ԱԼԻԵՒԻ ՆՈՅՆ ՅԱՆԿԵՐԳԸ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը կրնայ հրաժարիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններէն։ Կը հաղորդուի, որ Ալիեւ նախընթաց օր զրուցեց Ատրպէյճանի կարգ մը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Թուրան» գործակալութեան հաղորդումներով, Ալիեւ դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան չի փոխեր իր դիրքորոշումը հիմնախնդրի լուծման պարագային, որովհետեւ արդարութիւնը իրենց կողմն է։ «Մեր դիրքորոշումը հիմնուած է պատմական արդարութեան եւ միջազգային իրաւունքի վրայ։ Տագնապը պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ ու մենք թոյլ պիտի չտանք, որ հայկական երկրորդ պետութիւն մը ստեղծուի Ատրպէյճանի հողերուն վրայ», ըսաւ Ալիեւ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան քննադատեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը, որու համանախագահները միջնորդական առաքելութիւն կ՚իրականացնեն։ «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը չ՚արձագանգեր Հայաստանի վարչապետի այն յայտարարութեան, թէ Ղարաբաղը Հայաստան է։ Այդ յայտարարութիւնը կը ձախողեցնէ բանակցութիւնները եւ անիմաստ կը դարձնէ զանոնք։ Մինսքեան խմբակը համարժէք պատասխան չտուաւ նաեւ բանակցութիւններու ձեւաչափը փոխելու ուղղեալ Երեւանի փորձերուն, որոնցմով Ատրպէյճանէն կը պահանջուի բանակցութիւններու սկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի անջատողականներուն հետ», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ հիմնախնդրի լուծման ուղղեալ բանակցութիւններ փաստօրէն տեղի չեն ունենար։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու տեսաժողովները որեւէ նշանակութիւն չունին։ Ան շարունակեց. «Այսօր փաստացի բանակցային գործընթաց տեղի չ՚ունենար։ Լա՛ւ, սակայն մինչեւ ե՞րբ»։ Ըստ Ալիեւի, նախարարներու տեսաժողովները կը ձգտին միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գոյութիւնը արդարացնելու, ձեւացնելու, թէ գործունէութիւն կը ծաւալուի։ Մինչդեռ, գործունէութիւնը պէտք է ունենայ արդիւնք։

Ալիեւ մատնանշեց, որ ինք կը փափաքի շօշափելի բանակցութիւններ վարել առանց ձեւաչափի փոփոխութեան։ «Այդ պարագային մենք կը մասնակցինք բանակցութիւններուն։ Այլապէս բանակցութիւններու անհրաժեշտութիւն չկայ», ըսաւ Ալիեւ եւ միջնորդները քննադատեց ոչ-յստակ յայտարարութիւններու եւ անարդիւնք բանակցութիւններու համար։ «Երբ Հայաստանի վարչապետը կը յայտարարէ՝ Ղարաբաղը Հայաստան է, ինչո՞ւ Մինսքեան խմբակը չ՚արձագանգեր եւ չի յայտարարեր, որ այդ յայտարարութիւնը ամբողջովին կը խախտէ բանակցութիւններու էութիւնը եւ անոնք փաստացի կը դարձնէ անիմաստ։ Եթէ միջնորդները կ՚ուզեն, որ հակամարտութիւնը լուծուի խաղաղ ճանապարհով, պէտք է խօսին այդ մասին։ Մենք չենք բանակցիր յանուն բանակցութիւններու։ Մենք կ՚ուզենք ըստ էութեան բանակցութիւններ՝ առանց անոնց ձեւաչափը փոխելու։ Այդ պարագային մենք, անշուշտ անոնց կը մասնակցինք, այլապէս՝ անիմաստ բանակցութիւններու կարիքը չենք տեսներ», ըսան ան։

Ատրպէյճանի հեռուստակայանի ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ընթացքին Իլհամ Ալիեւ պնդեց, թէ միջնորդները համահունչ չեն արձագանգեր նաեւ բանակցութիւններու ձեւաչափը փոխելու ուղղեալ հայկական կողմի ջանքերուն։ «Անոնք վերացական յայտարարութիւններ կ՚ընեն՝ փորձելով թէ՛ մեզ սիրաշահիլ եւ թէ զանոնք։ Բայց այս բանին ժամանակը արդէն անցած է։ Մենք յստակութիւն կը պահանջենք։ Անոնց հիմնական թէզն է՝ խնդիրը ռազմական լուծում չունի։ Իսկ ո՞վ ըսաւ։ Մենք միջնորդներէն աւելի լուրջ, յստակ եւ նպատակային յայտարարութիւններ կ՚ակնկալենք», շարունակեց Ալիեւ։

Միջնորդներու հասցէին քանի մը վայրկեան քննադատական արտայայտութիւններ հնչեցնելէ վերջ, Իլհամ Ալիեւ ընդգծեց, որ այժմ բանակցութիւններ, ըստ էութեան, չեն վարուիր։ Արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ տեսաժողովները որեւէ նշանակութիւն չունին եւ ընդամէնը տպաւորութիւն կը ստեղծեն, թէ Մինսքեան խմբակը իբր թէ գոյութիւն ունի։ Ըստ Իլհամ Ալիեւի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը կրաւորականութիւն կը ցուցաբերէ եւ իրենք բանակցային գործընթացին չեն մասնակցիր, եթէ ան չըլլայ առարկայական։

ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց Իլհամ Ալիեւի այս յայտարարութիւններուն։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Ալիեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի չկարգաւորուելուն համար կը մեղադրէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը, Հայաստանը, պատմական արդարութիւնը, թէեւ տակաւին պէտք է մեղադրէ ինքն իրեն, որովհետեւ վաղուց հեռացած է քննարկումներու շինիչ դաշտէ»։

Ըստ Մանէ Գէորգեանի, Ալիեւի վերջին յայտարարութեան մէջ յստակ նշուած է, թէ ի՞նչ է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորուած չըլլալու պատճառը։ Արդարեւ, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու լիակատար անտեսումն է պատճառը։ «Եւ Արցախի քաղաքացիները ինչպէ՞ս պէտք է արձագանգեն այս բանին։ Բնականաբար՝ իրենց իրաւունքները պիտի պաշտպանեն եւ քանի տակաւին Ատրպէյճան այդ իրաւունքը չէ ճանչցած, բանակցութիւնները արդիւնաւէտ չեն կրնար ըլլալ՝ ներառեալ սեփական իրաւունքներու շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն արցախահայութեան լիարժէք մասնակցելու իրաւունքը», ըսաւ Մանէ Գէորգեան եւ ընդգծեց, թէ ինչո՞ւ Ալիեւ անընդհատ կը պնդէ, թէ Ղարաբաղի հարցը ունի ռազմական լուծում։ «Մեր արձագանգը նոյնն է. եթէ հարցը ունի ռազմական լուծում, ուրեմն Արցախի քաղաքացիները վաղուց լուծած են այդ հարցը», աւելցուց ան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020