ՆՈՐ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը յառաջիկայ շրջանին վերստին պիտի գայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ։ APA գործակալութեան հաղորդումներուն հիման վրայ ամերիկահայ «Ասպարէզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի յառաջիկայ 72-րդ ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ կը գտնուի նիւթ մը՝ «Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքներու իրավիճակը» խորագրին ներքեւ։ Ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ 12-25 Սեպտեմբեր թուականներուն։ Հարկ է նշել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը ՄԱԿ-ի անցեալ՝ 71-րդ ընդհանուր ժողովի եւս օրակարգին վրայ էր, սակայն չէր քննարկուած։

Քանի մը տարի առաջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս Ատրպէյճանի ջանքերով քննարկուած էր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա, որոնք միջնորդի առաքելութիւն կ՚իրականացնեն, պահած էին չէզոք դիրք։ Հայկական կողմը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեւաչափէն դուրս, միջազգային այլ հարթակներու վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնա-խընդրի քննարկումը կը համարէ Ատրպէյճանի նախաձեռնութեամբ կարգաւորման բանակցութիւնները տապալելու փորձ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2017