ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ ՀԱՄԱԼՐՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԳՐՈՂԻՆ ՆՈՐ ԴԻՄԱՆԿԱՐՈՎ

Երեւանի Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի հաւաքածոն համալրուեցաւ մեծանուն գրողին նորաստեղծ դիմանկարով, որու հեղինակն է յայտնի նկարիչ Հրաչեայ Ռուխկեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս կտաւը երկար տարիներ մասնաւոր հաւաքածոներու մաս կազմած է ու հանուած վաճառքի։ Սեն Փեթերսպուրկէն ռուսահայ բարերար Հրաչեայ Պօղոսեան գնած է այդ մէկը։ Վերջերս Ռուխկեանի կողմէ ստեղծագործուած եւ Պօղոսեանի կողմէ ձեռք բերուած այս դիմանկարը նուիրուեցաւ տուն-թանգարանին՝ ի նշանաւորումն Եղիշէ Չարենցի 125-ամեակին։

Յոբելենական այս շրջանին, դիմանկարի յանձնման արարողութեան առընթեր ոգեկոչման արարողութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ Եղիշէ Չարենցի յուշարձանին մօտ, ուր ծաղիկներ խոնարհուեցան անմահ բանաստեղծի յիշատակին առջեւ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2022