ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՎ

Պաքուի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Փարիզը թիրախաւորել՝ Երեւանի կողքին միակողմանիօրէն դիրք գրաւելու պնդումներով։ Վերջին օրերուն Ատրպէյճան-Ֆրանսա-Հայաստան առանցքին վրայ ծագեցաւ բանավէճ մը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ ունեցած վերջին հեռախօսազրոյցի լոյսին տակ։ «Ֆրանսա կ՚աջակցի բանակցութիւններու միջոցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու պահպանման Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ Հայաստանի անկեղծ ջանքերուն», այս առթիւ յայտնեց ան։

Գրառման մէջ ան մատնանշեց, որ այս մօտեցումը յանձնած է Արարատ Միրզոյեանի նկատառման։

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2023