ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՒԱՔ
Պաքուի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը։ Տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր ժամադրութիւն մըն է այս մէկը։ Երեք ղեկավարները միասնաբար տեսակցելու առընթեր իրարու միջեւ կ՚ունենան նաեւ առանձնազրոյցներ։ Քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
Հասան Ռուհանի այսօրուան եռակողմանի հաւաքէն օր մը կանուխ մեկնեցաւ Պաքու, ուր երէկ հիւրընկալուեցաւ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը, նաեւ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնց ներկայութեամբ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ շարք մը փաստաթուղթեր ստորագրուեցան։ Պաքուի մէջ կազմակերպուած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ալիեւ յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ իրազեկած է Ռուհանին։ Իր կարգին, Ռուհանին ալ յայտնեց, որ Իրան պատրաստակամ է իր հնարաւորը ընելու՝ նպաստելու համար ղարաբաղեան հարցի լուծման։ Թեհրան կը խրախուսէ այս ուղղութեամբ բանակցութիւնները։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ռուհանի յայտնեց, որ Իրան կը պաշտպանէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ պատրաստ է իր կարելին ընելու՝ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման համար։
Պաքուի այսօրուան եռակողմանի հաւաքին ընդառաջ Վլատիմիր Փութին հարցազրոյց մը տուաւ Ատրպէյճանի լրատուական գործակալութիւններէն մէկուն։ Այս առթիւ ան յայտնեց, թէ Մոսկուա չի փորձեր ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման պատրաստի լուծումներ պարտադրել Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին։ Այս հարցին շուրջ հարկաւոր են հաւասարակշռուած փոխզիջումներ։ «Կողմերը պէտք է իրենք համաձայնութեան հասնին, առանց արտաքին ճնշման, գտնեն փոխադարձ ընդունելի լուծում մը. սա է մեր հաստատ դիրքորոշումը», ըսաւ Փութին։
Նոյն հարցազրոյցին մէջ ռուս ղեկավարը մատնանշեց, թէ իր երկիրը մենաշնորհի չի յաւակնիր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծում մը գտնելու հարցին մէջ։ Ան ըսաւ, որ ռուսական կողմը կ՚աշխատի արեւմտեան գործընկերներուն հետ ու կը յուսայ, թէ միասնական ջանքերով լուծում մը պիտի գտնուի։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք վերջին օրերուն տեղեկացուց, թէ միջնորդները չեն պատրաստուիր մօտաւոր ապագային այցելել հակամարտութեան տարածքաշրջան, սակայն նախագահներու նոր հանդիպում մը կազմակերպելու նպատակով աշխոյժ շփման մէջ կը գտնուին հակամարտ կողմերուն հետ։ Ուորլիքի կողմէ մատուցուած այս տուեալը հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ նաեւ Պաքուի այսօրուան ժողովին տեսակէտէ։ Փութին, որ վերջին անգամ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ կազմակերպած էր նախագահներու մակարդակով հանդիպում մը, այսօր կը մէկտեղուի Ալիեւի հետ։ Չորեքշաբթի օրն ալ ան պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանը։ Ռուս ղեկավարի շփումներուն լոյսին տակ հաւանական կրնայ դառնալ նախագահներու նոր տեսակցութիւն մը։
Միւս կողմէ, Պաքուի մէջ այսօր նախատեսուած է նաեւ Փութին-Ռուհանի հանդիպումը։ Վերջին շրջանին Մոսկուա եւ Թեհրան համաձայնեցան՝ Իրանի մէջ ութ նոր աթոմակայանի կառուցման ծրագրերուն շուրջ։