ՀԱՄԱՑԱՆՑՈՎ՝ ՄԻՔԱՅԷԼ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Համացանցի վրայ առաջին անգամ կը ներկայացուի Միքայէլ Նալպանտեանի ամբողջական գրական ժառանգութիւնը։ Այսպէս, «Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի հայ մատենագրութեան թուանշանային գրադարան»ը՝ Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մշակութային դրամաշնորհային ծրագրերու «Գրականութեան հանրահռչակման ուղղուած նախագծեր եւ միջոցառումներ» անուանակարգին մէջ իրականացուող ծրագրով կ՚ապահովէ գրող, հրապարակախօս, քննադատ, յեղափոխական Նալպանտեանի ամբողջ գրական ժառանգութեան մատչելիութիւնն ու հասանելիութիւնը համացանցի վրայ։ Այս ծրագիրը ընթերցողը հաղորդակից կը դարձնէ անոր գրական հայեացքներուն, կ՚ամբողջացնէ գրողի, քննադատի, հրապարակախօսի, յեղափոխականի անոր կերպարը։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը.

«Միքայէլ Նալպանտեանի գրաւոր ժառանգութեան թուայնացումն ու առցանց հրապարակումը աննախադէպ է. առաջին անգամ Նալպանտեանի ամբողջական գրական ժառանգութիւնը համացանցի վրայ կը ներկայացուի՝ կից հիմնարար նալպանտեանագիտական աշխատութիւններով։

«Այն ունի հետեւեալ կառուցուածքը.

«Չափածոյ եւ արձակ գեղարուեստական գործեր, Գրական, հրապարակախօսական, քննադատական յօդուածներ, մատենախօսութիւններ, ուսումնասիրութիւններ, «Յիշատակարան» (1859-1860), Հրապարակախօսական, գրաքննադատական եւ գիտական աշխատութիւններ, Նամակներ եւ զանազան գրութիւններ, Գրառումներ, նշումներ, նկատողութիւններ, քննիչ յանձնաժողովի նիւթեր եւ այլ վաւերագրեր, Նալպանտեանագիտութիւն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020