ՀԲԸՄ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ԼԾՈՒԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) արդէն շարժման անցած է Լիբանանի հայութեան օժանդակութիւն փութացնելու համար։ ՀԲԸՄ-ի աղբիւրները երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւնով մը տեղեկացուցին, որ աշխարհատարած կազմակերպութիւնը թափով կը լծուի լիբանանահայութեան ի նպաստ օգնութեան աշխատանքներու։

Պէյրութի մէջ պատահած պայթումի պահուն ՀԲԸՄ-ի տեղւոյն «Տեմիրճեան» կեդրոնը խճողուած է ցերեկային բանակի մասնակից պատանիներով, կամաւորներով եւ պաշտօնեաներով։ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտները գործի լծուած են օժանդակելու համար մաքրութեան եւ այլ փրկարար եւ օգնութեան նախաձեռնութիւններուն, որոնց շարքին են նաեւ ՀԲԸՄ-ի դարմանատուներու, ապաստանարաններու եւ սննդանիւթի ծրագրերու բաշխումի աշխատանքները։

Ստորեւ նոյնութեամբ կը հրատարակենք ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնէն երէկ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը։

*

2020 ապրիլի կէսերուն սկսած ՀԲԸՄ-ի Համաշխարհային մարդասիրական օգնութեան հիմնադրամի նախաձեռնութեան ի պատասխան, աշխարհի տարբեր կողմերէն նուիրատուներու ցուցաբերած աջակցութեան ծաւալը, գործնական դրսեւորումը կը հանդիսանար կազմակերպութեան «Միութիւնը զօրութիւն է» նշանաբանին:

Համավարակին վերաբերող օգնութեան աշխատանքներուն որպէս աջակցութիւն, հանրութեան տարբեր շրջանակներ եւ Միութեան հաւատաւոր նուիրատուներ, թուայնական եւ լայնատարած նամակագրութեամբ կատարուած կոչերուն անսալով, իրենց նիւթական աջակցութիւնները հասցուցած էին Միութեան շրջանային կեդրոնները:

Յուլիս 31-ին, արշաւը հասաւ իր 1 միլիոն ամերիկեան տոլարի առաջին նշաձողին: Սակայն միայն չորս օրեր ետք, երբ պատահեցաւ Լիբանանը ցնցող նաւահանգիստի ահաւոր եւ աղիտալի պայթումը, հրատապ փրկարարական եւ օգնութեան գործողութիւններու համար նախաձեռնուած հանգանակութիւնը, երեք օրերու ընթացքին անցաւ 1.000.000 ամերիկեան տոլարի: Մարդասիրական օգնութեան կարիքը սրացում արձանագրած է իբր արդիւնք բնակարաններու եւ վաճառականական հաստատութիւններու ֆիզիքական լայնատարած քանդումին, որ կու գայ աւելնալու արդէն իսկ նիւթական եւ առողջապահական տագնապին իբր արդիւնք, ժողովուրդը ճնշող կեանքի եւ ապրուստի մտահոգութիւններուն վրայ:

Նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը մատնանշէ, թէ «Ի տարբերութիւն ՀԲԸՄ-ի կողմէ ցարդ նախաձեռնուած օգնութեան արշաւներուն, ինչպէս էր պարագան 1988-ի երկրաշարժին, արցախեան պատերազմին, սուրիահայ տարագրեալներուն եւ այլ տեղական բնոյթ ունեցող արտակարգ իրավիճակներուն, համավարակի տագնապին եւ Լիբանանը ցնցող վերջին աղէտին պատճառով, ներկայիս միաժամանակ վտանգի մատնուած են աշխարհի մէկէ աւելի վայրերու մէջ գտնուող հայ շրջանակներ»։ Ակնարկելով հայաշխարհի տարբեր կողմերէն հասնող լայնածաւալ աջակցութեան, ըստ նախագահին, անիկա արտայայտութիւնն է «իրերօգնութեան հայկական բնածին պատասխանատուութեան գիտակցութեան»։

Ըստ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Անիթա Անսըրեանին, որ շարունակական կապի մէջ է ՀԲԸՄ-ի համաշխարհային ցանցի շրջանային գրասենեակներուն եւ տեղական մասնաճիւղերուն հետ, համատարած աջակցութեան ծաւալը եւ թափը աննախադէպ են:

«Մեր համատարած ցանցի ղեկավարութիւնը անդադար աշխատանքի լծուած է համակարգելու համար հանգանակութեան աշխատանքները եւ ապահովելու անոնց անյապաղ տրամադրումը տեղւոյն վրայ յառաջ տարուող օգնութեան նախաձեռնութիւններուն: Մեզի համար խորագոյն գոհունակութիւն է տեսնել բոլորին կողմէ ցուցաբերուած համագործակցութեան ոգին: Հերոսներ չեն պակսիր մեր շարքերէն ներս»։

Ըստ Անսըրեանին՝ «Առանց մեր ճիգերը կարելի դարձնող այս շօշափելի գումարներուն, կարելի պիտի չըլլար իրականացնել անհրաժեշտ սննդեղէնի ծրարներու բաշխումը ծանրագոյն վնասներու ենթարկուած շրջաններուն, ինչպէս՝ Լիբանան, Հայաստան եւ Սուրիա, մինչեւ իսկ այն շրջանակներուն, ինչպէս՝ Լոս Անճելըս, Թորոնթօ, Մոնթրէալ, Սիտնի եւ այլն, ուր ակնկալելի չէր այսքան սուր կարիքի առկայութիւնը: Այժմ մենք պէտք է աւելի եւս լարենք մեր ուժերը, հասնելու համար Լիբանանի մեր աղէտեալ համայնքներուն»։

Նախագահ Սեդրակեան կոչ կ՚ուղղէ ըսելով՝ «Հանգանակուած գումարները արագօրէն կը սպառին կարիքներու ծաւալին պատճառով: Հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ մենք պատրաստ ըլլանք ցնոր տնօրինութիւն, լարուած պահելու մեր ուժերը, դիմագրաւելու համար տիրող տագնապները: Հետեւաբար ջերմօրէն կը դիմենք բոլոր հայութեան, իրենց կարելութեան ներած չափով, որքան ալ ըլլայ անոր տարողութիւնը, կենալ մեր կողքին, որպէսզի ոեւէ կարիքաւոր հայ, աշխարհի որ անկիւնն ալ ըլլայ ան, անօգնական չմնայ: Նոյնիսկ երբ համավարակը յաղթահարուի եւ Լիբանանը կարենայ գտնել իր հաւասարակշռութիւնը համատարած աղէտի պատճառած քանդումներէն, ՀԲԸՄ-ը պատրաստ պիտի ըլլայ, աւելի քան երբեք, դիմագրաւելու համաշխարհային մարտահրաւէրներ: Մեր առաքելութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ սփոփումի եւ յոյսի մատոյց դառնալ աշխարհին»։

ՀԲԸՄ-ի Համաշխարհային մարդասիրական շտապ օգնութեան հիմնադրամին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք ստուգել (donate.agbu.org/lebanonrelief) կայքէջը: Լիբանանին օգնութիւն փութացնելու համար, հաճեցէք առցանց կատարել ձեր նուիրատուութիւնները: Հեռաձայնել՝ (212-319-6383, Երկշ.-Ուրբ. կ.ա. 9 - կ.ե. 5, Նիւ Եորքի ժամով) կամ դրամատնային փոխանցումի համար կապուիլ giving@agbu.org հասցէով:

 ՀԲԸՄ-ը աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500.000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս, Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, ՀԲԸՄ-ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան:

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2020