ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ 1053

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ծիրէն ներս երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 50 հազար 545 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 1053 նոր վարակեալ։ Երէկուան դրութեամբ եւս 19 հոգի զոհ գացած է համաճարակի եւ նոյն ժամանակահատուածին առողջացածներու թիւը եղած է 2297։ Ցայսօր Թուրքիոյ մէջ համաճարակի հետեւանքով մահացած է 5 հազար 260 հոգի։

Վիճակագրական վերջին տուեալները ներկայացնելու ժամանակ՝ Ֆահրետտին Քոճա ընդգծած է, որ հիւանդանոցներու խտացեալ խնամքի բաժանմունքի ծանրաբեռնուածութիւնը ամիսէ մը ի վեր կը տատանի 59-61 տոկոսի միջեւ։ Այսինքն հիւանդանոցէ դուրս եկած առողջացածներու թիւին համազօր նոր հիւանդներ կ՚առնուին դարմանման տակ։ Ըստ վերջին տուեալներուն, խտացեալ խնամքի տակ առնուած հիւանդներուն թիւը բարձրացած է 1152-ի։ Արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ վարակեալներու թիւն ալ բարձրացած է 400-ի։

Ըստ Ֆահրետտին Քոճայի, վարակի ծաւալման տեսակէտէ յառաջատար հինգ քաղաքներու պարագային վերջին երեք օրուայ ընթացքին միջին հաշուով 7 տոկոսով նուազած են նոր դէպքերը։

«Վարակի դէմ քանի հոգի ենք», կրկնեց Ֆահրետտին Քոճա եզրափակելով երէկուան իրազեկումները։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020