ՍԹՈԼԹԵՆՊԵՐԿ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԷՆ ՎԵՐՋ ԱՅՍՕՐ ԹՈՒՐՔԻԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ այսօր կը ժամանէ Թուրքիա։ Ան Թուրքիա հասնելէ առաջ վերջին երկու օրերուն ընթացքին շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ։ Սթոլթենպերկ հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի եւ Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ։ Թիֆլիզի ղեկավարութեան կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուելով՝ Սթոլթենպերկ քննարկեց Վրաստան-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններու հեռանկարները։ Կողմերը ներկայիս կը ձգտին խորացնել իրենց յարաբերութիւնները։ Սթոլթենպերկ եւ Քվիրիքաշվիլի ՆԱԹՕ-Վրաստան յարաբերութիւններու խորացման հեռանկարներուն առընթեր՝ շօշափեցին նաեւ Վրաստանէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներն ու յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները։ Քվիրիքաշվիլի շեշտեց, թէ ընդհանուր քարտուղարին Թիֆլիզ այցելութիւնը վկայութիւն մըն է՝ դաշինքին կողմէ իր երկրին ցուցաբերուած աջակցութեան մասին։ Իր կարգին, Սթոլթենպերկն ալ շեշտեց, որ Վրաստան զգալի դեր մը կը խաղայ միջազգային անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ։
Սթոլթենպերկի այցելութեան զուգահեռ Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի նստաշրջանը, որուն մասնակցեցան դաշինքի անդամ պետութիւններու մշտական ներկայացուցիչ դեսպանները։ Ներկայ էին նաեւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ալեքսանտր Վերշպոու եւ Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու հարցերով ՆԱԹՕ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ։
Թիֆլիզի մէջ Սթոլթենպերկ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիայի եւ Խորհրդարանի նախագահ Տաւիտ Ուսուպաշվիլիի հետ։ Ան խորհրդարանի շէնքէն ներս ելոյթ մըն ալ ունեցաւ ուսանողներու առջեւ եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի հանգամանքով Եէնս Սթոլթենպերկ արդէն երկրորդ անգամ այցելեց Թիֆլիզ։ Ան անցեալ տարուան Օգոստոսին ալ այցելած էր Վրաստան։