ՄԱՐԻԱ ԶԱԽԱՐՈՎԱՅԻ ԽՕՍՔՈՎ՝ ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԸ ՄԵՂԱՐԴԵԼ ԲՈԼՈՐ ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ բանավէճը կը հասնի՝ մօտենալով լեզուակռիւի եզրագծին։ Հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց Հայաստանի ղեկավարութիւնը դիտումնաւոր ձեւով այս բանավէճը կը հրահրէ Ռուսաստանի հետ։
Երեւանի մէջ կազմակերպուած հայ-ռուսական մետիա ֆորումի մթնոլորտն ալ անմասն չմնաց այս բանավէճէն։ Ֆորումի մասնակիցներուն ուղղեալ ողջոյնի խօսքին մէջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ըսաւ. «Անընդունելի կը համարենք մեր ժողովուրդներուն միջեւ թշնամութիւն եւ ատելութիւն սերմանելու փորձերը՝ Ռուսաստանը մեղադրելով հայ ժողովուրդի բոլոր դժբախտութիւններուն համար»։ Ան յայտնեց, որ անընդունելի են Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի հասցէին հնչած մեղադրանքները։ Զախարովա յիշեցուց, որ Մոսկուան ու Երեւանը տարիներ շարունակ համագործակցած են արդիւնաւէտօրէն։ Ռուսաստան Հայաստանի տնտեսութեան հիմնական օտարերկրեայ ներդրողն է եւ անոր ուժանիւթի միջոցներ կը տրամադրէ արտօնեալ գիներով։
Վերջին օրերուն խնդրայարոյց օրակարգի մաս դարձած են նաեւ Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համատեղ զօրավարժութիւնները, որոնք պիտի սկսին յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ ԹԱՍՍ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Հայաստան ՀԱՊԿ-ի անդամ է եւ մենք կը շարունակենք այս իրականութիւնը մեկնակէտ ունենալ։ Մոսկուան եւ Երեւանը կը շարունակեն ամրապնդել ռազմական եւ քաղաքական համագործակցութիւնը։ Ան մեր դաշնակիցն է եւ անվտանգութեան ոլորտէն ներս մենք յոյսը կը դնենք իրարու վրայ։ Համոզուած եմ, թէ այս հաստատումը մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ որոշիչ պիտի ըլլայ տարիներ շարունակ»։
Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովն ալ երէկ հերթական անգամ խօսեցաւ այս համայնապատկերին վրայ։ Ըստ իրեն, Հայաստան-ԱՄՆ համատեղ ռազմափորձերը չեն նպաստեր տարածաշրջանէն ներս իրավիճակի կայունացման։
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պարոյր Յովհաննիսեանն ալ երէկ յայտնեց, որ Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն չկայ եւ առայժմ օրակարգի վրայ չէ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հարցը։ Իր խօսքով՝ յարաբերութիւններուն մէջ կան տարաձայնութիւններ, քննարկումներ, բայց անկարելի է այնպէս մեկնաբանել, թէ առկայ է լարուածութիւն։
Փոխ-նախարար Յովհաննիսեանի այս դրական արտայայտութիւնները թէեւ խնդրայարոյց ըլլալէ բաւական հեռու էին, սակայն, «Սփութնիք Արմենիա» ռուսական գործակալութեան թղթակիցներուն երէկ ձերբակալուիլը նոր օղակ մը աւելցուց վերջին շրջանի լարուածութեան շղթային վրայ։