ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՄՔ

2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին, «Տարբերակ21» հարթակին վրայ, «Դէմ առ դէմ» տեսազրոյց մը կատարուած է լեզուագէտ, պատմաբան ու գրող Յակոբ Չոլաքեանի հետ, որ ուշագրաւ խորհրդածութիւններով հանդէս եկած է թէ՛ կրթական եւ թէ հայապահպանական օրակարգի խնդիրներու կապակցութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր յայտարարութիւններուն սղագրութիւնը։

*

-Ձեր կարծիքով՝ ե՞րբ եւ ինչո՞ւ արեւմտահայերէնը սկսաւ տագնապի մատնուիլ:

-Կարելի է ըսել, որ նոր հայերէնը կամ աշխարհաբար հայերէնը, արեւելեան եւ արեւմտեան տարբերակներով, ազգային տագնապի մը ծնունդը եղաւ։ Արեւմտահայերէնը՝ առաւել եւս, երբ Օսմանեան կայսրութեան ամբողջ տարածքին արեւմտահայութիւնը ինկած էր համատարած թրքախօսութեան եւ բարբառախօսութեան մէջ: Կրթութիւնը եւ նոր գրական հայերէնը միակ զէնքերն էին ազգային զարթօնքին համար, բայց դպրոցն ու կրթութիւնը դէպի գաւառ տանելու լրջագոյն դժուարութիւններ կային: Ապա եկաւ 1915-ը՝ Մեծ եղեռնը, երբ, Վահան Թէքէեանի բառերով, «Լեզուն, որով գրեցի, երկրի երեսին քիչեր / Կը կարդային զայն արդէն ու պակսեցան անոնք ալ»: Ամէն ինչ սկիզբէն սկսելու վիճակին մատնուեցաւ սփիւռքը, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի հիւրընկալ երկիրներուն մէջ: Մէկ խօսքով՝ արեւմտահայերէնի ամբողջ պատմութիւնը տագնապներ յաղթահարելու շղթայ մըն է ու ի հեճուկս ազգային, քաղաքական ամենէն աննպաստ պայմաններուն՝ յարատեւ զարգացման ու կանոնակարգման վերելքի մը շղթան: Մեր օրերուն արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման տագնապները ստեղծուեցան՝ յատկապէս հետեւեալ հանգամանքներով.

ա) Երբ 1955-ական թուականներէն ետք հիւրընկալ երկիրներու կրթական ծրագիրներուն մէջ մրցունակութիւն ապահովելու պահանջով, կամովին կամ պարտադրաբար, նուազեցան հայերէնաւանդ նիւթերը, թէեւ հայ դպրոցը տեղ-տեղ յաջողեցաւ մրցունակ ըլլալով հանդերձ պահել հայերէնի ուսուցման իր հիմնական առաքելութիւնը եւ մեծ նահանջ չարձանագրեց:

բ) Երբ մեր նորակազմ գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ համախմբուածութիւնը մեծ խախտումներ ունեցաւ: 1960-ական թուականներէն սկսեալ, երբ տեղի ունեցաւ ցրուում, օտարում, լեզուի գործածութեան ոլորտի նեղացում, թէեւ հոս եւս մեր գաղութները կրցան լուծումներ գտնել, միջոցներ առաջարկել ու կարելի բոլոր միջոցներով չզրկել մեր սերունդները հայեցի դաստիարակութենէ եւ գրական հայերէնին վարժուելէ:

գ) Երբ մանաւանդ արտագաղթի պատճառով 1920-ական թուականներուն կազմուած Մերձաւոր Արեւելքի մեր գաղութները կամաց-կամաց սկսան խամրիլ: Եւ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Աւստրալիոյ, Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ կազմուեցան նոր գաղութներ, ուր դպրոցական գործը թէեւ կայացաւ, բայց ակնկալուած արդիւնքը տակաւին չտուաւ:

Մէկ խօսքով՝ այս բոլորին հետեւանքով եղան կորուստ, հայախօսներու թիւի նուազում, հայ դպրոցէ զրկուած դպրոցականներու մեծ զանգուած։ Այս բոլորին շուրջ մենք պարտաւոր ենք լրջագոյն ձեւով մտածել, կորուսեալները հօտին մէջ մտցնելու եւ ապահովելու լեզուի պահպանման ու զարգացման բոլոր հնարքներն ու միջոցները: Տագնապը միշտ կայ, բայց յաղթահարումը մեր ազգային գիտակցութենէն ու կամքէն կախեալ է: Ես կը հաւատամ, թէ այս տագնապն ալ կ՚անցնի՝ շնորհիւ մեր ժողովուրդի գիտակցութեան ու հետեւողական աշխատանքին:

-Դպրոց, եկեղեցի, մամուլ եւ ծնողք կը նկատուէին հիմը արեւմտահայերէնի կենսունակութեան եւ զարգացումին: Անոնք դեր ունի՞ն այս նահանջին մէջ:

-Այո՛, լեզուի կենսունակութեան ու զարգացման մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունին դպրոցը, եկեղեցին, մամուլը եւ ծնողքը: Չմոռնանք ակումբն ու միութենական շրջանակը, որոնք գոնէ 20-ական, 30-ական, նոյնիսկ մինչեւ 70-ական թուականները մեր պատանիներուն հիմնական դպրոցը կը համարուէին՝ մանաւանդ արհեստի գացած տղոց, որոնք նախակրթարանը հազիւ աւարտած՝ կը նետուէին կեանքի: Ըստ ժամանակի ու տեղի կը փոխուի ասոնց առաջնահերթութիւնը: Դպրոց եւ ծնողք կը մնան հիմնական օղակները: Միւսները օժանդակ աղբիւրներ են՝ վերջին հաշուով: Իւրաքանչիւր օղակի մէջ եւս կարելի է թէ՛ դրականը, թէ՛ բացասականը: Կարելի է տեսնել արդիւնաւէտը եւ նուազ հայեցին: Ամէն տեղ կարելի է տեսնել տիպար դպրոցներ, ամէն տեղ կարելի է տեսնել նախանձախնդիր ծնողներ եւ հակառակը: Կարելի չէ ընդհանրացնել: Մեր դպրոցներուն միջեւ փորձի փոխանակումը եւ իրարմէ սորվիլը դանդաղ գործընթաց մըն է: Եւ ատիկա, հետեւաբար, յարանուանական եւ կուսակցական հակամարտութեան հետեւանքն է: Դպրոցը կը մնայ ամենէն անհրաժեշտ ու հիմնարար հաստատութիւնը: Կարելի է նոյնիսկ ըսել, որ դպրոցով պայմանաւորուած են մեր կեանքին մէջ տեղ գտած բոլոր հաստատութիւններն ու կառոյցները: Հայապահպանումը, եթէ կ՚ուզէք, դպրոցի պատմութիւն է: Մեր մեծ գաղութներուն մէջ ամէնօրեայ դպրոցի գոյութիւնը այս բանի լաւագոյն ապացոյցն է: Դպրոցը կը փակուի՝ կը նշանակէ գաղութը արդէն չկայ: Եթէ դպրոց բանալու խօսքը բացուի, կը նշանակէ նոր գաղութ կը ձեւաւորուի: Վերջին կէս տարուան մեր իրականութեան մէջ հետզհետէ կ՚աւելնան միօրեայ վարժարանները: Այդ ալ ողջունելի է, թէեւ հոն երբեք իտէալական պայմաններով հայերէնի ուսուցում չի կատարուիր: Այսուհանդերձ, երբեք ընդունելի չէ, որ մեր գաղութներէն ոմանք ունենալով շէնքային, նիւթական, մարդուժի մեծ կարելիութիւն ու մինչեւ միջնակարգ դպրոց բանալու չափ աշակերտութիւն՝ միօրեայ դպրոցները չեն վերածեր ամէնօրեայ դպրոցի: Ընկրկումը, մրցունակ չըլլալու վախը, աշակերտութիւն կորսնցնելու մտավախութիւնը, պիւտճէական հարցերը կը յաղթահարուին, պիտի յաղթահարուին տեղական իշխանութիւններու յամառ գործունէութեամբ: Քուէյթի Ազգային վարժարանը, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ յաջողակ դպրոցները այս բանի լաւագոյն ապացոյցներն են:

Ներկայիս մեծ կարեւորութեամբ կ՚ուզեմ շեշտել ծնողքին դերը, որ նուազ կարեւոր էր, երբ մենք համախումբ կ՚ապրէինք, կ՚ապրէինք Պուրճ Համուտի մէջ, կ՚ապրէինք Նոր գիւղի մէջ: Երբ մարդիկ կամայ թէ ակամայ փոքրիկները թաղի հայկական դպրոցները պիտի ուղարկէին, այլընտրանք գոյութիւն չունէր: Հիմա հայ ծնողքն է, որ պիտի փնտռէ հայ դպրոցը: Հայ ծնողքն է, որ պիտի որոշէ իր զաւակները հոն առաջնորդել։ Ան պէտք է հայախօսութեան եւ հայերէնի ուսուցման անհրաժեշտութիւնը ըմբռնէ, դիմանայ նիւթական դժուարութիւններուն, իր զաւակներուն համար ապահովէ հայկական շրջանակ: Ես նոյնիսկ կը մտածեմ, որ ներկայիս մեր կրթական համակարգին հիմնաքարը հայ ծնողքն է: Գիտակից թէ անգիտակից, միեւնոյնն է, մենք այդ ծնողքը գտնելու, անոր ետեւէն երթալու պարտաւոր ենք:

Եկեղեցին, անկասկած, գոնէ մեր մտապատկերին մէջ կարեւոր դեր ունի՝ ծնողներուն հետ կապ ստեղծելու, դպրոցը հովանաւորելու գործին մէջ: Այդպէս է գոնէ հայ կաթողիկէներու կամ աւետարանականներու պարագային: Իսկ հայ առաքելականներու պարագային կը գործեն սահմանադրական կարգեր, որոնցմով կը հովանաւորուին դպրոցն ու կրթութիւնը: Ըսենք նաեւ, որ, վերջին հաշուով, այսօր եկեղեցւոյ ուղղակի դերը կը սահմանափակուի կիրակնօրեայ եւ հոգեւոր դպրոցներու, նաեւ դպրաց դասի շրջանակէն ներս։ Եւ այս բանը յոյժ կարեւոր է՝ փոքրիկները արտադպրոցական աշխարհին մէջ պահելու համար հայկական մթնոլորտով:

Մեր կրթական կեանքին մէջ մամուլէն աւելին կ՚ակնկալուէր ու կ՚ակնկալուի ներկայիս: Մեր մամուլը կա՛մ յարանուանական է ընդհանրապէս, կա՛մ կուսակցականացուած: Հետեւաբար, ան երբեք չէ կրցած անհրաժեշտ հետեւողականութեամբ բարձրաձայնել մեր կրթական կեանքի մէջ յատկապէս՝ հայերէնի ուսուցման ընդհանուր մարտավարութիւն մը ստեղծելու ամբողջական եւ համընդհանուր ծրագիրի մը ծնունդին աջակցելու գործը՝ հետեւելով մեր կրթական կեանքին՝ առողջ քննադատութեամբ եւ գնահատանքով: Այս կամ այն դպրոցին մասին մեր մամուլին մէջ երեւցող յօդուածները, ամէն դպրոցական տարեվերջին, չափազանց չոր տեղեկատուական նիւթեր են եւ փայլուն թիւեր, ուրիշ ոչինչ: Դասագիրքերու, ուսուցման միջոցներու, ուսուցիչներու լեզուական եւ մանկավարժական հմտութեան մասին ընդհանուր ակնարկներէ անդին բան չենք գտներ մամուլին մէջ: Գիտենք, որ մեր դպրոցները ցանցային դրութիւն ունին եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի գերատեսչութիւն, խնամակալութենէ եւ հոգաբարձութենէ վեր մարմին մը, որ կը սերտէ, կը ծրագրէ կրթական ծրագիրները: Միով բանիւ՝ անոնք ուսումնական խորհուրդներն ու ուսումնական յանձնաժողովներն են: Այդ խորհուրդներն ու յանձնաժողովները գոնէ 60-ական թուականներէն ետք եթէ ոչ սնանկութիւն, ապա առնուազն ծայրայեղ ձգձգում կը ցուցաբերեն՝ հայերէնի ուսուցման գործընթացը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու իրենց առաքելութեան ու պաշտօնին մէջ:

-Ինչպէ՞ս կրնանք երիտասարդները ներգրաւել արեւմտահայերէնի աւելի աշխոյժ գործածութեան մէջ, երբ դժուարութիւն ունինք բազմաթիւ գիտական, համացանցային, փորձագիտական եւ ընդհանրապէս արդի եզրերու արեւմտահայերէն արտայայտութիւնները գտնելու: Չէ՞ք կարծեր, որ կարիքը կայ նոր, ժամանակակից եւ բոլոր սերունդներուն կողմէ ընդուելի բառարանի մը պատրաստութեան:

-Յետդպրոցական մեր կեանքին մէջ երիտասարդութիւնը համախումբ պահելու մեր աւանդական միջոցները շատ լաւ ծանօթ են բոլորին ու տակաւին կը գործեն միութենական շրջանակները: Կան կուսակցական-գաղափարական պատանեկան եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններ, սկաուտական ու մարմնամարզական միութիւններ, բարեսիրական երիտասարդական կառոյցներ, եկեղեցիներու յարակից ստեղծուած պատանեկան եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններ, սանուց կամ շրջանաւարտից միութիւններ, որոշ գաղութներու մէջ կան հայ համալսարականներու զանազան միութիւններ, մշակութային տարբեր գունաւորումով միութիւններ: Ասոնք կը համախմբեն մեր երիտասարդութիւնը։ Սփիւռքի պատմութեան մէջ մենք չենք մոռնար ասոնց ստեղծած բարիքը, իրենց բուն առաքելութեան կողքին, օտարախօս ընկերներու համար հայերէնի դասընթացներ բանալով ու զանոնք հայերէնի վարժեցնելու տեսակէտէն: Երիտասարդական համախմբումները դպրոցի դեր կատարած են: Այսօր, սակայն, պատկերը փոխուած է, մեր երիտասարդութեան կարեւոր մէկ զանգուածը յետդպրոցական տարիներուն հեռու կը մնայ վերոյիշեալ բոլոր կառոյցներէն ու նոյնիսկ կը խորշի անոնցմէ: Ուշադիր նայեցէ՛ք ձեր շուրջը. փորձեցէք գտնել պատճառները, փորձեցէք բանալ երիտասարդները ձեզի բերող ճամբաները: Ես կը խորհիմ, որ մեր երիտասարդութիւնը այդ շրջանակներէն ներս խօսքի ու գործի կաշկանդումներ ունի, կամքը արտայայտելու մթնոլորտի նեղացում։ Այդպէս է, հակառակ անոր, որ այսօր համախմբում կազմակերպելու միջոցները աւելի հեշտ են, աւելի արագ: Բայց կայ այլընտրանք: Մեր ժամանակներուն մէջ կան համախմբումներու նոր ձեւեր. օրինակ՝ Հալէպի մէջ կային սուրիահայ գրողներու, համալսարաններէ շրջանաւարտներու, նկարիչներու համախմբումներ եւ այլն: Համախմբումներ կրնան ըլլալ տարբեր մասնագիտութիւններով երիտասարդներու՝ իրաւաբաններու, բժիշկներու, երկրաչափ ճարտարապետներու խմբաւորումներ, ուր մարդիկ աւելի ազատ ու ստեղծագործ կրնան ըլլալ։ Ու դեռ անհրաժեշտ են տարբեր խմբաւորումներու կեդրոնական մարմին ու կայք, որ գլխաւորաբար հայերէն լեզուով ու հանրամատչելի ձեւով խօսի տուեալ գիտութեան, մեր գիտնականներուն եւ անոնց ձեռքբերումներուն մասին՝ կենդանի պահելով հայերէնի մէջ այդ գիտութիւններուն հիմնաբառերը: Այդ գետնին վրայ շատ կարեւոր դեր ունի նաեւ հայ աւանդական մամուլը, թղթային թէ առցանց, որ իր գիտական, երաժշտական, մարզական, բժշկական, ճարտարագիտական, նոյնիսկ խոհանոցային մեզի ծանօթ աւանդական էջերը պէտք է կարենայ վերաթարմացնել, հրապուրիչ դարձնել՝ լեզուական բաց մըն ալ գոցելու անհրաժեշտութեամբ: Ինք պէտք է ստեղծէ իր ընթերցողը, ունկնդիրը եւ ակնդիրը՝ արդի մամուլի հասկացողութեամբ եւ ոչ թէ դժգոհի անոնց բացակայութենէն: Ընթերցողը չի փնտռեր քեզ: Դուք պիտի փնտռէք ու գտնէք զայն:

Տագնապը կայ, միշտ ալ եղած է ու պիտի ըլլայ, բայց ես երբեք չեմ հասկնար, թէ ինչո՛ւ է պարբերաբար գլուխ ցցող յուսալքումը: Արեւմտահայերէնի պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ինչ ուժեղ թափով արթնութեան ալիքներ ոտքի հանած են մեզ ու մեր լեզուն։ Վերջին երեսուն տարիներուն մենք մեծ թերացում ունեցանք մեր կրթական ու մշակութային կեանքին մէջ: Հայաստանակեդրոն միտում մը մեր կրթական կեանքին հանդէպ պատասխանատուութիւններ ունեցող կազմակերպութիւնները հայրենիքի մէջ իրենց տունը շինելու նախանձախնդրութեամբ մեր նիւթական միջոցները հոն հոսեցուցին: Այսօր բոլորը հոն են, Հայաստան են. Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, Մխիթարեան միաբանութիւնը, Աւետարանչականը, Համազգայինը, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը, ՀՄԸՄ-ը, Օգնութեան խաչը, մեր աւանդական բոլոր կուսակցութիւնները: Չեմ ըսեր լքեցին սփիւռքը, բայց պահ մը անտեսեցին: Հայ դպրոցը զրկուեցաւ իրեն թիկունք կեցող հաստատութիւններուն, միութիւններուն անմիջական ներկայութենէն: Հայ դպրոցի բարերարներուն թիւը եւ կարողականութիւնը նուազեցան վերջին երեսուն տարիներուն: Եւ այս բանին հետեւանքով ալ այս երեսուն տարիներուն մենք շատ կարեւոր դպրոցներ կորսնցուցինք հոն, ուր պէտք է տակաւին գործէին անոնք: Պէտք է սթափինք։ Հայ դպրոցի եւ հայերէնի պահպանման համար միակ պատասխանատուն, նուիրատուն, բարերարը, հոգաբարձուն, ուսուցիչը եւ հովանաւորը սփիւռքահայն է: Այլմոլորակայիններ մեզի օգնութեան պիտի չհասնին: Առանց դպրոցի ու հայ լեզուի մենք կրնանք կորսնցնել նաեւ հայրենիքի ճամբան, որուն մասին այնքա՜ն կը խօսինք: Բայց որպէսզի մեր խօսքը արժէք ունենայ, մենք նախ մեր սփիւռքահայ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեամբ ու հայ դպրոցով աւելի պիտի հետաքրքրուինք:

Երկու խօսք բառարաններու մասին. գիտէք, բազմաթիւ բառարաններ կը հրատարակուին, բառացանկեր՝ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Հայաստանի մէջ, խոհանոցային բառացանկեր, գիտական բառացանկեր, ռազմական բառացանկեր, նոր բառեր՝ սփիւռքահայ մամուլէն ընտրուած, նոյնիսկ արեւմտահայ բառարաններ՝ Հայաստանի մէջ: Ես կը կարծեմ, թէ այդ բոլորը չեն կրնար գործնական նպատակներ հետապնդել, գործնական բառարաններ չեն: Մենք պիտի ընդունինք, որ սփիւռքի մէջ մեր ամենէն սիրելի եւ փնտռուած գործնական բառարանը հայր Անդրանիկ Կռանեանի գործնական բառարանը եղաւ, բայց ան ալ ժամանակավրէպ դառնալու վրայ է: Անոր մէջ երկու բացեր կան. այսօրուան մեր գրիչը շարժող տղան կը հարցնէ՝ «Ես այս բառը ի՞նչ ձեւով գործածեմ, հոլովական ո՞ր մէկ տարբերակով, բայական ո՞ր մէկ տարբերակով»: Սկսա՞յ գրել, թէ սկսեցայ, «Իտալիայի՞» գրեմ, թէ «Իտալիոյ»: Եւ այսպիսի բազում, բազում հարցեր: Եթէ մեր բառարանը չուղղորդէ ընթերցողը բառի քերականական ձեւերուն, շարահիւսական կարելիութիւններուն, յատկութիւններուն մասին, շատ գործնական նպատակ պիտի չունենայ: Ի՞նչ կը նշանակէ բառարան միայն իմաստաբանական առումով:

-Այս իմաստով աշխատանքներ կա՞ն:

-Անշուշտ կան: Ներկայիս կան շտեմարաններ: Վերջերս միտում կայ հայերէնի համընդհանուր բառապաշարը ամփոփելու ելեկտրոնային մէկ բառարանի մէջ եւ ուզած բառդ դուն այդտեղ կը գտնես քերականական, շարահիւսական իր բոլոր յատկութիւններով: Բայց սփիւռքահայ աշակերտին համար այդ բառարանն ալ շատ օգտակար պիտի չըլլայ, որովհետեւ դժուար պիտի ըլլայ իրեն համար ատկէ օգտուիլը: Բայց մենք կրնանք ունենալ եւ պէտք է ունենանք հայր Անդրանիկ Կռանեանի բառարանին արդի մէկ տարբերակը, որուն մէջ քերականական յղումներու, շարահիւսական յատկանիշներու կողքին ըլլան նախադասութեան օրինակներ, որպէսզի բառիմաստը ընկալելի ըլլայ: Մեր բառարաններուն մէջ միայն հոմանիշներ կը տեսնենք, բայց այդ հոմանիշներէն իւրաքանչիւրը ունի իմաստային տարբեր երանգ, կիրառական տարբեր յատկութիւն: Հետեւաբար, պէտք է որ օգնենք մեր ընթերցողին, մեր բառարանին դիմողին: Եւ, երկրորդ, պէտք է աչալրջութեամբ հետեւինք արեւմտահայ գիտական գրականութեան, մամուլի էջերուն մէջ տեղ գտած գիտական յօդուածներուն, առանձին գիտութիւններու նուիրուած մենագրութիւններուն եւ ոչ թէ շինենք բառեր, այլ ստեղծուածը լաւագոյն ձեւով ընտրենք, եթէ պէտք է օտար բառը անպայման փոխարինել հայերէնով, դնել այդ բառը: Օրինակ՝ մենք մեր բառարանին մէջ ունինք թատրոն եւ ակադեմիա բառերը: Լաւ, ատոնք ալ օտար են: Արեւմտահայերէնը մաքրամոլութեան պէտք չէ դատապարտել: Շատերը կ՚ըսեն, թէ արեւմտահայերը մաքրամոլ են: Ես հարիւր տոկոսով ատոր հակառակ եմ: 19-րդ դարու արեւմտահայ մեր լեզուաշինարարները երբեք այդպէս չմօտեցան հարցին: Մենք ունինք այդ թուականներէն շատ բառեր, որոնք օտար են եւ մտած են մեր լեզուին մէջ, իրենց հաստատուն տեղը ունին, չենք կրնար զանոնք օտարել: Հետեւաբար, ես կը կարծեմ, թէ այդպիսի գործնական բառարան մը այդ երկու լրացումներով մեզի համար շատ անհրաժեշտ է:

-Բայց պէտք է ուշադիր ըլլանք միւս ծայրայեղութեան մէջ չիյնալու, արեւելահայերէնի ծայրայեղութեան մէջ, ուր շատ անգամ օտար բառեր կը կարդանք:

-Հոս այսպիսի հարց մը կայ. արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը մերձեցման ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուին: Որովհետեւ հայերէնը մէկ է մեր մտապատկերին մէջ: Մեզի համար չկայ երկու հայերէն. երբ հայերէն կ՚ըսենք, վե՛րջ, հայերէն է: Մեր գրական երկու տարբերակները չենք անջատեր որպէս անկախ, ինքնուրոյն, միւսին հակադրուող լեզուական միաւոր:

-Ո՛չ թէ իբրեւ հակադրութիւն, այլ պարզապէս օտարաբանութեան հարց...

-Արեւելահայերէնը խորհրդային շրջանէն սկսեալ մինչեւ հիմա զարգացման այնպիսի ճամբաներ ընտրած է, որ երբեք կապ չի հաստատեր արեւմտահայերէնի հետ, արեւմտահայերէնը հաշուի չ՚առներ: Քերականական փոփոխութիւններ կ՚ընդունուին լեզուին մէջ: Օրինակ՝ ժամանակին պատճառական բայի հրամայականը վերցո՛ւր էր, բայց յետոյ վերցրո՛ւ ձեւը ընդունեցին: Այսպիսով արեւելահայերէնը քայլ մը եւս հեռացաւ արեւմտահայերէնէն: Քերականական տարբերութիւններու կողքին արեւելահայերէնը շատ լայնօրէն իր դուռը բացաւ օտար բառերու դիմաց: Երէկ ռուսերէն էր, այսօր՝ անգլերէն: Այսինքն՝ լաբիւրինթոս մը կայ արեւելահայերէնի մէջ: Իրենք՝ արեւելահայերը կը դժգոհին այդ երեւոյթէն, բայց հետեւեալը կայ. արդիւնքը չ՚երեւիր: Մենք հրապարակի վրայ այդ արդիւնքը չենք տեսներ: Հեռատեսիլէն, մամուլին մէջ ամէն տեղ կայ այդ խառնիճաղանճ արեւելահայերէնը, նոյնիսկ քերականական լուրջ սայթաքումներով, որոնք ներելի չեն: Հիմա, բարեկամնե՛ր, եթէ մենք ալ արեւմտահայերէնին պիտի մօտենանք այդ ոճով, որուն ես հարիւր տոկոսով հակառակ եմ, կրնանք ընդունիլ քերականական նոր ձեւեր եւ օտար բառեր, ինչ որ մեզ շատ կը հեռացնէ իրարմէ: Որովհետեւ ես օտար բառը կ՚ընտրեմ ֆրանսերէնէ կամ անգլերէնէ, միւսը կ՚ընտրէ ռուսերէնէ: Այդ բառին հնչիւնը լրիւ կը տարբերի, տառադարձութիւնը կը տարբերի: Մենք ի՞նչ կ՚ունենանք, մեր ընդհանուր հայերէնին մէջ երկու հատ «պանք». մէկը պ-ով եւ ք-ով կը գրես, միւսը՝ բ-ով եւ կ-ով: Ասիկա պէտք է վերջ գտնէ: Օտար բառերու թիւի նուազում պէտք է արձանագրուի: Եւ դեռ ոչ միայն օտար բառերու՝ արեւմտա-եւրոպական եւ ռուսական, այլ նաեւ արեւելեան լեզուներու պատկանող բառերու հսկայ շարան մը կայ արեւելահայերէնի մէջ: Արեւմտահայը գիտէ այդ բառերը, որովհետեւ կը ճանչնայ թրքերէնը: Հետեւաբար, չի գործածեր իր աշխարհաբարին մէջ: Բայց արեւելահայը կորսնցուցած է կապը: Իրեն համար «հա՛մ այսպէս, հա՛մ այդպէս»ը հայերէն է, կամ հարիւրաւոր ուրիշ բառեր: Մերձեցում ապահովելը կարեւոր է: Մերձեցումը չի նշանակեր նոյնականացում: Պահենք մեր գրական լեզուներուն առանձնայատկութիւնները, բայց չհեռանանք իրարմէ: Բառեր փոխ տանք, բառեր փոխ առնենք: Այսօր, երբ ես հրապարակ իջնեմ ու թերթ գնեմ, հաւատացէ՛ք, շատ անգամ անոր լրատուական բաժինը չեմ հասկնար: Նոյնիսկ եթէ անգլերէն բառը ինծի ծանօթ է, մինչեւ անոր անգլերէն ըլլալը ես կռահեմ, արդէն հոգիս կ՚ելլէ: Կը նշանակէ, որ հոն լուրջ ընելիք կայ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2021