ՝ Սուրիոյ հարաւին հրադադարի մը հաստատման ուղղութեամբ։ «Կը կարծեմ՝ սա առաջին ազդանշանն է, թէ կարելի է Ռուսաստանի հետ աշխատիլ», ըսաւ այս առթիւ Թիլըրսըն։

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2017