ՄԱԿ-Ի ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ՆԵՐՍ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ՝ ԴԷՊԻ ՍՈՒՐԻԱ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս երէկ կարեւոր քննարկում մը տեղի ունեցաւ՝ դէպի Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւններու հարցին շուրջ։ 2014 թուականին Անվտանգութեան խորհուրդը որդեգրած էր դրութիւն մը, որով կը կարգաւորուէին դէպի Սուրիա միջսահմանային միջազգային օժանդակութիւնները։ 10 յուլիսին այդ հնարաւորութեան վերաբերեալ որոշումի ժամկէտը պիտի լրանայ, ուստի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէ ներս դարձեալ օրակարգի վրայ եկաւ խնդիրը։ Գերմանիոյ եւ Պելժիոյ կողմէ պատրաստուած էր բանաձեւ մը, որով ցայսօր գործած դրութիւնը պիտի երկարաձգուէր։ Բայց եւ այնպէս, Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս Ռուսաստան եւ Չինաստան վեթոյի ենթարկեցին այդ բանաձեւը։ Այսպէսով Ռուսաստան Անվտանգութեան խորհուրդէ ներս Սուրիոյ վերաբերեալ հարցերու շուրջ արդէն 15-րդ անգամ օգտուած եղաւ իր վեթոյի իրաւունքէն։

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նախատեսած ներկայ ձեւով դէպի Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւններ կը կատարուին Թուրքիոյ վրայով երկու սահմանային անցակէտի միջոցաւ։ Մոսկուայի եւ Փեքինի վեթոյէն վերջ, 10 յուլիսէն սկսեալ այդ անցակէտերու միջոցաւ մարդասիրական օժանդակութեան փոխադրութիւնները պիտի դադրին, եթէ ուրիշ որոշում մը չառնուի։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, քուէարկութենէն վերջ Ռուսաստան տեղեկացուց, որ այս հարցի կապակցութեամբ պիտի ներկայացնէ իր բանաձեւը։ Ռուսական կողմի այդ նախաձեռնութիւնը կը նախատեսէ վեց ամսուան ժամկէտով ՄԱԿ-ի օժանդակութիւններու դէպի Սուրիա առաքումը՝ Թուրքիոյ Ճիլվէկէօզիւ անցակէտին միջոցաւ։

Դէպի Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւններու համար անհրաժեշտ է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումը։ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքի Իտլիպ քաղաքի շուրջ 3 միլիոն բնակիչի 70 տոկոսը կը կարօտի մարդասիրական օժանդակութեան։ ՄԱԿ-ի Մարդասիրական գործերու համակարգման գրասենեակը տարեսկիզբէն ի վեր Թուրքիոյ վրայով, երկու անցակէտերու միջոցաւ 8468 օժանդակութեան շարասիւներ ուղարկած է Սուրիա։ Անցեալ տարի դէպի Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւններու համար Թուրքիայէն կ՚օգտագործուէր չորս անցակէտ։ Մոսկուայի եւ Փեքինի վեթոյին հետեւանքով այդ թիւը իջած էր երկուքի։ Սուրիոյ եւ Յորդանանի ու Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմաններէն ալ մարդասիրական օժանդակութիւնները դադրեցուած էին։

Ռուսական «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, ներկայիս Ռուսաստան կը պնդէ, որ Սուրիայէ ներս իրավիճակի կայունացմամբ պայմանաւորուած այլեւս երկու անցակէտի պահպանման անհրաժեշտութիւնը չկայ։ Մարդասիրական օժանդակութիւնը կարելի է մատակարարել միայն մէկ անցակէտի միջոցաւ, իսկ արեւմտեան պետութիւնները դէմ են այդ բանին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020