ԼԱԶԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒ ՏՈՀՄԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն բացուեցաւ Լազարեաններու յայտնի տոհմին ձօնուած ցուցահանդէս մը։ Մատենադարանի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ այս ձեռնարկը։ Ցարական Ռուսաստանի շրջանին ազնուականներու դասին մէջ տեղ ապահոված Լազարեան տոհմի գործունէութեան ձօնուած է այս ցուցահանդէսը։ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը կը ցոլացնէ Լազարեան տոհմի անցած փառապանծ ուղին։

Թէ՛ Մատենադարանի եւ թէ «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի հաւաքածոներուն մէջ ի պահ դրուած առանձնապէս արժէքաւոր եւ հազուագիւտ փաստաթուղթեր, պատմական բացառիկ նշանակութեամբ վաւերագրեր, եզակի լուսանկարներ, շքանշաններ կը ցուցադրուին այս ձեռնարկին առթիւ։ Ներկայացուած են նաեւ ձեռագրական նմոյշներ Մատենադարանի Լազարեաններու ֆոնտէն։

Լազարեանները կարեւոր դեր կատարած են պատմական Պարսկաստանի մէջ, յատկապէս Նոր Ջուղայի հայոց կեանքէն ներս։ 18-րդ դարէն սկսեալ անոնք հաստատուած են Ռուսաստանի մէջ՝ մեծ ներդրում ունենալով տնտեսութեան եւ լուսաւորութեան ասպարէզներուն մէջ։ Վիթխարի եղած է անոնց դերակատարութիւնը հայ-ռուսական բարեկամական կապերու ամրապնդման, հայկական եւ ռուսական մշակոյթներու զարգացման ու փոխադարձ հարստացման ուղղութեամբ։ Լազարեաններու ջանքերով 1805-ին հիմնուած է Մոսկուայի հայկական գերեզմանատունը, ուր կառուցուած է նաեւ Ս. Յարութիւն եկեղեցին։ 1815-ին բացուած է հռչակաւոր Լազարեան ճեմարանը, այնուհետեւ՝ այս ուսումնական կեդրոնին առընթեր տպարանը (1829) եւ թատրոնը։ Աւելի վերջ այդ ճեմարանը վերափոխուած է արեւելեան լեզուներու ուսումնարանի մը, որ մեծ դեր կատարած է Ռուսաստանի եւ Խորհրդային Միութեան մէջ արեւելագիտութեան, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական մտքի ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Լազարեան ճեմարան յաճախած են հայ եւ ռուս ականաւոր գրողներ, մշակութային գործիչներ, բանասէրներ ու պատմաբաններ։

Այդ ճեմարանի շէնքը այսօր Մոսկուայի մէջ կ՚օգտագործուի որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն։

Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, որ մանրամասնութիւններ փոխանցեց կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ ցուցահանդէսի պատգամին շուրջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017