ՅԱՄԱՌ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիա շաբաթավերջին Տաղլըճայի մէջ պատահած ահաբեկչական յարձակման հետեւանքով ցասումի մէջ է բառին բուն իմաստով։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, թէ Հաքքեարիի Եիւքսէքօվա գաւառակի Տաղլըճա շրջանին մէջ պատահած վերջին յարձակման հետեւանքով նահատակուած է տասնվեց զինուոր։ Նոյն դէպքին հետեւանքով ալ վեց զինուոր վիրաւորուած է։ Վիրաւորեալներուն կեանքին վտանգ չի սպառնար։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան կողմէ կատարուած այս բռնարարքները բովանդակ երկրին մէջ յառաջացուցած են բողոքի մեծ ալիք մը։ Երկրի բոլոր քաղաքներուն մէջ ժողովուրդը մէկ կողմէ կը սգայ նահատակներուն կորուստը, իսկ միւս կողմէ բռունցքի մը նման, աննախընթաց զօրակցութեան գիտակցութեամբ կ՚անիծէ ահաբեկչութիւնը։ Այս մթնոլորտին մէջ պետութեան պատկան մարմինները երէկ իրերայաջորդ մանրամասնութիւններ փոխանցելով ապրուածներուն շուրջ լուսաբանեցին հանրային կարծիքը։ Այդ համոզիչ տեղեկութիւնները եկան ապացուցանել, թէ պետութիւնը անհրաժեշտ բոլոր միջոցները ձեռք առած է՝ երաշխաւորելու համար երկրին կայունութիւնը, ժողովուրդին անվտանգութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը անխաթար յառաջ տանելու նախադրեալները։ Այդ համոզիչ տեղեկութիւններուն հանրային կարծիքը կը հետեւի յուզումնախառն ձեւով մը, որովհետեւ իրեն կը հասնի նաեւ սրտաճմլիկ տեսարաններ՝ նահատակներու ընտանիքներու բնակարաններէն։ Անբացատրելի այս ցա-ւի մթնոլորտին մէջ, Թուրք զինեալ ուժերն ալ լայնածաւալ գործողութիւններ կ՚իրականացնեն թէ՛ երկրի սահմաններէն ներս եւ թէ դուրս։ Շատ լուրջ հարուածներ կը տրուին ՓՔՔ կազմակերպութեան եւ արդէն բազմատասնեակ ահաբեկիչներ ոչըն-չացուած են անվտանգութեան ուժերու գործողութիւններուն բերումով։
Այս պայմաններուն ներքեւ, երէկ Անգարայի մէջ ապրուեցաւ ծանր աշխատանքային օր մը։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու տեսակցեցաւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի հետ։ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցած այս տեսակցութեան աւարտին վարչապետը սարքեց նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ ան յայտարարեց, թէ այդ լեռները անպայման պիտի մաքրագործուին ահաբեկիչներէն, ի գին ամէն բանի։ Վարչապետը շեշտեց, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է մղուի ուս ուսի։ «Այս պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջ։ Հասարակական կարգը պիտի հաստատուի երկրի իւրաքանչիւր սանթիմեթր քառակուսիին», ըսաւ Տավուտօղլու, որ կոչ ուղղեց նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն։ Ըստ իրեն, մէկ կողմ պէտք է թողուլ քաղաքական ճղճիմ հաշիւները ու պէտք է միասնաբար տէր կանգնիլ Թուրքիոյ միասնականութեան։ Վարչապետը մասնաւորապէս ընդգծեց, որ ընտրութիւնները ժողովրդավարականութեան պայմաններուն ներքեւ տեղի պիտի ունենան։ Տավուտօղլուի խօսքերով, երկիրը երբեք պիտի չզիջի ժողովրդավարութենէն ու լաւագոյնս պիտի յարգէ ժողովրդավարական, իրաւական պետութեան մը կանոնները։ Տավուտօղլու շեշտեց նաեւ, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները երբեք պիտի չկարենան հասնիլ Թուրքիոյ դէմ իրենց որդեգրած նպատակներուն։ Վարչապետը համոզուած է, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին շրջագծով երկրի ամենամեծ ուժն է ազգին պատկանելիութեան գիտակցութիւնը եւ պատմութենէն եկած եղբայրութիւնը։
Երէկուան կարեւոր իրադարձութիւններէն մին ալ Ահմէտ Տավուտօղլուի եւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումն էր։ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին վարչապետը Քըլըչտարօղլուին մանրամասնութիւններ փոխանցեց ահաբեկչութեան դէմ ձեռնարկուած միջոցներուն կապակցութեամբ։
Իր կարգին, Փոխ-վարչապետ Եալչըն Աքտողանն ալ յայտարարեց, թէ ժողովուրդին աչալրջութիւնը ի դերեւ պիտի հանէ տխուր ու կեղտոտ խաղերը։ Արդարեւ, ահաբեկչութեան թիրախը կը հանդիսանան եղբայրութիւնը, միութիւնն ու միասնականութիւնը։
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ գիշերուան ողջ տեւողութեան սաստիկ ռմբակոծումներ կատարեցին Հիւսիսային Իրաքի մէջ։ Թրքական ռազմաօդային զօրքերուն ենթակայ երեսունհինգ «F-16»ներ եւ տասնութ «F-4»ներ Հիւսիսային Իրաքի մէջ ռումբ տեղացուցին Քանտիլի, Հաքքուրքի, Աւաշինի, Մեթինայի, Պասիանի, Կարէի եւ Զափի ահաբեկչական ճամբարներուն վրայ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բազմատասնեակ ահաբեկիչներ ո-չընչացուած են այս ռմբակոծումներուն ընթացքին։
Ի լրումն այս բոլորին, երէկ երեկոյեան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Պէշթէփէի մէջ ալ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան գագաթաժողով մը։ Նախագահական պալատի համալիրէն ներս տեղի ունեցած խորհրդակցութիւնը տեւեց շուրջ 1 ժամ 15 վայրկեան։ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Իսմէթ Եըլմազ, Ահմէտ Տավուտօղլու, զօրավար Հուլուսի Աքար եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մասնակցեցան այս անվտանգութեան գագաթաժողովին։ Հարկ է նշել, որ երէկ օրուան ընթացքին Էրտողան յայտնած էր, թէ նման յարձակումները երբեք պիտի չկարենան հասնիլ իրենց նպատակին։
Միւս կողմէ, ահաբեկչական այս ցնցիչ դէպքի մթնոլորտին մէջ Անգարա միջազգային ընտանիքին կողմէ կը ստանայ անվերապահ զօրակցութեան պատգամներ։
ԻԳԴԻՐԻ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ
Ահաբեկչական յարձակումները կը շարունակեն բնորոշել երկրին օրակարգը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս առաւօտ Իգդիրի մէջ պատահած յարձակում մը ունեցաւ ողբերգական հետեւանքներ։ Դըժ-բախտաբար այս դէպքին զոհ գնաց տասներկու ոստիկան։ Այս նոր նահատակները եւս խոր սուգի մատնեցին երկիրը։
Իգդիրի մէջ, Թուրքիայէն դէպի Նախիջեւան բացուող Տիլուճի սահմանադրան մօտ գործող մաքսային պաշտօնեաներու տեղափոխութիւնը վերահսկող ոստիկանական ինքնաշարժը դարձաւ թիրախը՝ Հասանհան գիւղի շրջանին ճանապարհին զետեղուած ռումբին։
Կը հաղորդուի, որ այս դէպքէն անմիջապէս վերջ շրջանէն ներս անվտանգութեան ուժերը ձեռնարկեցին գործողութիւններու։ Մինչ այդ, Ներքին գործոց նախարար Սելամի Ալթընօքն ալ ուղեւորուած է դէպի Իգդիր՝ տեղւոյն վրայ քննարկումներ կատարելու համար։