ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱՄՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԸՄԲՌՆՈՒՄԻ ՄԸ ՄԷՋ ԵՆ «ԵՓՐԱՏԻ ՎԱՀԱՆ» ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՇՈՒՐՋ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի հաւասարակշռութիւնները հետզհետէ փոփոխութեան կ՚ենթարկուին Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» լայնածաւալ գործողութիւններուն բերումով։ Ընդհանրապէս, «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խըմ-բաւորման դէմ ձեռնարկուած պայքարն ալ նոր հարթութեան մը վրայ եկած է այս գործողութիւններուն զուգահեռ։ Կը հաղորդուի, որ Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ընդհանուր առմամբ փոխադարձ ըմբռնումի մը մէջ են գործողութիւններու ընթացքին շուրջ։ Ամերիկեան կողմը արդէն կանաչ լոյս վառած է Սուրիոյ Էլ Պապ քաղաքը ԻՇԻՊ-էն ազատագրելու համար։ Անգարա եւ Ուաշինկթըն հասարակաց կէտ մը գտած են՝ որպէսզի Ազատ Սուրիոյ բանակի զօրամիաւորումները յառաջանան։
Ներկայիս, Թուրքիոյ մտադրութիւնները չեն սահմանափակուիր միայն Սուրիայով, այլ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի ընդհանուր շրջագծին մէջ Անգարայի թիրախը դարձած է նաեւ Իրաքի Մուսուլ քաղաքը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Թուրքիա մտադիր է Ռաքքայի համար ձեռնարկուելիք գործողութեան մը մասնակցիլ ռազմաօդային ուժերով, իսկ Մուսուլի ազատագրման գործողութիւններուն՝ ցամաքային ուժերով։