ՊԱՏՐԱՆՔՆԵՐՈՎ ԱՊՐԵԼՈՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասսի յայտարարութիւնը այն մասին, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին տեղի ունեցողը «սահմանային միջադէպ է» եւ այդ կազմակերպութիւնը այս պարագային ընելիք չունի, մեծ դժգոհութիւն յառաջացուցած է Հայաստանի մէջ։ Մեր այն քաղաքական շրջանակները, որոնք կը կարծեն, թէ անվտանգութեան համակարգը, որու հովանոցին տակ ներկայիս կը գտնուի Հայաստան, կրնայ փոխարինուիլ ուրիշ համակարգով մը, Զասսի յայտարարութեան մէջ տեսան այն «վերջին կաթիլը», զոր պէտք է մեր պետութիւնը դրդէ ընել այդ վճռական քայլը։

Իշխանամէտ քաղաքական գործիչներն ու հասարակական կազմակերպիչները նոյնպէս, արմատականութեան զանազան աստիճանով, նմանատիպ կարծիք կը յայտնեն։ Նախ արձանագրենք, որ ՀԱՊԿ-ն իսկապէս ձեւական կառոյց մըն է, որ որպէս կազմակերպութիւն, որեւէ մտադրութիւն չունի ապահովելու Հայաստանի անվտանգութիւնը։ Այնտեղ, բացի Ռուսաստանէն, հաւաքուած են պետութիւններ, որոնք աւելի շատ Ատրպէյճանի դաշնակիցներն են, քան Հայաստանի։ Սա չի նշանակեր, սակայն, որ այսօրուայ Հայաստանը քաղաքական եւ ռազմական պաշար ունի իր յարաբերութիւնները փճացնելու ՀԱՊԿ-ի հետ կամ, առաւել եւս, ինչպէս որ որոշ «տաք գլուխներ» խորհուրդ կու տան՝ «դուրս գալ ՀԱՊԿ-էն»։ Սա կը նշանակէր հակադրուիլ Ռուսաստանին՝ երկիր մը, որ, որքան ալ սա հաճելի կամ տհաճ ըլլայ, մեր այս ողբալի վիճակին մէջ միակն է, որ կրնայ ապահովել հայկական, թէկուզ կիսատ-պռատ, պետականութեան պահպանումը։

Հակադրուիլ ՀԱՊԿ-ին կը նշանակէ հակադրուիլ Ռուսաստանին, որու համար այդ կազմակերպութիւնը իր կայսերական յաւակնութիւններու դրսեւորումներէն մին է։ Մեր այսօրուայ իշխանութիւնը այնքան անհեռատես էր, որ ինչ-ինչ ամբոխավարական մղումներէ ելնելով, որոշեց «փակել» ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը՝ այն ալ մեղադրանքով մը, զոր ապագային չկարողացաւ ապացուցանել։

Այո, ՀԱՊԿ որեւէ ցանկութիւն չունի օգնելու մեզի, որպէսզի Ատրպէյճանի զինուորները դուրս գան մեր ինքնիշխան տարածքէն։ Ռուսաստանն ալ այս հարցին մէջ մեզի օգնելու որեւէ ցանկութիւն չունի։ Կը կասկածիմ, թէ այստեղ մեզի կրնան օգտակար ըլլալ նաեւ Ֆրանսան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, ՄԱԿ-ը։ Խնդիրը, ինձ կը թուի պարզ է. եթէ դուն այնքան խեղճ ու անճարակ ես, որ չես կարողանար պաշտպանել քու սահմանները օտարի ներխուժումէն եւ այնքան անխելք ես, որ կը յայտարարես, թէ պէտք է կրճատես քու բանակը, ինչու պէտք է ոեւէ մէկը քեզի օգնէ։ Այնպէս, որ Ռուսաստանի «երեսին տալ»՝ մանաւանդ, երբ սա կ՚ընեն իշխանամէտ շրջանակները, մեղմ ըսուած, տեղին չէ։

Հարցը այն չէ, որ Ռուսաստանի մէջ հաստատուած վարչախումբը կամ այդ երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը մեզի դի՞ւր կու գայ, թէ ոչ։ Անձամբ ես շատ կը ցանկանայի, որ Հայաստան ըլլար Սլովենիայի կամ Էսթոնիայի կարգավիճակով՝ անկէ բխած քաղաքային եւ մշակութային առանձնայատկութիւններով։ Բայց ուղեղը անջատելն ու երազանքներով ապրիլը կը բերէ այն իսկ իրավիճակին, որու մէջ մենք հիմա կը գտնուինք։ Եւ սա մեր փորձանքներու վերջինը չէ, եթէ շարունակենք ցանկալին դիտել իրականին տեղ։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021