Ի ՊԱՏԻՒ ԷԼԹԸՆ ՃՈՆԻ

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ 85 հազար տոլար արժէքով մետաղադրամ թողարկած են Էլթըն Ճոնի ի պատիւ։ Այսպէս, Մեծն Բրիտանիոյ Թագաւորական դրամահատարանը (Royal Mint) որոշած է բրիտանացի երաժիշտ Էլթըն Ճոնի աւելի քան կէսդարեայ ստեղծագործութիւնը նշանաւորել հազար փաունտ սթերլին (1247 տոլար) ոսկեայ յուշամետաղադրամով, որու աճուրդային արժէքը, փորձագէտներու գնահատումներով, կը գերազանցէ 68 հազար փաունտ սթերլինը (աւելի քան 85 հազար տոլար):

Ըստ «Պի.Պի.Սի.»ի բրիտանական ընկերութեան հաղորդումներուն, մետաղադրամը ստեղծուած է նկարիչ Պրետլի Մորկան Ճոնսընի ձեւագծումով:

«Էլթըն Ճոն, անկասկած, դարձած է թագաւորութեան երաժշտութեան հսկան եւ ծանօթ է իր սերունդի ամենայաջող երգիչներէն եւ երգերու հեղինակներէն մէկը։ Եւ մենք ուրախ ենք՝ այս ձեւով գնահատելու անոր նշանաւոր աւանդը բրիտանական երաժշտութեան բնագաւառէն ներս», յայտարարած է Royal Mint-ի ներկայացուցիչ Քլեր Մաքլենըն։

Ամբողջ աշխարհի մէջ վաճառուած է 73-ամեայ կատարողի երաժշտական ալպոմներու 250 միլիոն օրինակ։ Էլթըն Ճոն քորոնաժահրի համավարակի պատճառով ստիպուած եղած է ընդհատել Farewell Yellow Brick Road հրաժեշտի համաշխարհային շրջագայութիւնը։ Տարեսկզբին Թագաւորական դրամահատարանը յուշամետաղադրամ թողարկած էր Queen-ի ի պատիւ: Մետաղադրամը առաջինը դարձած է «Երաժշտութեան հսկաներու» շարքին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020