ՄՈԿԵՐԻՆԻ-ԼԱՒՐՈՎ ԶՐՈՅՑ

Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով հանդիպում մը ունեցան Մանիլայի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը անդրադարձան Եւրոմիութեան եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններու ընթացքին։ Մոկերինի եւ Լաւրով Փիլիպեաններու մայրաքաղաքին մէջ կը գտնուէին մասնակցելու համար Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երկիրներու միութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու 50-րդ ժողովին։

ԵՄ-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն առընթեր, Սէրկէյ Լաւրով եւ Ֆետերիքա Մոկերինի քննարկեցին միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերը։ Այս ամբողջին մէջ անոնք անդրադարձան Սուրիոյ եւ Ուքրայնոյ իրադրութեան։ Լիպիոյ կացութիւնն ալ եկաւ օրակարգի վրայ։

Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Սէրկէյ Լաւրով վերջին անգամ հանդիպած էին Յուլիսի սկիզբին Պրուքսելի մէջ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2017