ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՂԱՂԱԿ

Ե­նի­գա­բուի հրա­պա­րա­կէն ե­րէկ բարձ­րա­ցաւ ժո­ղո­վր­­դա­վա­րու­թեան ա­ղա­ղակ մը, որ ար­ձա­գանգ գտաւ բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ, Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թեան եւ գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ նա­հա­տակ­նե­րու հան­րա­հա­ւա­քը», ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ շուրջ 5 մի­լիոն հո­գի։ Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նի պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն ցոյ­ցը հան­դի­սա­ցաւ այս պատ­մա­կան հան­րա­հա­ւա­քը, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ե­ղաւ Յու­լիս 15-ի պե­տա­կան հա­րուա­ծի ձա­խող փոր­ձէն վերջ բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ ստեղ­ծուած միաս­նա­կա­նու­թեան մթնո­լոր­տին գա­գաթ­նա­յին դրսե­ւո­րու­մը։

Հան­րա­հա­ւա­քի ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան, Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Իս­մա­յիլ Քահ­րա­ման, Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ, ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու, ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լի եւ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար։

Էր­տո­ղան հան­րա­հա­ւա­քի ըն­թաց­քին ու­նե­ցած ե­լոյ­թին մէջ նշեց, որ Յու­լի­սի 15-ը յաչս ամ­բողջ աշ­խար­հի ա­պա­ցու­ցա­նած է, թէ Թուր­քիա փուլ պի­տի չգայ։

«Բո­լորս միաս­նա­բար պի­տի ըլ­լանք Թուր­քիա», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ ա­ւել­ցուց, թէ ոե­ւէ մէ­կը պի­տի չկա­րե­նայ գե­րե­վա­րել ազ­գը։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, Յու­լի­սի 15-ին դի­մադ­րու­թեան հա­մար վեր յա­ռած ո­գին պէտք է ար­ժե­ւո­րուի։ Յու­լի­սի 15-ը պէտք է ըլ­լայ ան­կիւ­նա­դարձ մը՝ ա­ւե­լի հզօր եւ ա­ւե­լի բա­րօր Թուր­քիան կա­ռու­ցե­լու հա­մար։

Հան­րա­հա­ւա­քի ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, թէ այս Չո­րեք­շաբ­թի այ­լեւս վերջ պի­տի գտնէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հեր­թա­պա­հու­թիւ­նը։

Ե­նի­գա­բուի ե­րէ­կուան հան­րա­հա­ւա­քը լայն ար­ձա­գանգ գտաւ նաեւ մի­ջազ­գա­յին զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։ Հա­ւա­քը տե­սասփ­ռուե­ցաւ նաեւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2016