ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԹԱԼԻՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Էսթոնիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Թալինի մէջ Եդուարդ Նալպանտեան կը մասնակցի Եւրոմիութեան անդամ եւ անոր առընթեր ստեղծուած Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։

Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները վերջին շրջանին թափ ստացած են՝ նոր բանակցութիւններով, որոնց նպատակն է իրաւական նոր փաստաթուղթ մը ստորագրել Երեւանի եւ Պրիւքսելի միջեւ։ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանն ալ վերջերս յայտնած էր, որ Հայաստան հաստատակամ կերպով կ՚երթայ ԵՄ-ի հետ նոր համաձայնագրի ստորագրման։  

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017