ՍԵՐՏ ԲԱՅՑ ԱՊԱՐԴԻՒՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Եուրի Քիմի հետ։ Զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր եւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը։ Արարատ Միրզոյեան վերահաստատեց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման դադրեցման անհրաժեշտութիւնը՝ ըստ 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութեան եւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումներուն։ Ընդգծուեցաւ Կարմիր խաչի՝ Լեռնային Ղարաբաղ անխափան մուտքի եւ մարդասիրական գործունէութեան ապահովման կարեւորութիւնը։ Արարատ Միրզոյեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ այս ընթացքին որդեգրուած ապակառուցողական վարքագծին, իր իսկ կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւններուն եւ միջազգային հանրութեան յստակ կոչերուն դէմ անարգանքին, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս էթնիք զտումներ իրականացնելու ուղղեալ համակարգային քաղաքականութեան։ Մատնանշուեցաւ նաեւ Ստեփանակերտ-Պաքու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ քննարկումներու համար միջազգային գործուն դրութեան մը հաստատման անհրաժեշտութիւնը։

Մինչ այդ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէսով Երեւան պատասխանեց Պաքուի այն յայտարարութեան, որ կատարուած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, նախընթաց օր, կառավարութեան ժողովի բացման ժամանակ արտայայտուած խօսքերուն փոխարէն։ «Հայաստան Ատրպէյճանէն որեւէ տարածքային պահանջ չունի եւ նոյնը կ՚ակնկալէ Ատրպէյճանէն», նշուեցաւ երէկուան յայտարարութեան մէջ։

Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ) պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս ունեցաւ բարձր մակարդակի վրայ շփումներ։ Այսպէս, ան մասնաւորապէս տեսակցեցաւ ԱՄԷ-ի արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ պին Զաիտ էլ Նահիանի հետ։ Այս հանդիպման ընթացքին ալ, երկկողմանի օրակարգի նիւթերուն անդրադառնալու առընթեր, Միրզոյեան պաշտօնակցին ներկայացուց Հարաւային Կովկասէ ներս առկայ անվտանգային իրավիճակն ու հայկական կողմին տեսլականը խաղաղութեան ու կայունութեան հասնելու ուղղութեամբ։ Նախարարը խօսեցաւ նաեւ պաշարեալ Արցախի վիճակին շուրջ ու շեշտեց, որ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռներուն Ատրպէյճանի կողմէ իրականացումը անհրաժեշտ է։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2023