ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ԱՐԳԵԼՔ՝ ՀԱՅՔՕ ՊԱՂՏԱՏԻ ՀԱՄԱՐ

Յու­լիս 15-ի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ ձեռ­նար­կուած լայ­նա­ծա­ւալ հե­տաքն­նու­թեան շրջագ­ծով ար­տա­սահ­ման դուրս գա­լու ար­գելք սահ­մա­նուե­ցաւ լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Հայ­քօ Պաղ­տա­տի հա­մար։ Այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը ար­ձա­գանգ գտաւ նաեւ տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ։

«Թուի­թըր»ի վրայ Հայ­քօ Պաղ­տատ յայտ­նեց, թէ նոր վե­րա­դար­ձած էր ար­տա­սահ­մա­նէն, հսկո­ղու­թեան տակ չէ առ­նուած, սա­կայն իր ան­ցա­գի­րը առ­նուած է իր­մէ։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2016