ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ…

Համավարակը բացայայտեց, որ երկիրները պատրաստ չեն դիմագրաւելու կենսաահաբեկչութիւնը։ Այսպէս, քորոնաժահրի համավարակը ցոյց տուաւ, որ երկիրները պատրաստ չեն դիմագրաւելու ահաբեկիչներու կողմէ կենսաբանական զէնքի հնարաւոր կիրառումը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումով, ԹԱՍՍ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին այդ մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ, Հակաահաբեկչական վարչութեան ղեկավար Վլատիմիր Վորոնքով: «Համավարակը բացայայտեց, որ պետութիւնները խոցելի են եւ ընդհանրապէս պատրաստ չեն դիմակայելու կենսաբանական սպառնալիքներուն, ներառեալ կենսաահաբեկչութիւնը։ Թէեւ կենսաբանական ահաբեկչական երեւոյթները քիչ հաւանական են, հարկ է սպառնալիքը համարել որպէս իրական», ըսած է Վորոնքով:

Անոր խօսքով՝ տագնապ կը յարուցանէ այն փաստը, որ համավարակը սկսած պահէն ի վեր որոշ ծայրայեղական խումբեր բացայայտօրէն «COVID-19»ի կիրառմամբ զէնքի ստեղծման կոչ կ՚ընէին: Վորոնքով յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի Հակաահաբեկչական կեդրոնը մշակած է կենսաբանական ահաբեկչութեան, ինչպէս նաեւ տարրաբանական, ճառագայթաբանական եւ միջուկային ահաբեկչութեան սպառնալիքի կանխման բնագաւառին մէջ անդամ պետութիւններուն օգնութիւն ցուցաբերելու ծրագիր:

«Մենք կ՚աշխատինք լայն շրջանակի շահագրգիռ կողմերու, ներառեալ իրաւապահ մարմիններու, զինեալ ուժերու, հետախուզութեան, առողջապահութեան, արդիւնաբերութեան, գիտական շրջանակներու եւ մասնաւոր հատուածի հետ», նշած է ան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020