ՓՈԽԸՄԲՌՆՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ուքրայնոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան զինուորական արարողութիւնով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։ Աւելի վերջ երկու ղեկավարները ունեցան առանձնազրոյց մը եւ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Երկու նախագահները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Էրտողան պաշտօնական ընթրիք մըն ալ սարքեց ի պատիւ ուքրանացի ղեկավարին։
Անգարայի եւ Քիեւի ղեկավարութիւնները այս շրջանին փոխըմբռնման որոնումներու մէջ են։ Երէկուան բանակցութիւններն ալ առիթ հանդիսացան, որպէսզի կողմերը ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեն տարածքաշրջանի իրադրութիւնը։ Ներկայիս անոնք կը ձգտին թափ տալ իրենց համագործակցութեան։
Նախագահ Էրտողան ասուլիսի ընթացքին հերթական անգամ շեշտեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ պաշտպանել Ուքրայնոյ տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Խրիմը։ Իր կարգին, Զելենսքին ալ կոչ ուղղեց թրքական գործարար աշխարհին, որպէսզի երթայ Ուքրայնա եւ ընէ ներդրումներ։
Այսօր Զելենսքիի այցելութեան ծրագիրը կը շարունակ-ւի Իսթանպուլի մէջ։ Ան կ՚այցելէ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, ուր կը հիւրընկալուի Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերականաց Պատրիարքին կողմէ։