ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր Քրեմլինի պալատին մէջ նախատեսուած է իր հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած հանդիպում մըն է այս մէկը։ Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգը թէեւ միշտ յագեցած են, սակայն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան զուգահեռ այս շրջանին արդէն տարբեր տեսակի ծանրաբեռնուածութիւն մըն ալ ստեղծուած է այդ յարաբերութիւններուն մէջ։

Փաշինեանի Մոսկուա ուղեւորութենէն առաջ թէ՛ հայկական եւ թէ ռուսական կողմերը հանդէս եկան կարեւոր յայտարարութիւններով՝ պատգամներ տալով այս փուլի իրենց ակնկալութիւններուն առընչութեամբ։ Փաշինեանի Մոսկուա այցելութեան ընդառաջ Վլատիմիր Փութին հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որու հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը։ Ռուս ղեկավարը այս առթիւ տեղեկացուց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ նպաստել հիմնախնդրի կարգաւորման։ Այդ այցելութեան հետ գրեթէ նոյն օրերուն նշուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման տարեդարձը։ Երեւանի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր այս առթիւ մեկնեցան Ստեփանակերտ՝ Արցախի ղեկավարութեան հետ մասնակցելով տօնակատարութիւններուն։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ ներկայ էր Արցախի տօնակատարութիւններուն, Փաշինեանի Մոսկուա այցելութենէն առաջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Արմէն Սարգսեան վստահութիւն յայտնեց, թէ Փաշինեան-Փութին հանդիպումը պիտի անցնի բարեկամական մթնոլորտի մը մէջ։ Իր կարգին, տօնակատարութիւններու օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանն ալ հերթական անգամ յայտարարեց, որ բանակցային գործընթացի մէջ Արցախի ներգրաւումը պիտի նպաստէ խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։

Քրեմլինի աղբիւրները նոյնպէս յայտարարութիւններով հանդէս եկան Փաշինեան-Փութին հանդիպման ընդառաջ։ Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ տեղեկացուեցաւ, որ Փաշինեան եւ Փութին կը քննարկեն ռուս-հայկական դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման հիմնական հարցերը, ինչպէս նաեւ Եւրոասիոյ տարածքաշրջանի համարկման ուղղութեամբ համագործակցութիւնը։ Փութինի դիւանագիտական հարցերով գլխաւոր օգնական Եուրի Ուշաքովն ալ Հայաստանի վարչապետի այցելութեան շեմին ըսաւ. «Շատ հարցեր կուտակուած են ինչպէս մեր կողմէ, այնպէս ալ հայկական կողմէն։ Ուստի, մենք անկեղծ, լուրջ խօսակցութիւն կ՚ակնկալենք այն բոլոր հարցերուն շուրջ, որոնք կը վերաբերին երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան կամ ՀԱՊԿ-ի գործով համագործակցութեան»։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ յայտնեց, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի եռեւեփի շարունակումը մտահոգութիւն կը պատճառէ իր երկրին։ Յամենայնդէպս ան այդ բոլորը որակեց Հայաստանի ներքին գործերը։ Իր խօսքով, Մոսկուա կը կարեւորէ կայունութիւնը այն երկիրներուն, որոնց հետ ունի դաշնակցային յարաբերութիւններ եւ ռազմավարական գործընկեր է։ Փաշինեանի այցելութեան անդրադառնալով ան ըսաւ, որ Մոսկուայի համար կարեւոր է լսել, թէ Հայաստանի ղեկավարը ինչպէս կը գնահատէ իր երկրի իրադրութեան զարգացման հեռանկարները։

Այսօր Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին կը տեսակցին երրորդ անգամ։ Անոնց առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 14 մայիսին Սոչիի մէջ՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու գագաթաժողովին ժամանակ։ Ապա, 13 յունիսին անոնք Մոսկուայի մէջ տեսակցած էին՝ Ֆութպոլի համաշխարհային ախոյենութեան բացման արարողութեան շրջանակներէն ներս։ Ռուս ղեկավարի հետ երրորդ հանդիպման ընդառաջ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Իր խօսքով՝ Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան շատ աւելի բարձր մակարդակի վրայ եւ եղբայրական։ Վարչապետը յայտնեց, որ Ռուսաստանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները առանձնայատուկ տեղ եւ նշանակութիւն ունին։ Ուշագրաւ էր, որ Փաշինեան այս հարցազրոյցը տուաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան «Զինուժ» հաղորդաշարին։ Վարչապետը յոյս յայտնեց, թէ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու արդիւնաւէտութիւնը էականօրէն պիտի բարձրանայ։ «Մեր յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան շատ աւելի բարձր մակարդակի, շատ աւելի ռազմավարական, շատ աւելի գործընկերային եւ շատ աւելի եղբայրական», ըսաւ ան։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ հայկական զինեալ ուժերու մարտունակութեան ու թեքնիկ յագեցուածութեան, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հնարաւորութիւններուն եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գործունէութեան մասին։ Ան ըսաւ. «ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու հետ առաջին իսկ շփումներուն ինծի համար ակնյայտ դարձաւ, որ այս նոյն հարցը կայ նաեւ անոնց մօտ։ Պէտք է արձանագրել խնդրի գոյութիւնը եւ համբերատար, դաշնակցային մթնոլորտի ու տրամաբանութեան մէջ պէտք է քննարկել հարցերը՝ որպէսզի մենք իմանանք, թէ ի՛նչ պարտաւորութիւններ ունի ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի առջեւ եւ ինչ պարտաւորութիւններ ունի Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի եւ անոր անդամ երկիրներուն առջեւ»։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց նաեւ, որ Ատրպէյճան երկար տարիներէ ի վեր կ՚ապացուցանէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ իր պատկերացումը պատերազմ է։ «Սա կը նշանակէ, որ ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այլեւ ամբողջ հայութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ տալու անհրաժեշտ հակահարուած», ըսաւ վարչապետը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2018