ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Երեւեանի մէջ նախընթաց օր սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովին ընդառաջ ան յայտնեց, որ սոյն համաժողովները կը հանդիսանան համահայկական միասնութեան ամենամեծ հարթակը։ Համաժողովները կը հանդիսանան բացառիկ իրադարձութիւններ, որոնք կը նպաստեն ազգային ներուժի համախմբման եւ անոր արդիւնաւէտ կիրառման։ Այդ համաժողովներու ընթացքին կը ճշգրտուին առաջնահերթութիւններ, կ՚ուրուագծուի համահայկական գործունէութեան օրակարգը, կը ձեւաւորուի Հայաստանակեդրոն հայեցակարգ մը եւ մասնակիցներուն կը հաղորդուի ազգային հզօր լիցք։
Ինչպէս ծանօթ է, Համահայկական 6-րդ համաժողովը Երեւանի մէջ նախատեսուած է 18-20 Սեպտեմբեր թուականներուն։ Հաւաքը կազմակերպուած է «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» կարգախօսով։ Հրանոյշ Յակոբեան յայտնեց, որ այս համաժողովին մասնակցելու համար Սփիւռքէն արդէն իրենց մասնակցութիւնը հաստատած է աւելի քան 1500 հոգի՝ աշխարհի 70 երկիրներէն։ 6-րդ համաժողովի առանձնայատկութիւններէն մին այն է, որ կլոր սեղանի ձեւաչափով երկու քննարկումներ տեղի պիտի ունենան։ Առաջին կլոր սեղանի քննարկման պիտի դրուին աշխատանքային խումբի առաջարկները՝ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման սկզբունքներուն վերաբերեալ։ Երկրորդ կլոր սեղանի քննարկումները ձօնուած պիտի ըլլան ըստ էութեան Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հռչակման 100-ամեայ յոբելեանին։
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն Հրանոյշ Յակոբեան ըսաւ. «Համահայկական խորհուրդը պէտք է ըլլայ խորհրդատուական մարմին մը։ Սփիւռք ունեցող բազմաթիւ երկիրներ ունին նման մարմիններ։ Խորհուրդը միտուած պիտի ըլլայ Սփիւռքի մտաւոր ներուժը համախմբելու եւ կազմակերպելու։ Պէտք է կարողանանք արդիւնաւէտ ձեւ մը գտնել Սփիւռքի ներուժի օգտագործման համար։ Անդրադառնալով համահայկական խնդիրներուն՝ համաժողովներուն ընթացքին համատեղ պէտք է քննարկուին եւ միասնաբար լուծումներ պէտք է գտնուին։ Պիտի առաջարկենք, որպէսզի Սփիւռքի համայնքները աջակցին սահմանապահ գիւղերու ընկերային խնդիրներու լուծման»։
Հրանոյշ Յակոբեանի բացատրութիւններով, Համահայկական 6-րդ խորհրդաժողովին զուգահեռ նախատեսուած են նաեւ շարք մը մեծ մշակութային ձեռնարկներ։