ՈՉ ԵՒՍ Է ԴԵՍՊԱՆ ԱՐՄԱՆ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
Հայկական դիւանագիտութիւնը շաբաթավերջին ունեցաւ ծանրակշիռ կորուստ մը. ոչ եւս է դեսպան Արման Կիրակոսեան։ Սա ոչ միայն հայկական դիւանագիտութեան, այլեւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին տեսակէտէ մեծ կորուստ մըն է։ Արման Կիրակոսեան, որ 63 տարեկան էր, իսկապէս անժամանակ ձեւով կեանքէն հրաժեշտ կ՚առնէ անողոք հիւանդութեան հետեւանքով։
Վերջին տարիներուն ան Հայաստանի դեսպանն էր Լոնտոնի մէջ, իսկ մինչ այդ վարած՝ բազում պատասխանատու պաշտօններ։ Ան այնպիսի դիւանագէտ մըն էր, որ ունեցած էր իր ներդրումը Հայաստանի պետութեան ակունքներուն մէջ եւ մաս կազմած՝ պետականակերտման աշխատանքին։
10 սեպտեմբեր 1956 թուականին Երեւանի մէջ ծնած էր Արման Կիրակոսեան, որ որդին էր Խորհրդային Հայաստանի պետական գործիչ Ճոն Կիրակոսեանի։ Աւարտած էր Պետական մանկավարժական համալսարանի Պատմութեան ու աշխարհագիտութեան ֆաքիւլթէն եւ աւելի վերջ նոյն համալսարանի Ընդհանուր պատմութեան ամպիոնէն ներս կատարելագործած էր բարձրագոյն կրթութիւնը։ Հմուտ դիւանագէտ մը ըլլալու առընթեր հեղինակաւոր պատմաբան մըն էր։
Հայաստանի նորագոյն անկախութեան փուլին արտաքին գործոց առաջին փոխ-նախարարն էր։ Անկախութենէն հազիւ տարի մը վերջ իրեն շնորհուած էր արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի լիակատար աստիճանը։ 1992-1993 թուականներուն եղած էր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար։ Աթէնքի եւ Ուաշինկթընի մէջ պաշտօնավարած էր որպէս Հայաստանի դեսպան։ Համատեղութեան կարգով երկիրը ներկայացուցած էր նաեւ այլ հինգ երկիրներու մօտ։ Երկար ատեն որպէս արտաքին գործոց փոխ-նախարար պաշտօնավարած էր, նաեւ եղած էր դեսպան Վիեննայի մէջ։ Վիեննայի պաշտօնավարութեան շրջանը զուտ երկկողմանի նշանակութիւն չէր ունեցած, որովհետեւ ան միեւնոյն ժամանակ եղած էր Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը ԵԱՀԿ-ի մօտ։ Վերջին ամիսներուն որպէս դեսպան կը պաշտօնավարէր Լոնտոնի մէջ։ Նուաճած էր բազում պարգեւներ։ Շարք մը գիտական, մասնագիտական կառոյցներու ղեկավարման խորհուրդներու անդամ էր։ Պատմութեան մարզին մէջ ունէր տոքթորի գիտական աստիճան եւ փրոֆեսէօրի կոչում։ Կը դասաւանդէր Երեւանի Պետական համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու ֆաքիւլթէին մէջ։
Արման Կիրակոսեան հայ-թրքական յարաբերութիւններու մարզին մէջ ալ ունէր մեծ փորձառութիւն։ Վերջին տասնամեակներուն ան կարեւոր մասնակցութիւն բերած էր այն բանակցութիւններուն, որոնք ատեն-ատեն վարուած էին Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման նպատակով։