ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ԲԱՆԲԵՐԸ ԽՕՍԵՑԱՒ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԲԱՌԱՊԱՇԱՐՈՎ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վերջին շրջանի զանգուածային ցոյցերու ընթացքին Քոլորատոյի նահանգէն ներս Տենվըր քաղաքի հայկական յուշարձանը վնաս կրած էր։ Սպիտակ տան բանբեր Քէյլի ՄաքԷնէնի նախընթաց օրուայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ այս մասին։ Յուշարձանին դէմ կատարուած յարձակումը քննադատելու ժամանակ ան խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին։ Բանբերը նշեց, որ այդ յուշարձանին դէմ կատարուած յարձակումը ծագում կ՚առնէ պատմական գիտութիւններու եւ հասկացութեան պակասէ։ Արդարեւ, այդ յուշարձանը կը խորհրդանշէ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնները ներառեալ՝ գերութիւնը։

Սպիտակ տան բանբերին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան արտայայտութեան օգտագործուիլը լայն արձագանգ ստեղծած է հայկական շրջանակներու մօտ։ Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ սկսած են արձագանգել այս իրադարձութեան։ Նկատի ունենալով, որ բանբերը գրաւոր պատասխան մը ընթերցած է՝ իր խօսքերէն կը հետեւցուի, թէ այս ուղղութեամբ նախօրօք պատրաստութիւն տեսնուած է։

Տեղական մամուլը այս իրադարձութիւնը կը համարէ գայթակղութեան համազօր, իսկ հայկական շրջանակները սա կը համարեն ազդանշան մը, որով ամերիկեան վարչախումբը կրնայ խորացնել իր ընթացքը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ։

Այս բոլորէն վերջ, Սպիտակ տան բանբերը վերստին անդրադարձաւ հարցին եւ տեղեկացուց, որ Ուաշինկթընի վարչակազմի քաղաքականութիւնը Մեծ եղեռնի հարցին մէջ փոփոխութեան չէ ենթարկուած։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2020