ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Դէ­պի Մոս­կուա աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով, ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգըսեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան եւ Վլա­տի­միր Փու­թին քննար­կե­ցին երկ­կող­մա­նի եւ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փե­րով հայ-ռու­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու լայն շրջա­նակ։ Ա­նոնք մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դար­ձան ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մար­դա­սի­րա­կան ո­լորտ­նե­րէ ներս, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) Հա­յաս­տա­նի ան­դա­մակ­ցու­թե­նէն վերջ հա­մարկ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րու շրջագ­ծով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն։ Սարգսեան եւ Փու­թին նա­խան­շե­ցին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւել ամ­րապընդման ու խո­րաց­ման ուղ­ղեալ հե­տա­գայ աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ա­նոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ար­դի խնդիր­նե­րուն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն շուրջ։ Այդ ամ­բող­ջին մէջ նա­խա­գահ­նե­րը անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ հանգ­րուա­նին։

Փու­թին ող­ջու­նեց իր հայ պաշ­տօ­նա­կի­ցը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց իր կող­մէ ուղ­ղուած հան­դիպ­ման հրա­ւէ­րին ըն­դու­նուե­լուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Այս առ­թիւ ան ը­սաւ.

«Յար­գե­լի Սերժ Ա­զա­տի, շատ ու­րախ եմ ձեզ տես­նե­լով։ Մենք ձե­զի հետ, իս­կա­պէս, պար­բե­րա­բար կը հան­դի­պինք՝ թէ՛ հե­ռա­ձայ­նով կը խօ­սինք, թէ՛ զա­նա­զան հա­մա­ժո­ղով­նե­րու ժա­մա­նակ կը հան­դի­պինք եւ փաս­տա­ցիօ­րէն ա­մէն ան­գամ, կ՚ի­րա­կա­նաց­նենք երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ եւ ինչ­պէս հի­մա՝ մա­մու­լի ներ­կա­յու­թեամբ կամ ա­ռանց ա­նոր։ Բայց այ­նուա­մե­նայ­նիւ, մենք միշտ ու­նիք քննար­կե­լիք բան մը։ Ես նկա­տի ու­նիմ Ռու­սաս­տա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռանձ­նա­յա­տուկ բնոյ­թը, նկա­տի ու­նիմ ԵՏՄ-ին Հա­յաս­տա­նի միա­նա­լը, ինչ­պէս նաեւ լիար­ժէք մաս­նակ­ցու­թիւ­նը մեր մէկ այլ հա­մարկ­ման կա­ռոյ­ցին՝ ՀԱՊԿ-ին։ Կը փա­փա­քիմ այս ա­ռու­մով ձե­զի հետ շարք մը հար­ցեր քննար­կել։ Հա­ճե­լի է, որ Ռու­սաս­տան կը մնայ Հա­յաս­տա­նի յա­ռա­ջա­տար տնտե­սա­կան գոր­ծըն­կե­րը։ 2013 թուա­կա­նին հետ բաղ­դատ­մամբ, ան­ցեալ տա­րի զգա­լիօ­րէն ա­ճած է մեր ապ­րան­քաշր­ջա­նա­ռու­թիւ­նը, բայց, դժբախ­տա­բար, ըն­թա­ցիկ տա­րուան ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կին տե­ղի ու­նե­ցած է փո­փո­խու­թիւն դէ­պի նուա­զում։ Մենք այ­սօր այդ մա­սին եւս կը խօ­սինք։ Այս­տեղ կան ո­րոշ նրբու­թիւն­ներ, ո­րոնց հա­մար ես տա­կա­ւին պա­տաս­խան­ներ չու­նիմ։ Մենք պատ­րաստ ենք ձե­զի հետ քննար­կել այդ հար­ցե­րը։ Շատ ու­րախ ենք ձե­զ տես­նե­լով Մոս­կուա­յի մէջ. բա­րի գա­լուստ»։ 

Փո­խա­դար­ձա­բար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով Փու­թի­նի հան­դիպ­ման հրա­ւէ­րին հա­մար՝ Սերժ Սարգ­սեան գո­հու­նա­կու­թեամբ նշեց, որ հայ-ռու­սա­կան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գը շատ յա­գե­ցած է ու մշտա­պէս կը հարս­տա­ցուի նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով։ «Մեր պար­բե­րա­կան հան­դի­պում­նե­րը թոյլ կու տան ամ­փո­փել նախ­կին պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը եւ ար­ձա­գան­գել ծա­գած հար­ցե­րուն», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։ Զրոյ­ցի սկիզ­բին ան յի­շե­ցուց, թէ վեր­ջին ան­գամ Փու­թի­նի հետ հան­դի­պած էին ան­ցեալ Ապ­րի­լի 24-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ եւ Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տի 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ Ու­ֆա­յի եւ Մոս­կուա­յի մէջ։ «Այդ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին մէջ Հա­յաս­տա­նի հա­մար շարք մը շատ կա­րե­ւոր հար­ցեր լու­ծուած են եւ միան­գա­մայն կը փա­փա­քիմ ձե­զի շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել Փեր­մեա­քո­վի քրէա­կան գոր­ծի հայ­կա­կան ար­դա­րա­դա­տու­թեան յանձ­նուե­լուն հա­մար։ Շատ շնոր­հա­կալ եմ ձե­զի։ Այ­սօր Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րա­րու­թեան հետ ստո­րագ­րե­ցինք հա­մա­ձայ­նա­գիր, որ թոյլ պի­տի տայ կա­զի գի­նը 25 ա­մե­րի­կեան տո­լա­րով նուա­զեց­նել՝ հասց­նե­լով մին­չեւ 165 տո­լա­րի։ Ստո­րագ­րուած է Հա­յաս­տա­նին 200 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար ար­տօ­նեալ վարկ տրա­մադ­րե­լու հա­մա­ձայ­նա­գիր եւ այս մէ­կը թոյլ պի­տի տայ թար­մաց­նել հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու զի­նա­նո­ցը», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Մոս­կուա­յի հան­դիպ­ման սկիզ­բին Սարգ­սեան յի­շե­ցուց, թէ ստո­րագ­րուած է նաեւ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, որ ար­դէն ու­ժի մէջ մտած է եւ այդ հի­ման վրայ Հայ­կա­կան ա­թո­մա­կա­յա­նէն ներս սկսած են ար­դիա­կա­նաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ նոր ի­րո­ղու­թեան մը սկիզ­բը դրած է ԵՏՄ-ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Սարգ­սեա­նի հա­մոզ­մամբ, տա­կա­ւին բա­զում աշ­խա­տանք պէտք է տա­րուի, որ­պէս­զի այդ հա­մարկ­ման միա­ւոր­ման բո­վան­դա­կու­թիւ­նը յա­գե­ցուի ժո­ղո­վուր­դին տե­սա­կէ­տէ զգա­լի գոր­ծե­րով։ «Մենք, ի հար­կէ, պատ­րաստ ենք նման աշ­խա­տան­քի ու շա­հագրգ­ռուած ենք ապ­րան­քի, դրա­մագ­լու­խի, ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու եւ աշ­խա­տու­ժի ա­զատ տե­ղա­շար­ժի սկզբունք­նե­րու հնա­րա­ւո­րինս ա­րագ կեան­քի կոչ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Սա ի հար­կէ, շատ կա­րե­ւոր է մե­զի հա­մար։ Եւ այս հա­մա­տես­քին մէջ, Վլա­տի­միր Վլա­տի­մի­րի, ի հար­կէ, Հա­յաս­տա­նի հա­մար ա­ռանց­քա­յին կը մնայ ու­ժա­նիւ­թա­կիր­նե­րու սա­կա­գի­նի հար­ցը։ Այս ճգնա­ժա­մա­յին ի­րա­վի­ճա­կին մէջ տա­րադ­րա­մի սա­կա­գի­նի վե­րի­վայ­րում­նե­րը պար­զա­պէս շատ բա­ցա­սա­կան կ՚անդ­րա­դառ­նան սա­կա­գի­նե­րուն վրայ եւ ես լիա­յոյս եմ, որ մենք պի­տի գտնենք նոր լու­ծում­ներ՝ լաւ լու­ծում­ներ», ը­սաւ Սարգ­սեան։

Մոս­կուա­յի մէջ Սերժ Սարգ­սեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նաեւ Ռու­սաս­տա­նի եւ ան­ձամբ Փու­թի­նի կող­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ու­ղի­նե­րու ո­րոն­ման ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րուած ջան­քե­րուն հա­մար։ Ան յի­շե­ցուց, թէ վեր­ջին եր­կու շա­բաթ­նե­րուն ըն­թաց­քին սահ­մա­նին վրայ կ՚ապ­րուի մեծ լա­րուա­ծու­թիւն։ Բա­ցի խո­շոր տրա­մա­չա­փի հրա­զէն­նե­րէն, Ատր­պէյ­ճան կ՚օգ­տա­գոր­ծէ հրե­տա­նա­յին զէն­քեր։ «Ի հար­կէ, մենք ստի­պուած ենք պա­տաս­խան տա­լու, ես այս մա­սին ա­ւե­լի ման­րա­մասն պի­տի խօ­սիմ Տու­շան­պէի մէջ՝ ՀԱՊԿ-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Իր խօս­քին մէջ Սարգ­սեան մատ­նան­շեց նաեւ, թէ շատ աշ­խոյժ կը զար­գա­նան մար­դա­սի­րա­կան ո­լոր­տի մէջ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս բա­ցուած է Մոս­կուա­յի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի մաս­նա­ճիւ­ղը։ Բա­ռա­ցիօ­րէն քա­նի մը շա­բաթ վերջ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մոս­կուա­յի Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պե­տա­կան կա­ճա­ռի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն եր­րորդ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը։ Սարգ­սեան ա­ռանձ­նա­պէս ընդգ­ծեց, որ լաւ կ՚աշ­խա­տի նաեւ միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը։

«news.am» կայ­քէ­ջը «Ի­ԹԱՐ-ԹԱՍՍ» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րուն վրայ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ռու­սաս­տա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ստո­րագ­րուած փաս­տա­թուղ­թը գոր­ծու­նէու­թեան դաշտ կը սահ­մա­նէ նաեւ «Կազփ­րոմ Ար­մե­նիա» ըն­կե­րու­թեան հա­մա­ր։

Ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­քին էին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Կա­րէն Ճշմա­րի­տեան, Ելմ­տա­կան նա­խա­րար Գա­գիկ Խա­չատ­րեան եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Փու­թի­նի հետ տե­սակ­ցե­լէ ա­ռաջ Սերժ Սարգ­սեան հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցած է ռու­սա­հայ գոր­ծա­րար­նե­րու հետ։ Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան մեկ­նա­բան­ներ կ՚ակն­կա­լեն, որ Սարգ­սեան-Փու­թին հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած պէտք է ըլ­լայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը եւ մա­նա­ւանդ սահ­մա­նի առ­կայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը։

Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան ար-դէն վերադարձաւ Երեւան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015