ՈՒԵՍԹ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԹԵԿՆԵԾՈ՞Ւ

Քանյէ Ուեսթ յայտարարած է, թէ նպատակ ունի մասնակցելու 2020 թուականի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն։ Այսպէս, յայտնի ռեփըր, Քիմ Քարտաշեանի ամուսինը՝ Քանյէ Ուեսթ, ԱՄՆ-ի անկախութեան օրը՝ յուլիսի 4-ին յայտարարած է, թէ մտադրութիւն ունի մասնակցելու երկրի 2020 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն, սակայն տակաւին յստակ չէ, որ արդեօք երաժիշտը ձեռնամուխ եղա՞ծ է քուէաթերթիկներու մէջ յայտնուելու աշխատանքին, թէ՞ ոչ։

«Այժմ մենք պէտք է գիտակցինք Ամերիկայի խոստումը՝ վստահելով Աստուծոյ, միաւորելով մեր տեսլականը եւ կառուցելով մեր ապագան։ Ես կ՚առաջադրուիմ որպէս ԱՄՆ-ի նախագահի թեկնածու», գրած է Ուեսթ։

«Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ եղած գրառման պատասխանած է Քիմ Քարտաշեան՝ ԱՄՆ-ի դրօշի նկարով։

Նախագահական ընտրութիւններէն չորս ամիս առաջ եղած այս յայտարարութեան վերաբերեալ տակաւին յստակութիւն չկայ։ Յայտնի չէ, արդեօք անուանի կատարողի անունը կը յայտնուի՞ քուէաթերթիկներու վրայ, թէ՞ ոչ։ Որպէս նախագահի անկախ թեկնածու՝ Ուեսթ ընտրութիւններուն մասնակցելու հնարաւորութիւն ունի։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020