ԱՆԳԱՐԱ-ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ այսօր տեղի կ՚ունենան կարեւոր բանակցութիւններ։ Վերջին շրջանին Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ յառաջացած է ձգտեալ վիճակ մը։ Թէեւ որոշ ժամանակաշրջանէ մը ի վեր վերիվայրումներ եւ լարուածութիւններ կը ծագին երկու դաշնակից պետութիւններուն միջեւ, սակայն այս անգամուանը աւելի արտասովոր ըլլալ կը թուի, որովհետեւ արդէն խնդիրները հասած են փոխադարձ պատժամիջոցներ սահմանելու մակարդակին։ Ներկայ տագնապալի կացութեան հիմնական պատճառն է Թուրքիոյ մէջ պատուելի Պրանսընի տնային կալանքի ենթարկուած ըլլալը։ Տեղական լրատուամիջոցները օրերէ ի վեր կը գրեն, որ առկայ խնդիրները ունին ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան վերաբերեալ ծալքեր եւ ԱՄՆ-է ներս ընթացքի մէջ գտնուող՝ Թուրքիոյ տեսակէտէ նուրբ նշանակութեամբ դատավարութիւններ։

Այս բարդ մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Սինկափուրի մէջ ունեցած էին կարեւոր հանդիպում մը։ Երկու մայրաքաղաքներն ալ նախարարներու այդ հանդիպումը ներկայացուցին դրական շեշտով։ Արտաքին  գործոց նախարարներու հանդիպումէն անմիջապէս վերջ, երէկ ալ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի եւ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մաթիսի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը։ Օրակարգի վրայ եկան պաշտպանական բնագաւառէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւնները, Սուրիոյ տանգապի ներկայ փուլը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ համագործակցութիւնը։ Բաց աստի, Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ շեշտուեցաւ, որ հակառակ առկայ լարուածութիւններուն՝ ԱՄՆ Թուրքիոյ ամուր բարեկամն ու դաշնակիցը ըլլալ կը շարունակէ։ Յիշեցուեցաւ նաեւ, որ երկու երկիրները ունին աշխոյժ տնտեսական յարաբերութիւններ։

Նախարարներու մակարդակով այս շփումներուն զուգահեռ երէկ երեկոյեան Թուրքիայէն պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Ուաշինկթըն։ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց, արդարադատութեան եւ գանձի ու ելմտական նախարարութիւններէն ներկայացուցիչներ։ Այս պատուիրակութիւնը այսօր արդէն բանակցութիւններու կը ձեռնարկէ Ուաշինկթընի մէջ՝ որպէսզի հնարաւոր դառնայ յաղթահարել Թուրքիա-ԱՄՆ առանցքին վրայ կուտակուած շարք մը խնդիրները։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, խնդրայարոյց բոլոր նիւթերը պիտի գտնուին բանակցային սեղանին վրայ։ Պատուելի Պրանսընի խնդիրը, ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի Թուրքիա արտայանձնումը եւ մնացեալ բոլոր բարդ խնդիրները պիտի շօշափուին քննարկումներուն ընթացքին։ Թրքական պատուիրակութեան այցելութիւնը կը զուգադիպի այն շրջանին, երբ ԱՄՆ վերահաստատած է Իրանի դէմ պատժամիջոցներ։ Թուրքիա կարեւոր քանակութեամբ բնական կազ կը ներածէ Իրանէն, հետեւաբար, այդ բռնամիջոցները կրնան նոր դժուարութիւններ յառաջացնել ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններուն մէջ։ Հետեւաբար, համապատասխան հարցերն ալ մաս պիտի կազմեն քննարկումներու օրակարգին։

ԴԷՊԻ ՊԵՐԼԻՆ

Միւս կողմէ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան 28-29 սեպտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Պերլին։ Այս տեղեկութիւնը փոխանցուեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի գրասենեակէն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2018