ՊԱՔՈՒԷՆ ԵՐԷԿ ԵՒՍ ԵՐԿՈՒ ՌԱԶՄԱԳԵՐԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԵՐԵՒԱՆ

Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ, երէկ, Ատրպէյճան երկու գերի վերադարձուց Հայաստանին։ Այսպէս, Պաքուէն օդանաւով Երեւան վերադարձան Արթուր Նալպանտեան եւ Արամայիս Տոռոզեան, որոնք անցեալ յուլիսի 14-ին Սիւնիքի մարզէն ներս, Սեւ լիճի տարածքին մէջ կորսուած էին խիտ մշուշի պայմաններուն ներքեւ։ Այդ օրէն ի վեր իրենցմէ լուր առնել հնարաւոր չէր եղած, իսկ Հայաստանի պատկան մարմիններն ալ տեղեկութիւններ չէին հաղորդած անոնց ճակատագրին մասին։ Երէկ ի վերջոյ անոնք վերադարձան Երեւան։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աղբիւրները «Արմէնփրէս» գործակալութեան տեղեկացուցին, որ այս երկու գերիներուն փոխարէն Երեւանն ալ Պաքուին յանձնած է Ատրպէյճանի բանակի զինուորներէն Ճամիլ Պապաեւը, որ օգոստոսի 25-ին սահմանը հատելով Արցախի Մարտակերտի շրջանի բնակարաններէն մէկուն մէջ յայտնուած էր։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Պաքու պատրաստ է կարգաւորել յարաբերութիւնները Երեւանի հետ՝ հիմնուելով միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ։ Ճէյհուն Պայրամով այս մասին յայտնած է Քաթարի Արտաքին գործոց նախարար Սուլթան պին Սաատ էլ Մուրէիի հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ։ «Հակառակ հարեւան երկրի կողմէ մեր դէմ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուած ակրեսիւ քաղաքականութեան՝ մենք պատրաստ ենք կարգաւորելու յարաբերութիւնները», ըսած է Պայրամով։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2021