«ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՀԵՏ ԱՂԵՐՍ ՈՒՆԵՑՈՂ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ, ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻՐ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԸՍԵԼԻՔԸ ՈՒՆԻ»

Չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբերին, հրաւէրով Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը դասախօսութիւն մը տուաւ «Աստուածաբանութիւն եւ քաղաքականութիւն» նիւթին շուրջ։ Յայտնենք, որ ամբողջ շաբթուան վրայ տարածուած ու համալսարանին կողմէ կազմակերպուած համագումարին նիւթն էր յիշեալ թեման, որուն Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ կերպով հրաւիրուած էր եզրափակիչ դասախօսութիւնը տալու։

Համալսարանի նախագահը՝ Տքթ. Ճորճ Սապրան ներկայացնելով Նորին Սրբութիւնը՝ ըսաւ, թէ ան «կարիքը չունի ներկայացուելու, որովհետեւ քրիստոնէական ու միջկրօնական աշխարհէն ներս հանրածանօթ դէմք է՝ իր ստանձնած պատասխանատուութիւններով, հրատարակութիւններով ու դասախօսութիւններով»։ Ապա, ան հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղելու։

Իր դասախօսութեան Արամ Ա. Կաթողիկոս սկսաւ հետեւեալ դրուագը յիշելով.- 1998 թուականին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 8-րդ համաժողովը տեղի ունեցաւ Հարարէի (Զիմպապուէյ) մէջ։ Համագումարին առաջին օրը, շուրջ հարիւր անձերէ բաղկացած խումբ մը, ներկայացնելով աւելի քան հինգ հազար հոգի հաշուող համաժողովը այցելեց նախագահ Մուկապէյին՝ ընդառաջելով անոր հրաւէրին։ Ընդունելութեան սկիզբը նախագահը խօսքը ուղղելով ներկաներուն, հեգնական ոճով, ըսաւ. «Դուք՝ հոգեւորականներդ, պէտք է զբաղիք միայն երկինքի հարցերով...»։ Որպէս ատենապետ ԵՀԽ-ին, իմ պատասխանիս մէջ ըսի. «Որպէս քրիստոնեայ, դուք պէտք է գիտնաք, թէ երկինքի մէջ հարցեր չկան, այլ միայն երկրի վրայ, եւ այդ հարցերը հետեւանք են մարդու մեղքին, անարդարութեան ու մարդկային իրաւանց բռնաբարման. Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ մարդուն հարցերը լուծելու, այլ խօսքով՝ մարդը ազատագրելու իր մեղքէն եւ մարդուն ցոյց տալու դէպի փրկութիւն ընթացող ճամբան»։ Այս ըլլալով Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը, ա՛յս է նաեւ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ իր աստուածաբանութեան նպատակը ըսաւ Տ. Արամ Կաթողիկոս իր խօսքը ուղղելով համագումարի մասնակիցներուն։

Անդրադառնալով «Աստուածաբանութիւն եւ քաղաքականութիւն» նիւթին, Նորին Սրբութիւնը աստուածաբանութիւնը սահմանեց որպէս «միտք»ը եկեղեցւոյ. «եկեղեցին ինքզինք կ՚արտայայտէ աստուածաբանութեան ճամբով. աստուածաբանութիւնը հիմնուած է Աստուածաշունչին, եկեղեցւոյ հայրերուն ուսուցումներուն ու տիեզերական ժողովներուն վրայ։ Աստուածաբանութեան աղբիւրը Աստուծոյ յայտնութիւնն է։ Այս սահմաններէն դուրս, ան կը վերածուի փիլիսոփայութեան։ Բանականութիւն ու հաւատք, իւրաքանչիւրը իւրայատուկ դեր ունի աստուածաբանութեան մէջ», յիշեցուց Նորին Սրբութիւնը։ Շարունակելով իր խօսքը՝ ան ըսաւ, թէ աստուածաբանութիւնը «եկեղեցւոյ դիրքորոշումը, մտածողութիւնը ու տեսակէտը կը պարզէ մարդկային կեանքին առընչուած երեւոյթներուն, մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ։ Նո՛յնը ըրաւ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին։ Նո՛յնը կոչուած է ընել այսօր եկեղեցին։ Հետեւաբար, աստուածաբանութեան մօտեցումը համապարփակ է, ո՛չ ընտրովի»։ Մեկնելով այս մօտեցումէն, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, որ «այսպէս «քաղաքական աստուածաբանութիւն» կոչուած իւրայատուկ աստուածաբանութիւն մը գոյութիւն չունի. այլ աստուածաբանական մտածողութեան մէջ կան շեշտաւորումներ ու մօտեցումներ, որոնք իւրայատուկ նկարագիր մը կու տան աստուածաբանութեան. օրինակ՝ «սեւ աստուածաբանութիւն», «կնոջական աստուածաբանութիւն», «ազատագրումի աստուածաբանութիւն», «երկխօսութեան աստուածաբանութիւն», «յոյսի աստուածաբանութիւն», «գոյապայքարի աստուածաբանութիւն» եւ այլն...»։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է դիտել աստուածաբանութիւնը եւ քաղաքականութիւնը իրենց ներքին յարակցութեան ու միաժամանակ առճակատումի շրջագիծէն ներս։

Այս ծիրէն ներս ան յատկապէս անդրադարձաւ երեք կէտերու.-

Ա) Բախում Աստուծոյ թագաւորութեան եւ մարդու թագաւորութեան միջեւ։ Քրիստոս աշխարհ եկաւ քանդելու սուտի, կեղծիքի, անարդարութեան, չարի ու մեղքի վրայ հիմնուած մարդու թագաւորութիւնը եւ հիմնելու երկինքի թագաւորութիւնը։ «Ճիշդ չէ ըսել, թէ երկինքի թագաւորութիւնը պիտի գայ. ան եկած է արդէն Քրիստոսով։ Հոս կը յառաջանայ բախում մը երկու թագաւորութիւններու միջեւ։ Եկեղեցին կոչուած է աստուածաբանութեան ճամբով պաշտպանը ու ջատագովը ըլլալու երկինքի թագաւորութեան արժէքներուն ու սկզբունքներուն», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։

Բ) Եկեղեցւոյ մարգարէական դերը Քրիստոսի կողմէ տրուած կոչում մըն է «ոչ միայն տեսակէտ պարզելու, Աստուծոյ ձայնը դառնալու, այլ կեցուածք ճշդելու անարդար կառոյցներու եւ այն բոլոր երեւոյթներուն նկատմամբ, որոնք չարին ու մեղքին տիրապետութիւնը կը հաստատեն ընկերութեան կեանքէն ներս այլազան կերպերով», յիշեցուց Արամ Ա. Կաթողիկոս։

Գ) Ուժի հարցը կարեւոր է եկեղեցի-ընկերութիւն յարաբերութեան մէջ։ Այս գծով ան յայտնեց՝ թէ «ընկերութեան կառոյցները հիմնուած են ուժի վրայ, իսկ Աստուծոյ թագաւորութիւնը հիմնուած է խաչին վրայ։ Խաչը ժխտումն է մարդկային ուժին. ան աստուածային ուժին ներկայութիւնն է. մահուան մահով յաղթելու Քրիստոսի յաղթական յարութիւնը պարտութիւնն է մարդկային ուժին՝ աստուածային ուժին դիմաց»։ Երկնային ու երկրաւոր ուժերու, այս հակադրութեան դիմաց, եկեղեցւոյ դերը շեշտել է սիրոյ, ծառայութեան ու ճշմարտութեան հրամայականը, որպէս աղբիւր երկնային ուժի։

Արամ Ա. Կաթողիկոս ամփոփ գիծերով պարզելէ ետք նաեւ այլ երեւոյթներ աստուածաբանութիւն ու քաղաքականութիւն յարաբերութեան առընչուած, հետեւեալ չորս գլխաւոր կէտերու մէջ ամփոփեց իր նիւթին առընչուած կարեւոր երեւոյթները.-

ա) «Աստուածաբանութիւնը չի կրնար ապաքաղաքական ըլլալ, որովհետեւ ան կոչուած է իր տեսակէտն ու կեցուածքը արտայայտելու ընկերութեան կեանքին բոլոր հարցերուն գծով. միաժամանակ, եկեղեցին չի կրնար նոյնանալ քաղաքական ու գաղափարախօսական կառոյցներու, օրակարգերու կամ շարժումներու հետ»։ Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց, թէ նման մօտեցում զգայուն ու երկդիմի կացութիւն կրնայ ստեղծել եկեղեցւոյ, որովհետեւ ան որպէս աստուածամարդկային կառոյց կը գործէ ընկերութեան կեանքէն ներս ու ենթակայ է միշտ անկից եկող ազդեցութիւններուն։ Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Երբ նայինք պատմութեան, կը տեսնենք, որ եղած են դէպքեր ու կացութիւններ, երբ եկեղեցին սխալած է կամ թերացած իր մարգարէական դերակատարութեան մէջ։ Եկեղեցին կոչուած է ճշմարտութեան, արդարութեան, իրաւունքի ու համերաշխութեան ջատագովը ըլլալ։ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի օրերուն, գերմանական եկեղեցիներուն կեցուածքը Հիթլէրի նկատմամբ պերճախօս վկայութիւն մըն է այս գծով»։

բ) «Եկեղեցին, իր բարոյական հեղինակութեամբ, պէտք է հաշտարարի ու միջնորդի դերը կատարէ թէ՛ ժողովուրդի կեանքէն ներս յառաջացած եւ թէ ժողովուրդ-իշխանութիւն բեւեռացումներու գծով։ Եկեղեցին պէտք չէ կողմ ըլլայ. իր մօտեցումները պէտք է իրենց մղումը առնեն աստուածաշնչական սկզբունքներէն»։

գ) «Եկեղեցին պէտք է մերժէ որեւէ մօտեցում, որ զինք կը նկատէ որպէս հաստատութիւն։ Եկեղեցին հաստատութենական արտայայտութիւն ունի, սակայն ան հաւատքի համայնք է, Քրիստոսի խորհրդական մարմինը։ Եկեղեցւոյ այս ինքնահասկացողութիւնը հիմքն է իր աստուածաբանական մտածողութեան»։

դ) «Եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը ինքնանպատակ չէ։ Աստուածաբանութիւն ու առաքելութիւն սերտօրէն առընչուած են։ Եկեղեցւոյ մտածողութիւնը կոչուած է ուղղութիւնը տալու եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ ընկերութեան կեանքէն ներս»։

Որպէս իր դասախօսութեան եզրափակիչ կէտ, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Ընկերութեան կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող հարցերուն նկատմամբ՝ կառավարման վարչաձեւէն մինչեւ կենսոլորտ, ընկերատնտեսական խնդիրներէն մինչեւ մարդկային իրաւանց հարցեր, եկեղեցին իր իւրայատուկ ըսելիքը ունի՝ միշտ մեկնելով աստուածաշնչական արժէքներէ ու ուսուցումներէ եւ պահելով իր դերակատարութեան իւրայատկութիւնը»։

Աստուաածաբանութիւն-քաղաքականութիւն յարաբերութեանց շուրջ իր կատարած վերլուծումներուն ու քննարկումներուն ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը մէջ ընդ մէջ անդրադարձաւ պատմական ու ժամանակակից դէպքերու ու երեւոյթներու՝ առընչուած ընդհանրական եկեղեցւոյ կեանքին։ Այս ծիրէն ներս ան նաեւ յիշեց Հայ Եկեղեցին ու Միջին Արեւելքի եկեղեցիները՝ պարզելով եկեղեցւոյ որդեգրելիք կեցուածքը ներկայ ժամանակներու տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ։

Շուրջ ժամ մը տեւած դասախօսութեան աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս պատասխանեց ներկաներուն կողմէ իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2018