ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒՄԸ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա կ՚ակնկալէ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ ստորագրումը։
Ատրպէյճանի տանտիրութեամբ՝ շաբաթավերջին Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան անպաշտօն գագաթաժողովը։ Ղեկավարներու մէկտեղումէն առաջ տեղի ունեցաւ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հաւաքը։ Հաքան Ֆիտան այս փուլին շեշտեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան համար ստեղծուած է պատմական հնարաւորութիւն։ Ան համոզուած է, թէ սա հնարաւորութիւն մըն է ո՛չ միայն տարածաշրջանային երկիրներուն, այլեւ՝ միջազգային փոխադրութեան հանգոյցներու ապաշրջափակման համատեսքին մէջ։ Նախարարը այդ հնարաւորութիւնը արժեւորեց, նաեւ ո՛չ միայն թրքական աշխարհի, այլեւ՝ համաշխարհային անվտանգութեան տեսակէտէ։
Շուշիի մէջ կազմակերպուած անպաշտօն գագաթաժողովին Թուրքիան ներկայացուց Հանրապետութեան փոխ-նախարար Ճեւտէտ Եըլմազ՝ քանի նախագահ Էրտողան Գերմանիա մեկնած էր՝ Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան քառորդ եզրափակիչին Պերլինի մէջ հետեւելու համար Թուրքիա-Հոլանտա մրցումին։ Շուշիի անպաշտօն գագաթաժողովին մասնակցեցան նաեւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթար, ինչպէս նաեւ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան։ Այս վերջնոյն մասնակցութիւնը տարակարծութեան պատճառ դարձաւ Պրիւքսէլ-Պուտափեշտ առանցքին վրայ։ Արդարեւ, Հունգարիան ներկայիս ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկիրն է։ Յամենայնդէպս, Պրիւքսէլէն հաղորդուեցաւ, որ Օրպանի մասնակցութիւնը եւրոպական կողմին հետ չէր համաձայնեցուած։ ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորէլն ալ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ, որ Օրպան չի ներկայացներ ԵՄ-ն։
Ըստ քաղաքական մեկնաբաններու, Պրիւքսէլի մէջ անհանգստութեան պատճառ դարձած է այն հաւանականութիւնը, թէ Օրպանի եւ Թաթարի նոյն հարթակին վրայ յայտնուիլը կրնայ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ Եւրոմիութիւնը կը ճանչնայ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւնը։
Միւս կողմէ, Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմէրտ Թոքայեւ Շուշիի մէջ յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն կը հաստատուի։ Ան ընդգծեց, որ իր երկիրը պատրաստակամ է հարթակ առաջարկելու Երեւան-Պաքու հաշտութեան բանակցութիւններուն համար։
Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին անդրադարձաւ Իրանի նախագահական ընտրութեան արդիւնքին։ Ան նշեց, որ նորընտիր Մեսուտ Փեզեշքիան իրականութեան մէջ ազէրի արմատներով թուրք մըն է։ «Յառաջիկային Թուրքիա-Իրան յարաբերութիւնները առաջ Աստուած աւելի լաւ պիտի ըլլան», ըսաւ Էրտողան։