«ՀԱՅՓՈՍՏ» ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹ ՄԸ ԹՈՂԱՐԿԵՑ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ
Համահայկական վեցերորդ խաղերը կը շարունակեն ամբողջ աշխարհի հայութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Այս մթնոլորտին մէջ, Համահայկական վեցերորդ խաղերուն ձօնուած դրոշմաթուղթեր թողարկուեցան Հայաստանի թղթատարական ընկերութեան՝ «Հայփոստ»ի կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ նամականիշները արդէն սպառման դուրս եկան ամբողջ աշխարհի մէջ։ Նախընթաց օր Երեւանի մէջ կազմակերպուած այդ դրոշմաթուղթերու կնքնման արարողութիւնն ալ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Գեղաթերթիկները կնքեցին Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի փոխ-նախարար Գագիկ Թադէոսեան, «Հայփոստ»ի ընդհանուր գործադիր տնօրէն Հայկ Աւագեան, Հայաստանի Ֆիլաթելիստներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան, ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեան Վաղինակ Գալստեան, ինչպէս նաեւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամներէն Հերմինէ Տիւզեան, Տիգրան Ալթուն եւ Յակոբ Գըրմըզեան։
Գագիկ Թադէոսեանի խօսքով, բարի աւանդոյթ դարձած է յատկանշական բոլոր ձեռնարկներուն ձօնուած գեղաթերթիկ, դրոշմաթուղթ կամ ծրար ունենալը։
Համահայկական վեցերորդ խաղերուն ձօնուած գեղաթերթիկին վրայ պատկերուած են խաղերու ոսկէ մետայլին դիմերեսը եւ դարձերեսը, ոճաւորուած պատկերուած են խաղերու լոկոն եւ բաժակը, ինչպէս նաեւ նշուած են անունները այն քաղաքներուն, որոնք կը հիւրընկալեն մրցաշարքները՝ Երեւան, Կիւմրի, Վանաձոր, Ստեփանակերտ։ Դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է մարզադաշտ մը՝ վեց հիմնական մարզաձեւերով, ինչպէս նաեւ դարձեալ Համահայկական խաղերու լոկոյով։ Այս բոլորին գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարուած է Դաւիթ Տովլաթեանի կողմէ։