ՊԱՅԹՈՒՄԻ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌԸ

Պէյրութի մէջ պատահած ահաւոր պայթումին զուգահեռ միջազգային օրակարգի վրայ յայտնուած են նոր հարցումներ, թէ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ո՞վքեր շահած կամ ո՞վքեր կորսնցուցած են։ Լիբանան վաղուց կը համարուի տարածքաշրջանային դերակատարներու բախման տարածքը։ Վերջին ամիսներուն երկիրը արդէն տնտեսական լուրջ պայքար մը կը դիմագրաւէր եւ այս պայթումն ալ ներկայիս վրայ հասած է ծանր հետեւանքներով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, թէեւ այս պայթումը պատահականութեան մը տպաւորութիւնը կը թողու, սակայն կը նախատեսուի, որ հետեւանքներու առումով ռազմավարական քայլի մը ազդեցութիւնը կը գործէ։ Լիբանանի մէջ 2005 թուականին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դէմ կազմակերպուած մահափորձին յաջորդած մեծագոյն պայթումը եղած է Պէյրութի նաւահանգիստի դէպքը։ Այս կապակցութեամբ ձեռնարկուած հարցաքննութիւնները կրնան ամիսներ կամ տարիներ տեւել։ Պէյրութի նաւահանգիստի ողբերգութիւնը Լիբանանի պատմութեան կարեւոր անկիւնադարձերէն մին պիտի ըլլայ եւ քաղաքագէտները այժմէն կը խօսին՝ Միջին Արեւելքի մէջ վտանգաւոր հաւանական բեկումնային պահերու վրայ հասնելու մասին։

Լիբանանի ներածման եւ արտածման 70 տոկոսը կ՚իրականացուէր Պէյրութի նաւահանգիստի միջոցաւ։ Այժմ այդ ռազմավարական նաւահանգիստը դարձած է անօգտագործելի։ Ենթակառուցուածքը գետնի հաւասարեցուցած այս պայթումը շատ հաւանական է, որ քաղաքական համագործակցութիւններու մէջ ալ պատճառ դառնայ բեկումներու։ Լիբանանի վերջին ամիսներու տնտեսական ճգնաժամը, «Հիզպուլլահ»ի Սուրիոյ տագնապին ուղղակի միջամուխ դառնալը, «Հիզպուլլահ»ի ի նպաստ Իրանի նեցուկը ու վերջին քանի մը շաբաթներուն սահմանի վրայ Իսրայէլի հետ ապրուածները… Այս բոլորով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ պատահած պայթումը անխուսափելիօրէն ծնունդ տուած է շարք մը հարցականներու։ Յամենայնդէպս, այժմ որեւէ յստակ ապացոյց գոյութիւն չունի, թէ արտաքին ուղղակի յարձակումի մը հետեւանքն է այս պայթումը։

Պէյրութ «Հիզպուլլահ»ի հակակշռին տակ կը գտնուի եւ այս իրողութեան լոյսին տակ մեկնաբաններ ուշագրաւ կը համարեն, թէ այնտեղ ի պահ դրուած 2750 թոն ամոնիում նիթրաթը բռնկած է եւ յառաջացած՝ այս մեծ պայթումը։ Հիմնական հարցականներէն մին մեծ պայթումին նախորդած փոքր պայթումներն են։ Դիւրաւ բռնկելու ռիսք ունեցող այսքան մեծ քանակութեամբ ամոնիում նիթրաթի՝ երկրի ամենակարեւոր նաւահանգիստին մէջ ի պահ դրուած ըլլալուն դէմ առաջին հակազդեցութիւնը Լիբանանի նախագահ Միշել Աունէն եկաւ։ Ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած գրառման մէջ ան անընդունելի համարեց՝ առանց որեւէ անվտանգութեան միջոցի, վեց տարի շարունակ, 2750 թոն ամոնիում նիթրաթի այդ շտեմարաններուն մէջ պահուիլը։

Նոյն աղբիւրները ուշագրաւ կը համարեն նաեւ «Հիզպուլլահ»ի ղեկավար Հասան Նասրալլահի ելոյթներէն մէկուն ժամանակ ամոնիում նիթրաթի վերաբերեալ արտայայտութիւնները։ Արդարեւ, վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ արձագանգ գտան Նասրալլահի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց Իսրայէլի Եաֆայի նաւահանգիստի ամոնիում նիթրաթով բեռնուած նաւերու հրթիռակոծումը կրնայ հիւլէական զէնքի ազդեցութիւն գործել եւ տասնեակ հազարաւոր մարդկանց մահուան պատճառ դառնալ։ Արաբական ծոցի երկիրներէն մէկուն մէջ գտնուող օգտատիրոջ մը կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած է Նասրալլահի այս ելոյթի տեսանիւթը։ Այս կապակցութեամբ օրակարգի վրայ եկած են զանազան մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց ամէն ինչ «իր գլխուն պայթած է»։

Պէյրութի նաւահանգիստէն ներս հրդեհը սկիզբին թիւ 12 շտեմարանին մէջ բռնկած է։ Այս տեղեկութեան փոխանցուիլը ծնունդ կու տայ զանազան մեկնաբանութիւններու։ Արդարեւ, այդ կէտը կը պատկանի «Հիզպուլլահ»ին ու սա կը նշանակէ, թէ Նասրալլահ կը թիրախաւորուի։

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, ծանօթ է, որ Լիբանանի զանազան քրիստոնեայ խմբաւորումներն ու սիւննիները կ՚անհանգստանան «Հիզպուլլահ»ի գործունէութիւններէն։ Այս ցաւալի հաշուեկշիռէն վերջ կ՚ենթադրուի, որ «Հիզպուլլահ»ի դէմ ընկերային հակազդեցութիւնները եւ քաղաքական քննադատութիւնները ա՛լ աւելի սաստկանան։ Լիբանանի մարոնիտներու Ռայի Պատրիարքը անցեալ ամիս «Հիզպուլլահ»ին ակնարկելով կոչ ուղղած էր, որ երկիրը պէտք է անկողմնակալ մնայ։

Պայթումէն օր մը առաջ՝ 3 օգոստոսին, Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Նասիփ Հիթթին վարչապետ Հասան Տիապին ներկայացուցած էր իր հրաժարականը։ Ծանօթ է, որ կառավարութեան վրայ «Հիզպուլլահ»ը ունի լուրջ ազդեցութիւն։

Միջազգային յատուկ Լիբանանի ատեանի կողմէ Հարիրիի մահափորձի վերաբերեալ վճռի արձակումէն անմիջապէս առաջ պատահած է այս դէպքը։ Երէկ պիտի արձակուէր այդ դատավճիռը, սակայն հրապարակումը յետաձգուեցաւ 18 օգոստոսին։ Ըստ կարգ մը մեկնաբաններու, այս փուլին համաշխարհային հանրային կարծիքը տեղեակ կրնայ պահուիլ, թէ Հարիրի «Հիզպուլլահ»ի կողմէ սպաննուած է։

Եգիպտոսի հետազօտական կեդրոններէն մէկուն կողմէ հրապարակուած արժեւորման մէջ ընդգծուած է, որ Պէյրութի պայթումէն առաջ ապրուած իրադարձութիւնները մատնանիշ կ՚ընեն «Հիզպուլլահ»ը։ «Խաղաքարտերը խառնելով ներքին կացութիւնը վատթարացնելու ուղղեալ մաքուր լրաքաղական գործողութիւն մը» որակուած վերլուծութեան մէջ մատնանշուած է, որ այս պայթումէն առաւել չափով պիտի օգտուի Իսրայէլ։ Արդարեւ, պայթումին բերումով Լիբանանի մէջ աւելի ճնշում պիտի բանեցուի «Հիզպուլլահ»ի վրայ եւ միջազգային բեմի վրայ Նասրալլահ ա՛լ աւելի դժուար կացութեան մը պիտի մատնուի։ Նոյն մեկնաբանութիւններուն մէջ կ՚ընդգծուի, որ պայթումի թիրախներէն մին էր Սաատ Հարիրի։

Այլ դիտորդներ կը կանխատեսեն, որ Լիբանանի ցաւալի իրադարձութիւնները եւ քաղաքական տագնապը պատճառ պիտի դառնան, որ երկիրը Իրանէն հեռանայ եւ աւելի մերձենայ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու։ Ֆրանսայի ղեկավարութիւնը ամերիկեան կողմին վրայ ճնշում կը բանեցնէ Լիբանանին միջամտելու համար։ Բայց եւ այնպէս, մասնագէտներ դիտել կու տան, որ ցայսօր նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչախումբը համամիտ չէ եղած ֆրանսական կողմին։ Իսկ ներկայիս, այս պայթումով պայմանաւորուած մթնոլորտը ԱՄՆ-ին հնարաւորութիւն կրնայ ընձեռել Լիբանանի մէջ աւելի ազդու դառնալու ուղղութեամբ։

Զանազան մասնագէտներ համամիտ են, որ Լիբանանի պարագային յառաջիկայ գործընթացներու տեւողութեան «Հիզպուլլահ» առաւել չափով արիւն պիտի կորսնցնէ եւ ներքին քաղաքականութեան մէջ Սաատ Հարիրիի տեսակէտէ աւելի բարենպաստ հաւասարակշռութիւններ պիտի ստեղծուին։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Անգարա անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ կրկնեց, որ Թուրքիա ամէն տեսակէտէ կը զօրակցի Լիբանանին ու անոր եղբայրական ժողովուրդին։ Թուրքիայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մըն ալ կ՚ուղղուի դէպի Լիբանան։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2020