ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ԱՐՄԱՇ ԵՊՍԿ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ. «ՀՈՄՍԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՆԴԱՂ ՔԱՅԼԵՐՈՎ ԿԸ ՎԵՐԱԳՏՆԷ ԻՐ ԱՆԴՈՐՐԸ»

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ հա­մայն հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է երկ­րի հա­յու­թեան են­թար­կուած ա­ղէ­տին ու ող­բեր­գու­թեան վրայ։ «Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին վրայ, Սա­գօ Ա­րեա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ լոյս տե­սաւ ու­շագ­րաւ հար­ցազ­րոյց մը՝ Դամաս­կո­սի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Ար­մաշ Եպսկ. Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Վեր­ջին կա­ցու­թիւ­նը ըմբռ­նե­լու ա­ռու­մով շա­հե­կան տե­սակ­ցու­թիւն մըն է այս մէ­կը, զոր կ՚ար­տատ­պենք ստո­րեւ։

Դա­մաս­կո­սի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Ար­մաշ Եպսկ. Նալ­պան­տեան ը­սաւ. «Հոմ­սի մէջ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը մեր ե­կե­ղեց­ւոյ շէն­քը բժշկա­կան կեդ­րո­նի վե­րա­ծած էի­ն»։ Հար­ցազրոյ­ցի ըն­թաց­քին Սրբա­զան Հայ­րը նշեց, որ ե­կե­ղեց­ւոյ նկու­ղա­յին բա­ժի­նը, որ ա­շա­կեր­տա­կան հան­դէս­նե­րու հա­մար իբ­րեւ սրահ կ՚օգտա­գոր­ծուէր, վե­րա­ծուած էր՝ դաշ­տա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի, ուր ա­մէն տե­սա­կի բու­ժում­ներ տե­ղի կ­­՚ու­նե­նա­յին, նոյ­նիսկ բարդ վի­րա­հա­տու­թիւն­ներ՝ ա­մե­նար­դիա­կան սար­քե­րով, ո­րոնք գող­ցուած էին պե­տա­կան հի­ւան­դա­նոց­նե­րէ: «Գետ­նա­յար­կի սե­նեակ­նե­րը, ո­րոնք դպրո­ցի դա­սա­րան­ներն էին՝ դե­ղա­րան­նե­րու, բոյ­ժ­-օգ­նու­թեան եւ քն­նու­թեան սե­նեակ­նե­րու վե­րա­ծուած էին: Ե­կե­ղե­ցին ալ ըստ ե­րե­ւոյ­թին քնա­նա­լու տեղ դար­ձած: Իսկ ու­սուց­չաց սե­նեա­կը՝ մզկի­թի կեր­պա­րանք ստա­ցած է­ր», ը­սաւ Տ. Ար­մաշ Սրբա­զան:

-Հոմ­սի ա­զա­տագ­րու­մէն ետք, երբ քա­ղաք այ­ցե­լե­ցին, ՏԱ­ՀԷՇ-ի սեւ դրօ­շակ­նե­րը զե­տե­ղուած էին ա­մէ­նու­րեք: Ինչ­պէս նաեւ՝ թա­ղե­րը որ­մազդ­նե­րով լե­ցուած էին, ուր նշուած էր ա­ղօթ­քի ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը:

-Դպրո­ցի գրա­տախ­տակ­նե­րուն վրայ՝ ա­ղօթ­քի ժա­մերն ու ձե­ւե­րը գրուած էին: Կա­յին նաեւ «ճի­հա­տ­»ի (սրբա­զան պա­տե­րազ­մ) սկզբունք­նե­րը բա­ցատ­րող գրու­թիւն­ներ։

-Ա­զա­տագ­րու­մէն վերջ, երբ պա­տուի­րա­կու­թեամբ մը Հոմս այ­ցե­լե­ցինք, մեր ա­ռա­ջին մտա­հո­գու­թիւնն էր՝ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ դպ­­րո­ցի վե­րա­նո­րո­գու­թիւ­նը: Ճիշդ է, որ ե­կե­ղե­ցին չէր քանդուած ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ, սա­կայն պե­տա­կան զօր­քե­րը ստի­պուած ե­ղած էին ռմբա­կո­ծել շէն­քը մին­չեւ շրջա­նին ա­զա­տագ­րուի­լը:

-Հոմ­սի Ս. Մես­րոպ ե­կե­ղե­ցին կա­պուած է Դա­մաս­կո­սի Թե­մին: Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռոյ­ցը ար­տաք­նա­պէս սո­վո­րա­կան շէն­քի մը տես­քը ու­նի եւ կը գտնուի թա­ղե­րու մէջ ու այդ իսկ պատ­ճա­ռով՝ զերծ մնա­ցած է ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ծանր հա­րուած­նե­րէն: Նոյն շէն­քին մէջ կը գտնուի նաեւ՝ Սա­հա­կեան ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը:

Նախ­քան սու­րիա­կան ճգնա­ժա­մը, Հոմ­սի մէջ կը բնա­կէին հա­րիւր­տա­սը հայ ըն­տա­նիք­ներ: Ա­նոնց մէջ կա­յին բժիշկ­ներ, ար­հես­տա­ւոր­ներ եւ զա­նա­զան մաս­նա­գի­տու­թիւն­ներ ու­նե­ցող ազ­գա­յին­ներ: Սա­կայն ա­զա­տագ­րու­մէն վերջ, քա­նի մը ան­գամ այ­ցե­լե­ցինք քա­ղաք, եւ երբ տե­սանք հոն ե­ղող հայ ըն­տա­նիք­նե­րու յու­սալ­քուած վի­ճա­կը, ա­նոնց քան­դուած, կո­ղոպ­տուած եւ աղ­տո­տած բնա­կա­րան­նե­րը, մեր ա­ռա­ջին նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը յատ­կա­ցուե­ցան ըն­տա­նիք­նե­րու­ն:

Քա­ղա­քին 70 առ հա­րիւ­րը քան-դըւած էր: Կի­սա­ւեր վի­ճակ ու­նէր հին Հոմ­սը, ո­րուն մաս կը կազ­մէին քրիս­տո­նէա­կան եւ հայ­կա­կան թա­ղե­րը: Հոն մեր նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցինք 43-45 ըն­տա­նիք­նե­րու: Քա­նի մը ա­միս յե­տոյ 60 ըն­տա­նիք­նե­րու: Իսկ վեր­ջին ան­գամ շուրջ 70 ըն­տա­նիք­նե­ր օ­ժան­դա­կու­թիւն ստա­ցան, նկա­տի ու­նե­նա­լով որ 10-էն ա­ւե­լին հոմս­ցի չէին։ Ա­նոնք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Ռաք­քա­յէն եւ Թատ­մո­րէն տե­ղա­փո­խուած էին Հոմս: Քա­նի մը ան­գամ օգ­նու­թիւն բաժ­նե­լէ ետք նկա­տե­ցի, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը հո­գե­պէս քիչ մը հանգս­տա­ցած է:

Տեղ­ւոյն հա­յե­րը պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն կրցան մօ­տա­կայ գիւ­ղեր ա­պաս­տա­նիլ, ի մաս­նա­ւո­րի Զայ­տալ եւ Ֆե­րու­զէ գիւ­ղե­րը, ո­րոնք 4-5 քմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը գտնուին, ո­մանք ալ նա­խընտ­րե­ցին 50 քմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, լեռ­նե­րու մէջ գտնուող՝ քրիս­տո­նէա­կան Մաշ­թա ալ Հլուն:

Նոր ծրագ­րի մը ձեռ­նար­կած ենք, ո­րուն հա­մար կը փնտռենք բա­րե­րար­ներ, ոչ միայն հա­յոր­դի­ներ, այլ Սու­րիոյ տա­րած­քին կամ դուր­սը ապ­րող բա­րե­րար­ներ: Ծրա­գի­րը կը կո­չուի՝ One room One family (Մէկ սե­նեակ մէկ ըն­տա­նի­քի) խո­րագ­րով: Ծրա­գի­րը կը մի­տի իւ­րա­քան­չիւր տնա­կո­րոյս ըն­տա­նի­քին տուն տրա­մադ­րել: Այն ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնք նախ­կի­նին ու­նէին 2-3-4 սե­նեա­կա­նոց բնա­կա­րան­ներ, եւ այժմ վարձ­քով կ­­՚ապ­րին գիւ­ղե­րու մէջ, գո­նէ պի­տի կրնան ի­րենց անձ­նա­կան տան մէկ սե­նեա­կը կա­նո­նա­ւոր կեր­պով ամ­բող­ջո­վին նո­րո­գել, եւ բո­լոր պա­հանջ­նե­րը բա­ւա­րա­րող ձե­ւով, ի­րենք ալ ի­րենց կար­գին վարձ­քի փո­խա­րէն մնա­ցեալ սե­նեակ­նե­րը մէկ առ մէկ կը նո­րո­գեն, ո­րով­հե­տեւ ամ­բողջ տու­նը նո­րո­գե­լը մեր ու­ժե­րէն վեր է:

Հոմ­սի պա­տե­րազ­մը շատ թէժ էր ու եր­կար։ Թա­ղա­յին կռիւ­ներ ալ տե­ղի ու­նե­ցած են մինչ Հա­լէ­պի պա­տե­րազ­մի սկսի­լը, ճա­կա­տը հոն էր: Հի­մա ոչ ոք կը լսէ Հոմ­սի մա­սին: Ինչ­պէս բո­լո­րը գի­տեն, Սու­րիոյ շէն­քե­րը կողք-կող­քի, ի­րա­րու կպած, ա­հա­բե­կիչ­նե­րը մէ­կուն պա­տը ծա­կե­լով միւ­սը ան­ցած են եւ գ­­րե­թէ բո­լոր տու­նե­րը մտած են: Վեր­նա­յար­կի տու­նե­րը ա­ւե­լի վնա­սուած են ռում­բե­րու եւ պայ­թում­նե­րու հե­տե­ւան­քով, իսկ մնա­ցեալ տու­նե­րը մտած ու կո­ղոպ­տած են եւ ապ­րած են մա­կա­բոյ­ծի պէս, բար­բա­րո­սա­կան ձևով. տան մէջ քնա­նա­լէ եւ աղ­տո­տե­լէ ետք, ձգած եւ ու­րիշ բնա­կա­րան մը տե­ղա­փո­խուած են: Քա­ղա­քին մէջ նախ­նա­դա­րեան վի­ճակ կը տի­րէր: Զար­մա­նա­լին այն էր, որ միայն կո­ղո­պու­տի հա­մար չէին մտներ տու­նե­րը, այլ ան­խել­քօ­րէն վնա­սե­լու։ Կան տու­ներ, ո­րոնց կա­հոյ­քը օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ ծա­խե­լու փո­խա­րէն՝ կոտ­րած ու այ­րած են, որ­պէս ջեր­մա­նա­լու մի­ջոց: Ա­նա­սու­նը իր ապ­րած տե­ղը չ՚աղ­տո­տե­ր:

Սրբա­զան Հայ­րը տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, թէ երբ ի­մա­ցան, որ Հոմ­սի ըն­տա­նիք­նե­րէն մի քա­նին ա­պաս­տան հաս­տա­տած են Մաշ­թա ալ Հլու, կապ ստեղ­ծած են ա­նոնց հետ եւ փու­թա­ցած այ­ցե­լու­թեան:

Մաշ­թա ալ Հլու շրջա­նը Սու­րիոյ պե­տա­կան բա­նա­կին հսկո­ղու­թեան տակ է. բնա­կիչ­նե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ կը հե­տե­ւին Յոյն Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ, իսկ ա­րաբ­ներն ալ ծայ­րա­յեղ չեն. ուս­տի ա­հա­բե­կիչ­նե­րը հոն ի­րենց յար­մար են­թա­հող չեն գտած, մեծ բա­խում­ներ չեն ե­ղած, բա­ցի մանր-մունր մի քա­նի դէպ­քե­րէ: Մաշ­թա ալ Հլուի Յոյն Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ քա­հա­նան, ըստ մեր խնդրան­քին, ե­կե­ղե­ցին տրա­մադ­րեց մե­զի եւ 2014-ի Օ­գոս­տոս ամ­սուան ըն­թաց­քին, Ս. Աս­տուա­ծած­նայ տօ­նին առ­թիւ, խա­ղո­ղօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն կա­տա­րե­ցինք: Ես քսան-ե­րե­սուն ըն­տա­նիք­նե­րու կամ ան­հատ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը կ­­՚են­թադ­րէի, բայց ի զար­մանս ե­կե­ղե­ցին լե­ցուն էր: Այն­տեղ ներ­կա­նե­րու ցանկ մը կազ­մուե­ցաւ, որ մօ­տա­ւո­րա­պէս 125 ըն­տա­նիք­նե­րու ա­նուն կը պա­րու­նա­կէր: Ինք­նին մեծ թիւ է: Բո­լո­րը Հոմ­սէն չէին: Շա­տեր այս­տեղ ա­պաս­տա­նած էին Հա­լէ­պէն եւ ու­րիշ վայ­րե­րէ, նկա­տի ու­նե­նա­լով՝ որ ա­պա­հով վայր է եւ ո­րոշ չա­փով աշ­խա­տանք գտնե­լը քիչ մը ա­ւե­լի դիւ­րին: Ի վեր­ջոյ Մաշ­թա ալ Հլուն այն­քան ալ մեծ քա­ղաք մը չէ, այլ գիւ­ղա­քա­ղաք մը եւ կա­րո­ղու­թիւ­նը չու­նի այս­քան մարդ ըն­դու­նե­լու ու աշխ­տանք ա­պա­հո­վե­լու բո­լո­րին, նկա­տի ա­ռած՝ որ նախ­կին շու­կա­յա­կան կա­պե­րը չկան, որ­պէս­զի քա­ղա­քէ քա­ղաք փո­խան­ցում­ներ կա­տա­րուի­ն:

Ինչ­պէս Հոմ­սի գա­ղու­թը մնա­յուն հոգ­ե­ւոր հո­վիւ չէ ու­նե­ցած, սա­կայն Դա­մաս­կո­սի քա­հա­նա­նե­րը ա­մէն Կի­րա­կի հեր­թա­բար կ­­՚եր­թա­յին եւ Ս. Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցէին հոն: Խնդիր­նե­րուն սկիզ­բը կրցած են ե­կե­ղեց­ւոյ տո­մար­նե­րը փո­խադ­րել Դա­մաս­կո­սի Ա­ռաջ­նոր­դա­րան:

Վե­րա­նո­րոգ­ման աշխ­տանք­նե­րու պի­տի սկսինք մօտ օ­րէն, ինչ­պէս նաեւ՝ ամ­սա­կան դրու­թեամբ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը պի­տի վերսկ­սին, որ­պէս­զի ժո­ղո­վուր­դը կրկին մօ­տե­նայ իր ե­կե­ղե­ցիին: Հոմ­սի ե­կե­ղե­ցին մե­զի հա­մար սրբապղ­ծուած է: Խո­րա­նը կան­գուն է տա­կա­ւին, բայց վե­րա­նո­րոգ­ման խնդիր կայ: Կան նաեւ նիւ­թա­կան ա­պա­հո­վե­լու հար­ցեր, սա­կայն Յու­լիս ամ­սուան ար­դէն պի­տի սկսին ճար­տա­րա­պե­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը եւ ան­կէ ետք հեր­թա­բար պի­տի մա­տու­ցուին պա­տա­րագ­նե­ր։

­Հոմ­սի Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման զու­գա­հեռ աշ­խա­տանք պի­տի տա­րուի վե­րա­բա­նա­լու Սա­հա­կեան ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը: Նախ­քան պա­տե­րազ­մը, այս շէն­քը դպրոց ըլ­լա­լու ար­տօ­նա­գիր ստա­ցած էր եւ ու­նէր 200 ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնց­մէ 15-20-ը հա­յեր էին:

Սու­րիոյ մէջ ե­կաւ շրջան մը, երբ բո­լոր դպրոց­նե­րը պե­տա­կան ա­նուն պէտք էր ու­նե­նա­յին: Ինչ­պէս Դա­մաս­կո­սի Թար­գամն­չաց Ճե­մա­րա­նը ա­րա­բե­րէ­նով «Ռի­սա­լէ» (ա­ռա­քե­լու­թիւն) կը կո­չուէր, Հոմ­սի դպրո­ցը կո­չած են՝ Իս­հա­կեան (Սա­հա­կեան) վար­ժա­րա­ն:

Գա­ղութ­նե­րու ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րեալ ուղ­ղած հար­ցին պա­տաս­խա­նե­լով Սրբա­զան Հայ­րը ը­սաւ.

«Թար­թու­սի մէջ հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի հայ ըն­տա­նի­քեր կ­­՚ապ­րին: Քա­հա­նայ մը նշա­նա­կուած է Լա­թա­քիոյ եւ Թար­թու­սի հա­մար ու ա­նոնց մի­ջեւ հեր­թա­բար կը տե­ղա­փո­խուի: Թար­թուս սրա­հի մը մէջ պա­տա­րագ­ներ կը մա­տու­ցուին, եր­բեմն ալ՝ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ: Գա­ղա­փար կայ հոն ե­կե­ղե­ցի մը հիմ­նե­լու, բայց հի­մա շատ դժուար է կողմ­նո­րո­շուիլ, ո­րով­հե­տեւ ներ­կա­յիս հոն հաս­տա­տուած հա­յոր­դի­նե­րուն թի­ւե­րը խա­փու­սիկ են եւ փո­փո­խա­կան, թէ՛ մար­դիկ շփո­թած են եւ թէ չեն գի­տեր, որ ո՛ւր կրնան կայք հաս­տա­տել, հե­տե­ւա­բար մեր ցան­կե­րը հաս­տատ չե­ն»:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2016