ԱՂԷՏԸ ՀՈՐԻԶՈՆԻՆ ՎՐԱՅ

Հա­լէ­պի շուրջ ըն­թա­ցող ծանր մար­տե­րուն հե­տե­ւան­քով փա­կուած է նաեւ մայ­րա­քա­ղաք Դա­մաս­կո­սը Հա­լէ­պին կա­պող միակ ցա­մա­քա­յին՝ Խա­նա­սէ­րի ճամ­բան: Ըստ «Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րուն, այդ ճա­նա­պար­հի փա­կու­մով Հա­լէպ զրկուած է տար­րա­կան սնուն­դի հիմ­նա­կան ապ­րան­քա­տե­սակ­նե­րէն. օ­րի­նակ՝ մի­սը, բան­ջա­րե­ղէնն ու պտուղ­նե­րը: Վեր­ջին ժա­մե­րուն քա­ղա­քին մէջ նոյն­պէս զգա­լի դար­ձած է տար­բեր տե­սա­կի վա­ռե­լա­նիւ­թի պա­կա­սը: Վա­ռե­լա­նիւ­թի պա­կա­սին հե­տե­ւան­քով, քա­ղա­քի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ գոր­ծող եւ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն մա­տա­կա­րա­րող շար­ժակ­նե­րը սկսած  են սահ­մա­նա­փա­կել ի­րենց աշ­խա­տան­քը: Հայ­կա­կան շրջան­նե­րը մատ­նուած են բա­ւա­կան մտա­հո­գիչ վի­ճա­կի մը մէջ:  Սննդե­ղէ­նի հիմ­նա­կան ապ­րանք­ներ վա­ճա­ռող խա­նու­թ­ներ այ­սօր ամ­բողջ օ­րը փակ պա­հած են ի­րենց դռնե­րը, իսկ Հա­լէ­պի հայ­կա­կան  թա­ղա­մա­սե­րը, ինչ­պէս՝ ամ­բողջ Հա­լէ­պի շրջան­նե­րը՝ ե­ղած են լուռ եւ ա­մա­յի: Նշենք, որ հինգ օ­րէ ի վեր Հա­լէպ կը  գո­յա­տե­ւէ ա­ռանց ջու­րի, հա­մա­ցան­ցի  եւ ե­լեկտ­րա­կան  հո­սան­քի:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2016