«ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԷՆ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին կողմէ վերջերս 49 սփիւռքահայ ուսուցիչ մրցանակի արժանացաւ՝ հայերէնով առցանց դասաւանդութիւններու համար։ Հարկ է յիշեցնել, որ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը անցեալ ապրիլին սփիւռքի ուսուցիչներուն համար կազմակերպած էր մրցանակ մը։ Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի այս մրցանակի նպատակն էր՝ քաջալերել քորոնաժահրի համաճարակի պարտադրած ինքնամեկուսացումի հետեւանքով առցանց հարթակներ տեղափոխուած կրթական ընթացքին մէջ հայերէնով իրենց ներդրումը կատարող կրթական մշակներու անհատական աշխատանքը։

Ուսուցիչները պէտք է դիմէին ներկայացնելով իրենց պատրաստած նիւթերը, իրենց աշակերտներուն հետ ունեցած հաղորդակցութեան օրինակները եւ իրենց օգտագործած առցանց հարթակին վրայ իրականացուցած ուսուցողական տուեալ աշխատանքի ընթացքն ու նպատակակէտերը բացատրող գրութիւն մը: Մրցանակի ծիրէն ներս դիմումները ընդունուեցան վեց շաբթուան ընթացքին: Դիմումներու արժեւորումի աշխատանքները կատարուեցան երկշաբաթեայ դրութեամբ, եօթ հոգիէ բաղկացած յանձնախումբի մը կողմէ եւ նկատի առնուեցան հետեւեալ չափանիշերը.

1-  Առցանց համակարգերու գործածութեան մէջ առաջարկուած նորարար մօտեցումները:

2-  Մանկավարժական մեթոտաբանութեան կիրարկելիութիւնը եւ ճկունութիւնը։

3-  Աշակերտներու մասնակցութիւնը եւ անոնց համար «հաճելի»ի ազդակը։

4-  Գործադրութեան եւ հայերէնի գործածութեան որակը:

5-  Ուրիշներու կողմէ ծրագիրին գործածելիութեան հեռանկարը։

Դիմումներու վեց շաբթուան տեւողութեան, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը 13 երկիրէ 106 դիմում ստացաւ՝ ամենօրեայ եւ շաբաթօրեայ հայկական դըպ-րոցներու մէջ աշխատող ուսուցիչներէ: Դիմողներուն մեծամասնութիւնը հայոց լեզուի դասատուներ էին, բայց մրցանակը սահմանափակուած չէր իրենցմով: Պատմութեան, կրօնի, թուաբանութեան, գիտութեան, արուեստի եւ նոյնիսկ մարզանքի ուսուցիչներ դիմեցին իրենց զանազան բնոյթի աշխատանքներով։ Իւրաքանչիւրը կը բացատրէր իր եւ իր աշակերտներուն ունեցած փորձառութիւնը հեռավար ուսումնառութեան աշխարհին մէջ: Դիմողներու միջին տարիքը 44 էր:

Հաշուի առնելով դիմողներու մեծ թիւը եւ հնարաւորինս շատ ուսուցիչներ քաջալերելու նպատակով՝ նախապէս յայտարարուած 30 մրցանակին փոխարէն հիմնարկը տրամադրեց 500 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ 49 նպաստ։ Այսպէսով քաջալերուեցաւ դիմողներու 46 տոկոսը:

«Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք բոլոր մրցանակակիրներուն: Դժբախտաբար չէինք կրնար մրցանակ տրամադրել բոլոր մասնակիցներուն: Այնուամենայնիւ կը գնահատենք բոլորին ջանքերը եւ ընդհանրապէս հայերէնի դասաւանդումին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դիմաց անոնց կատարած մեծ աշխատանքը՝ մանաւանդ համաճարակի այս օրերուն», նշեց հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան:

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աղբիւրներու հաղորդումներով, յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ «Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակ»ի մրցանակակիրներու անուանացանկին ծանօթանալու համար այցելել gulbenkian.pt/armenian- հասցէն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020