ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԻՏԱԼԻԱ ՄԻՇՏ ՀԱՄԱԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իտալիոյ Պաշտպանութեան նախարար Լորենցօ Կուէրինին։ Այս այցելութեան ժամկէտը ուշագրաւ է՝ Լիպիոյ բախտորոշ իրադարձութիւններուն տեսակէտէ։
Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հուլուսի Աքար ընդգծեց, որ Թուրքիա եւ Իտալիա բազմաթիւ նիւթերու շուրջ կը բաժնեն նոյնանման մօտեցումներ։ Մասնաւորապէս Լիպիոյ հարցին շուրջ կողմերը համակարծիք են, թէ երկրէ ներս խաղաղութեան վերահաստատման համար պէտք է գտնուի քաղաքական լուծում մը։ Հուլուսի Աքար նշեց, որ իր իտալացի պաշտօնակցին հետ քննարկած են նաեւ Արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւնները։ Ըստ նախարարին, թրքական կողմի տեսլականը եւ ստանձնելիք պատասխանատուութիւնները բացատրուած են յստակօրէն։ Միջերկրականի կայունութեան համար պէտք է համատեղ աշխատանք ծաւալել եւ բոլորը պէտք է հանդէս գան զոհողութիւններով։
«Յստակօրէն կրնամ ըսել, որ թէ՛ երկկողմանի հարթութեան վրայ, թէ՛ Եւրոմիութեան շրջանակներէն եւ թէ ՆԱԹՕ-է ներս մեր յարաբերութիւններու զարգացումը շատ օգտակար պիտի ըլլայ տարածքաշրջանի համար, ՆԱԹՕ-ի համար, մեր երկիրներուն համար եւ ԵՄ-ի համար», ըսաւ Հուլուսի Աքար։