ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ՌԱԿ) Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ա­րե­ւե­լեան ա­փի եւ Գա­նա­տա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­կումբ­նե­րուն 83-րդ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը վեր­ջերս գու­մա­րուե­ցաւ Պոս­տո­նի մէջ: Մոն­րէա­լի «Ա­պա­գա­յ» շա­բա­թա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­մա­գու­մա­րը տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­տեսուած թուա­կա­նէն ա­ւե­լի ուշ, կարգ մը դժուա­րու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռաւ: Ներ­կայ էին Պոս­տո­նի, Նիւ Եոր­քի, Ֆի­լա­տել­ֆիոյ, Տիթ­րո­յի­թի, Մոն­րէա­լի եւ Թո­րոն­թո­յի ա­կումբ­նե­րը ներ­կա­յաց­նող քսա­նե­րեք պատ­գա­մա­ւոր­ներ: Ա­ռա­ջին հեր­թին ժո­ղո­վը ընտ­րեց դի­ւա­նի ա­տե­նա­պե­տը՝ ՌԱԿ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­ցեա­լի եր­կա­րա­մեայ ա­տե­նա­պետ՝ Տքթ. Ար­շա­ւիր Կէօն­ճեա­նը, եւ ա­տե­նադ­պի­րը՝ Տքթ. Յա­րու­թիւն Ար­զու­մա­նեա­նը։

Օ­րա­կար­գը կ՚ընդգր­կէր ա­կումբ­նե­րու եւ մա­մու­լի տե­ղե­կագ­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մը եւ ա­նոնց խոր­քա­յին քննար­կումն ու վա­ւե­րա­ցու­մը: Ժո­ղո­վը ա­պա հիմ­նա­կան ո­րո­շում­ներ որ­դեգ­րեց նկա­տի ու­նե­նա­լով կազ­մա­կերպ­չա­կան անհ­րա­ժեշտ փո­փո­խու­թիւն­ներ, եւ այդ նպա­տա­կաւ ծրագ­րեր մշա­կեց հե­տե­ւո­ղու­թեամբ Սփիւռ­քի, Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի հայ­կա­կան կեան­քի պա­հանջ­նե­րուն:

Օ­րա­կար­գին վրայ յա­տուկ բա­ժին յատկա­ցուած էր Հա­յաս­տա­նի մէջ ՌԱԿ-ի կազ­մա­կերպ­չա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոնց հետ ներ­կու­սակ­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն: Գո­հու­նա­կու­թեամբ ար­ձա­նագրուե­ցաւ, որ վեր­ջերս ՌԱԿ Ե­րե­ւա­նի մէջ տի­րա­ցած էր կեդ­րո­նա­տե­ղիի մը, որ պի­տի ծա­ռա­յէր Հա­յաս­տա­նի ՌԱԿ-ի եւ Սփիւռ­քի քոյր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն:
Յա­տուկ քննար­կում­ներ կա­տա­րուե­ցան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու նիւ­թին շուրջ, թէ՛ բո­վան­դա­կու­թեան եւ թէ կազ­մի ա­ռում­նե­րով: Շեշ­տուե­ցաւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը քայլ պա­հե­լու փոր­ձա­գի­տու­թեան զար­գաց­ման հետ: Անդ­րա­դառ­նա­լով Պոս­տո­նի «Տը Ար­մի­նիըն Միր­րըր Սփեք­թէյ­թըր» եւ Մո­րէա­լի «Ա­պա­գայ» շա­բա­թա­թեր­թե­րուն, գնա­հա­տան­քով ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ այս զոյգ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու բարձր մա­կար­դա­կը: Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը տե­ղե­կա­ցան նաեւ, թէ լուրջ աշ­խա­տանք կը տա­րուի զոյգ թեր­թե­րու թուայ­նա­ցու­մի յա­ւե­լեալ ար­դիա­կա­նաց­ման հա­մար: Այս կա­պակ­ցու­թեամբ նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րու ան­բա­ւա­րա­րու­թիւ­նը նկա­տի առ­նուե­ցաւ եւ ա­ռա­ջարկ­ներ ներ­կա­յա­ցուե­ցան մա­տա­կա­րար­ման նոր աղ­բիւր­ներ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար:

Նկա­տի առ­նուե­ցաւ, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին բա­րե­րար­ներ եւ ընդ­հա­նուր հան­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի հա­կա­մէտ կը թուի ըլ­լալ յատ­կա­ցում­ներ կա­տա­րե­լու ո­րոշ բա­րեն­պա­տակ կա­րիք­նե­րու, ան­տե­սե­լով լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը, հա­կա­ռակ այն ի­րո­ղու­թեան, թէ մա­մու­լը ու­նի կեն­սա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը թափան­ցե­լու ան­հատ­նե­րու եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու մտայնու­թիւն­նե­րուն ու կազ­մա­ւո­րե­լու հան­րա­յին կար­ծի­քը:

Ա­ւար­տե­լէ ետք քննար­կու­մը պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նը բո­լո­րած Շրջա­նա­յին վար­չութեան տե­ղե­կագ­րու­թիւն­նե­րուն եւ անց­նող շրջա­նի գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն՝ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ձեռ­նար­կե­ցին նոր վար­չու­թեան ընտ­րու­թեան, եր­կու տա­րուան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը հա­մար: Ընտ­րուած կամ վե­րընտ­րուած ցան­կով կազ­մուե­ցաւ նոր Շրջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը ըստ հե­տե­ւեա­լի. Ե­րուանդ Ա­զա­տեան (ա­տե­նա­պետ), Բաբ­գէն Մկը­րեան (փոխ-ա­տե­նա­պետ), Մա­րօ Պետ­րո­սեան (քար­տու­ղար), Գէորգ Մա­րաշ­լեան (գան­ձա­պահ), Ա­բէթ Թո­րո­սեան, Տքթ. Ար­մէն Տէ­միր­ճեան, Գէորգ Թիւ­թիւն­ճեան, Տքթ. Վա­ղինակ Դար­բի­նեան, Վար­դան Ի­լան­ճեան, Հրաչ Թո­րի­կեան եւ Յա­կոբ Ա­լեք­սա­նեան (ան­դամ­ներ): Նո­րըն­տիր Շրջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը Յա­կոբ Վար­դի­վա­ռեա­նը նշա­նա­կեց որ­պէս ա­տե­նա­պետ Մամ­լոյ դի­ւա­նի:

ԿԱԶ­ՄԱ­ԿԵՐՊ­ՉԱ­ԿԱՆ ՄԱՐ­ՏԱՀ­ՐԱ­ՒԷՐ­ՆԵՐ

Յա­տուկ նիստ մը նուի­րուե­ցաւ խոր­քա­յին քննար­կում­ներ կա­տա­րե­լու ՌԱԿ-ի այժ­մու կազ­մա­կեր­պչա­կան կա­ցու­թեան եւ հայ­կա­կան աշ­խար­հի ի­րա­կա­նու­թեան մէջ իր դիր­քո­րոշ­ման վե­րա­բե­րեալ:

Ներ­կա­նե­րէն շա­տեր յայտ­նե­ցին ի­րենց խոր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը եւ յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րը ի տես ՌԱԿ-ի կեդ­րո­նա­կան կա­ռոյ­ցի քայ­քայ­ման: Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր օ­րի­նա­կան Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան մը չգո­յու­թիւ­նը եւ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն ա­նոր բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ազ­գա­յին կեան­քէ ներս յա­ռա­ջա­ցու­ցած է ա­նըն­դու­նե­լի վնաս մը կու­սակ­ցու­թեան եւ ազ­գին մէջ:

Ար­դա­րեւ, ՌԱԿ-ի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Գա­նա­տա­յի Ա­րե­ւե­լեան շրջա­նը կա­րո­ղա­ցած է պա­հել գոր­ծօն եւ ար­դիւ­նա­բեր գո­յու­թիւն մը: Ա­նոր յարգուած մե­տիան եւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն գոր­ծօն դեր կա­տա­րե­լու, որ անհ­րա­ժեշտ է տա­րա­ծել Սփիւռ­քի մէջ: Ան­կեղծ եւ շի­նիչ գա­ղա­փար­նե­րու փո­խա­նա­կու­մով բա­ցա­յայտ դար­ձաւ, որ ՌԱԿ-ը պէտք է նա­խա­ձեռ­նէ մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նի­շով հիմ­նա­կան վե­րա­կազ­մա­կեր­պուա­ծու­թեամբ զայն վե­րա­դարձ­նե­լու իր ան­ցեա­լի յար­գա­լից վի­ճա­կին, երբ իր բո­լոր շրջա­նակ­նե­րը կ՚ու­նե­նա­յին օգ­տա­շատ դեր մը եւ ՌԱԿ-ը վե­րա­ծած էին գլխա­ւոր եւ ազ­դե­ցիկ կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, որ յա­ռա­ջա­ցու­ցած է կա­յու­նու­թիւն ու ար­դիւ­նա­ւո­րու­թիւն ամ­բողջ ազ­գա­յին կեան­քին մէջ:

Տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար, հա­մա­գու­մա­րի ա­տե­նա­պետն ու նո­րըն­տիր Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը տե­ղե­կա­ցու­ցին ման­րա­մաս­նեալ քայ­լե­րը, ո­րոնք ձեռք առ­նուած են մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին, ՌԱԿ-ը դուրս բե­րե­լու հա­մար իր ներ­կայ ան­բաղ­ձա­լի վի­ճա­կէն: Նուա­զա­գոյ­նը եր­կու շատ լուրջ փոր­ձեր կա­տա­րուե­ցան վե­րաց­նե­լու հա­մար լու­ծու­մի ար­գելք­նե­րը, ո­րոնք իս­կու­թեան մէջ գլխա­ւո­րա­բար անձ­նա­կան հա­կա­մար­տու­թիւն­ներ են եւ կարգ մը ան­կա­րող ան­հատ­նե­րու ճի­գերն են պահ­պա­նե­լու ի­րենց դիր­քե­րը:

Շեշ­տուե­ցաւ, թէ Սփիւռ­քի տա­րած­քին տար­բեր շրջա­նակ­նե­րու ՌԱԿ-ի ան­դամ­ներ ի­րենց դա­տա­պար­տու­թիւն­նե­րը բարձ­րա­ձայ­նած են այս կա­ցու­թեան մա­սին եւ խստօ­րէն յայտ­նած են, թէ այ­լեւս պի­տի չհան­դուր­ժեն այս կա­ցու­թեան, ուր փոք­րա­թիւ ան­կա­րող ան­հատ­ներ կը շա­րու­նա­կեն ա­նօ­րի­նա­բար ղե­կա­վա­րի դեր խա­ղալ, թոյլ տա­լով որ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ձա­խո­ղի հայ ազ­գի գե­րա­գոյն շա­հե­րու ի նպաստ եւ Սփիւռ­քի մէջ իր կեն­սա­կան դե­րը կա­տա­րե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ: Եզ­րա­կաց­նե­լով, միա­ձայ­նու­թեամբ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ, թէ անհ­րա­ժեշտ է խո­շոր ճիգ մը կա­տա­րել կոչ ուղ­ղե­լով ՌԱԿ-ի գոր­ծու­նեայ շրջա­նակ­նե­րուն, միա­ցեալ ճի­գե­րով վե­րա­կազ­մա­կեր­պել ամ­բողջ ՌԱԿ-ի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծօն ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը, վե­րա­դարձ­նե­լու հա­մար այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ան­ցեա­լի հա­յաշ­խար­հին մէջ իր ար­դիւ­նա­բեր եւ յար­գա­լից վի­ճա­կին:

Հա­մա­գու­մա­րը իր եզ­րա­փա­կիչ նիս­տը ա­ւար­տին հաս­ցուց խան­դա­վառ մթնո­լոր­տով, ակն­կա­լե­լով յա­ռա­ջի­կայ ի­րա­գոր­ծում­ներ յօ­գուտ հայ ազ­գին։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2015