ՄԵԿՈՒՍԱՑՄԱՆ ԴԷՄ ՔԱՅԼ

Մերձաւոր Արեւելքի լարուած իրավիճակին մէջ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը այցելեց Պաղեստին։ Սա կը մեկնաբանուի որպէս զօրակցութեան այցելութիւն մը։ Արդարեւ, Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլ վերջին շրջանին փորձեց սահմանափակել Մեսճիտ-ի Աքսա մուտքերը։ Յորդանանի թագաւորը, որ մահմետական ու քրիստոնէական սրբավայրերու պահապանի տիտղոսը կը կրէ, երէկ ուղղաթիռով մեկնեցաւ Արեւմտեան Շերիա։ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպաս եւ միւս բարձրաստիճան պաշտօնատարները Յորդանանի թագաւորը դիմաւորեցին հանդիսաւոր արարողութիւնով։ Այսպէսով, Յորդանանի թագաւորը հինգ տարուան ընդհատումէ մը վերջ վերստին այցելած եղաւ Ռամալլահ։

Պաղեստինեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Ապտուլլահ Բ. թագաւորն ու Մահմուտ Ապպաս քննարկեցին տարածքաշրջանային իրադարձութիւնները։ Այս այցելութիւնը կը մեկնաբանուի որպէս Յորդանանի ակնյայտ զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Պաղեստինի։ Հաշուի առնելով, որ Իսրայէլ վերջին շրջանին կը ջանայ մեկուսացնել Պաղեստինը՝ Ապտուլլահ Բ. թագաւորին այցը միեւնոյն ժամանակ այդ մեկուսացման դէմ քայլ մը կը համարուի։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2017